Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

28 Մայիսը Տօնն Է Վերանկախացած Հայաստանին

May 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ հայկական վերջին պետութիւնը` Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, վերջ գտաւ 11-րդ դարու կէսերուն, 1045 թուականին: Բագրատունեաց թագաւորութեան տեւողութեան գոյութիւն ունէին բազմաթիւ փոքր թագաւորութիւններ, որոնցմէ ոմանք շարունակեցին գոյատեւել որոշ ժամանակ: Աւելի ուշ, Հայաստանի զանազան կողմերը, նաեւ Հայաստանի մերձակայ վայրերուն մէջ ստեղծուեցան անկախ կամ կիսանկախ այլազան պետական կազմաւորումներ` իշխանապետութիւններ եւ ինքնավար շրջաններ: Վերջինները կարելի չէ լիիրաւ հայկական պետութիւններ համարել: Բացառութիւն կը կազմէ Կիլիկիոյ հայկական պետութիւնը, Հայկական Լեռնաշխարհէն դուրս ստեղծուած 1080-ին` իբրեւ իշխանապետութիւն, ապա դարձած թագաւորութիւն եւ իբրեւ անկախ միաւոր գոյատեւած շուրջ 300 տարի, մինչեւ 1375: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ անկախ պետականութեան կորուստի հինգուկէս դարերու ընթացքին փորձեր եղած են վերականգնելու զայն, պայքարներ մղուած են երբեմն մասնակի փոքր արդիւնքներով, սակայն` պատրանաթափութիւններով եւ ձախողումներով յատկանշուած:

Պէտք եղաւ սպասելու հինգուկէս դարեր, որպէսզի Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ փոքր տարածքին վրայ, պարտութիւններու շարանի մը յաջորդած յաղթական պոռթկումի մը իբրեւ ծնունդ` գոյանար հայկական անկախ պետականութիւն մը` 28 մայիս 1918-ի անկախութիւնը: Անկախութիւն, որ աւա՜ղ պիտի գոյատեւէր միայն երկուքուկէս տարի` 30 ամիս, 28 մայիս 1918-էն 2 դեկտեմբեր 1920. 1920 թուականի վերջերուն քեմալական Թուրքիա եւ Խորհրդային Ռուսիա իրարու մէջ բաժնեցին Հայկական Լեռնաշխարհը:

70 տարիներու ընդմիջումէ մը ետք, Խորհրդային Ռուսիոյ հովանին վայելող ու հանրապետութիւն անունը կրող, 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան հողամասին մեծագոյն մասին վրայ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: 21 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը առնչութիւն ունի՞ 28 մայիս 1918-ի անկախութեան հետ: Անցնող 35 տարիներու ընթացքին որդեգրուած երեք սահմանադրութիւնները ունին կարճ նախաբան մը, որ գրեթէ անփոփոխ մնացած է: 2017-ին հանրաքուէով որդեգրուած այժմ գործող սահմանադրութեան նախաբանը կը սկսի այսպէս. «Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի Անկախութեան մասին հռչակագրում հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները, իրականացրած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիների սուրբ պատգամը…»: Պատմականութիւնը պահպանուած է, անկախութեան նպատակին համազգային բնոյթը` շեշտուած: Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէ 23 օգոստոս 1990-ի տակաւին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին (խորհրդարան) կողմէ որդեգրուած Հայաստանի Անկախութեան մասին հռչակագիրը` ի միջի այլոց. «Զարգացնելով 1918 թուականի մայիս 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, խնդիր դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը…»: Յղումը որոշակի է, աներկբայ:

«Ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիների սուրբ պատգամը» եւ «1918 մայիս 28-ին ստեղծուած  Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները» հակասութեան մէջ են «իրական Հայաստանի» ապազգային, շինծու «գաղափարաբանութեան» հետ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր ներքին տրամաբանութիւնը ունի. յաղթանակներն ու պարտութիւնները եղած են օղակները «ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամին», այդ սուրբ պատգամով ջրդեղուած է երբեք չխմբագրուած, բայց գործնապէս առարկայականացած հայոց ազգային գաղափարախօսութիւնը` միացեալ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը:

Մայիս 28-ի տօնը միայն «հանրապետութեան» տօն չէ, վերածնուած անկախութեան տօնն է: Ներկայ Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան գաղափարական հիմքը դրուած է 28 մայիս 1918-ին: 70 տարիներու խորհրդային իշխանութիւնը փակագիծ մըն է, որ չյաջողեցաւ համոզել հայ ժողովուրդը, որ` լուծուած է Հայ դատը, որ` հայ ժողովուրդը իրականացուցած է իր ազատութեան երազը: Իրական Հայաստանի 70 տարի տեւած ու ձախողած նախադէպն է Խորհրդային Հայաստանը: Ազգային գաղափարախօսութիւնը Հայոց պատմութեան անսահմանելի ներքին տրամաբանութեան խորհրդաւոր դրսեւորումն է, որ դէպքերն ու ժամանակաւոր արարքները կրնան երբեմն քողարկել, սակայն չեն կրնար ընդմիշտ վերացնել:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժառանգորդն է 28 մայիս 1918-ի ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանին:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Լիարժէք Իրաւաժառանգորդը Դառնալու Համար

Յաջորդը

Մայիս 28 (Տարեդարձ` Անկախութեան Եւ Հանրապետութեան Հռչակումին)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.