Միամեայ կրթական ծրագիրը ամբողջացնելէ եւ հետեւողական փորձեր կատարելէ ետք, չորեքշաբթի, 27 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Հէյ ջան, ղափամա» թատերախաղը:
«Հէյ ջան, ղափամա»-ն կը ներկայացնէ հայ ընտանիք մը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ խնամիները: Տարբեր երկիրներէ ազգականները ժամանած են, սակայն ոչ ոք օգտակար կը դառնայ մօրը` Անահիտին, որպէսզի պատրաստէ ղափաման: Հիւրերն ու տնեցիները զբաղած են իրենց երազներով, զարդարանքներով, առօրեայով եւ երբեք ճիգ չեն թափեր մասնակից դառնալու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մօր ուսերուն է ամբողջ գործը, որ կարողութիւնը չունի ղափամայի դդումը առանձին քաղելու, պատրաստելու, եփելու եւ ներկայացնելու:
Տարբեր երկիրներէ եւ միջավայրէ հաւաքուած ընտանիքին անդամներուն տարբերութիւններն ու իւրայատկութիւնները կը բացայայտուին տարբեր տեսարաններու մէջ: Լեզուական տարբերութիւններէն մինչեւ ապրելակերպի եւ մտածելակերպի զանազանութիւնները կ՛երեւին պատկերներու մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ աշխարհասփիւռ հայութեան իրավիճակը: Դժուարութիւններով կը պատրաստուի ղափաման, երբ այս խառն վիճակին մէջ յանկարծ կը ժամանեն խնամիները, որոնք կենցաղային լաւ պայմաններով ու մեծ նուէրներով կը փորձեն դառնալ գրաւիչ եւ ընդունելի: Աւանդական ընտանիքի իրարանցումն ու բարեկեցիկ ընտանիքի ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին, երբ աւարտին ղափամային շուրջ կը ստեղծուի տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտ…
Ներկայացումի հեղինակն ու բեմադրիչն է Սիլվա Սողոմոնեան: Երգերու ձայնագրութիւնը կատարած է Շանթ Տիշչէքէնեան, բեմայարդարումը` Վազգէն Մուղալեան, իսկ տարազներու պատասխանատուն է Նայիրի Ալեքսանդրեան-Կէօզիւպէյիւքեան:
Դերակատարներն են` Լիմ Քենտիրճեան, Յարութ Օղկասեան, Սեւանայ Կարապետեան, Վանայ Կարապետեան, Նարօտ Գաբրիէլեան, Քամի Աշգարեան, Աւետ Գէորգեան, Կարին Այվազեան, Դրաստամատ Շէօհմէլեան, Արիա Նիկողոսեան, Սոնիա Սահակեան, Դալար Բակլայեան, Փաթիլ Վարդանեան, Վանայ Սրուրեան, Հայ Արի Սահակեան, Դրօ Դաւիթ Քենտիրճեան, Կալիա Գարկայեան, Յակոբ Լօշխաճեան, Շանթ Բենօ Թոնդեան, Կարէն Աբանեան, Համբիկ Վարդանեան, Անժելինա Շմելի, Տեսիլ Տեմիրճեան, Աննա Մարիա Նատեր, Ալեքսիա Նատեր, Անի Լօշխաճեան, Լոռի Լօշխաճեան, Էմմա Արթուն, Վանի Գարամանուկեան եւ Սիել Խանճեան: Իսկ հանդիսավարներն են` Սիել Խանճեան, Վայք Տէր Պետրոսեան եւ Կառնի Տէր Պետրոսեան:
Շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան աւարտին սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած հանդիսատեսները գնահատեցին այսօրուան տագնապալի պայմաններուն մէջ դպրոցին իւրայատուկ ներկայացումը, ինչպէս նաեւ` բեմադրիչին, օժանդակ յանձնախումբին եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան աշխատանքը:
Յայտնենք, որ ներկայացումէն առաջ ներկաներուն բաժնուեցան գրքոյկներ, որոնց մէջ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Արեգ»-ը արդէն իսկ իր շուրջը համախմբած է թատրոնի համար «մեծ խումբ», որուն անդամներուն «թատրոնին մօտ» պահելու պատասխանատուութիւնը բոլորին է, անխտի՛ր: Վարչական ու գեղարուեստի պատասխանատուներէն մինչեւ ծնողներ` բոլորն ալ պէտք է ճիգ թափեն, որպէսզի այսօրուան արեգականները վաղը ըլլան իփէկեանականներ` մաս կազմելով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին: Այս է «Արեգ»-ի յաջողութեան գլխաւոր ցուցանիշը, որ պէտք է իրականութեան վերածուի»:
Յայտնենք, որ երեքշաբթի, 26 մայիսին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, տեղի ունեցան «Հէյ ջան, ղափամա» թատերախաղի աշակերտական երկու ներկայացումները` ներկայութեամբ լիբանանահայ 13 վարժարաններէ աւելի քան ութ հարիւր աշակերտներու: Աշակերտական երկու ներկայացումներուն հանդիսատեսները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան թատերախաղին եւ ծափահարութիւններով քաջալերեցին փոքրիկ դերասանները, որոնք լիբանանահայ թատերաբեմի ապագայ եւ խոստմնալից սերունդն են:










