Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

June 1, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան երեք աբեղաներ` Արմէն աբղ. Գալաճեան, Առաքել աբղ. Գատէհճեան եւ. Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան, ներկայացուցին վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս 24 մայիս 2026-ի կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին, ստացան վարդապետական չորս աստիճաններ` ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի:

Արարողութեան ընթացքին սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին` միաբերան արտասանելով Հաւատոյ դաւանանքը:

Աւարտին սրբազան հայրը արտասանեց իր քարոզը, որուն մեկնակէտը Հոգեգալստեան տօնն էր: «Այսօր, Սուրբ Հոգիին գալստեան տօնին ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հաղորդակից դառնալու մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ մասնակից` կատարուած վարդապետական իշխանութեան յատուկ կարգի տուչութեան արարողութեան», ըսաւ ան: Մանրամասնելով Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը` ձեռնադրիչ սրբազան հայրը նշեց, որ Հոգեգալուստը ժամանակին մէջ սոսկ պահ մը չէր, այլ Աստուծոյ Հոգիին բռնկումն էր հաւատացեալներու սիրտին մէջ` զօրացնելու զանոնք, որպէսզի տարածեն Իր պատգամը: Մինչեւ այդ պահը առաքեալները վախի ու անորոշութեան մէջ էին, սակայն Սուրբ Հոգւոյ գալուստով անոնք զօրացան եւ սպառազինուեցան իրենց առաքելութեան համար», ըսաւ ան:

Մակար արքեպիսկոպոս նաեւ բացատրեց, որ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալները սկիզբը գացին եւ խոստովանեցան իրենց տկարութիւնն ու անարժանութիւնը` ի դիմաց աստուածատուր կոչումին, բայց Աստուած զանոնք առաքեց` զօրութիւն հագցնելով եւ ամրացնելով: Հոգեգալուստը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ նաեւ` Եկեղեցւոյ ծնունդն էր, որուն շնորհիւ Եկեղեցին կը մեծնայ ու կ՛աճի, երբ հաւատացեալներ Սուրբ Հոգիով լեցուած են եւ ո՛չ թէ պարզապէս` գաղափարներով ու ծրագիրներով:

Ապա իր խօսքը ուղղելով վարդապետական իշխանութեան արժանացած երեք միաբան հայրերուն` քարոզիչ սրբազան հայրը ըսաւ. «Ինչպէս աստուածաշնչական դէմքերը` Մովսէսը, Եսային, Երեմիան, Յեսուն, առաքեալները եւ ուրիշներ Սուրբ Հոգիով լեցուած, զօրացած եւ իմաստնացած առաջնորդեցին ժողովուրդը դէպի Աստուած եւ խոստացեալ երկիր` վստահելով Աստուծոյ խօսքին, այնպէս ալ մենք այսօր կրնանք մեր կեանքին մէջ Հոգեգալուստը ծառայութեան եւ ուսուցման միջոցով արտայայտել»: Ան յորդորեց նորընծայ վարդապետները` հաւատքով ընդունելու Աստուծոյ կանչը, խոնարհութեամբ աղօթելու, վստահութեամբ ու յոյսով սպասելու Տիրոջ օգնութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ համայնքի հասկացողութեամբ ապրելու եւ ծառայելու: «Յիշեցէ՛ք, որ վարդապետական իշխանութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է ո՛չ թէ իշխանութեան կամ պատիւի համար, այլ` Աստուծոյ կամքը, ծրագիրն ու առաքելութիւնը իրականացնելու համար» ըսելով` եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը:

Վերջապէս, սրբազան հայրը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան, նորընծայ վարդապետներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ նորընծաներուն` Հայ եկեղեցին երեք նոր վարդապետներով աճելուն ու հարստանալուն առիթով:

Սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

Նշենք, որ շաբաթ, 23 մայիս 2026-ի երեկոյեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ աբեղաները, ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի ընծայարանական աշակերտներուն, ներկայացուցին իրենց վարդապետական աւարտաճառերը: Արմէն վրդ. Գալաճեանի նիւթն էր` «Եկեղեցական սպասներ», Առաքել վրդ. Գատէհճեանինը` «Ջուրը Աստուածաշունչ մատեանին եւ Հայ եկեղեցւոյ ծէսին մէջ», եւ Ազատ վրդ. Ֆիլիքեանինը` «Հայ եկեղեցւոյ պատարագի զգեստները»: Աւարտին կաթողիկոսը, իր թելադրութիւններն ու նշումները կատարելէ ետք, գնահատեց միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը` ընդգծելով հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ինքնաշխատութեամբ յոյժ կարեւորութիւնը: Ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու անոր միաբանութիւնը:

Նախորդը

Յունիսեան Նախընտրական Հարցումը 2021-ին Եւ Հիմա (Սփիւռքեան Դիտանկիւն)

Յաջորդը

Թենիս. Ռոլան Կարոսի Առաջին Շաբաթը` Մեծ Անակնկալներով

RelatedPosts

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին
Գաղութային

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին

November 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.