Տասնեակ տարիներէ ի վեր զաւակներս կը պնդեն, որ պէտք է մեր տունն ու տեղը ձգենք ու գաղթենք այլեւս: Ես դէմ էի այդ գաղափարին, չէի ուզեր այդ քայլը առնել: «Քիչ մըն ալ համբերենք,- կ՛ըսէի,- աս ալ կ՛անցնի»: Կ՛ուզէի զիրենք քաջալերել, համոզել եւ համբերութիւն ներշնչել իրենց: Համոզել ու հաւատացնել, բայց չէ՞ որ ես մայր եմ ու պէտք է զօրաւոր մնամ:
Եկուր տես, որ դժուարութիւն մը կ՛աւարտի, ուրիշ դժուարութիւն մը կը ծագի: Այդ դժուարութիւններու շարանը զաւակներուս համբերութեան բաժակը յորդեցուց: Կը խոստովանիմ, որ անոնք իրաւացի էին: Աս ալ կ՛անցնի, ան ալ կ՛անցնի… սակայն անոնց երիտասարդութիւնն ալ այդ դժուարութիւններուն հետ անցաւ: Ալ ինչի՞ն համբերել, հետզհետէ պայմանները աւելի ու աւելի կը դժուարանային:
Որոշումը վերջնական էր: Ետդարձ չկար: Մէկ ամսուան ընթացքին պէտք էր մեկնելու պատրաստ ըլլայինք:
Ճամպրուկս ինչպէ՞ս պատրաստեմ, ի՞նչ կրնամ տեղաւորել անոր մէջ, ընդամէնը երեսուն քիլոյի իրաւունք ունիմ: Չորս կողմս կը դիտեմ… ի՞նչ ընել, ուրկէ՞ սկսիլ: Տան իրերէն, կահաւորումէն, գիրքերէն, պատկերներէն եւ դեռ ինչերէ՜ ու ինչերէ՜: Քառասուն տարուան պատմութիւն ունեցող տուն է, ի՛նչ ըսես` հոն չկար: Ամէն մէկ առարկայ, որ աչքէս կ՛անցնի, պատմութիւն մը ունի: Երբեմն ուրախ ժամերու վկաներն են անոնք, երբեմն ալ` դժուար: Այդ բոլորը դիւրին տուն չեկան: Ես ու գաղտնիքներուս պահարանը միայն, Աստուծոյ հետ միասին, գիտենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս եկած են:
Զաւակներս` ի տես իմ իրար անցած վիճակիս, թէ` այսքան առարկայ ի՞նչ պիտի ընեմ, միշտ շփոթած ու իրար անցած կ’ըսէին.
– Մա՛մ, ուրիշին տո՛ւր կամ ծախէ՛, շատ մի՛ մտածեր, կամ ալ թափէ՛:
Խօսիլը դիւրին էր, բայց անոնց խօսքերը ո՛չ կրնային զիս համոզել, ո՛չ ալ վիճակս մեղմացնել ու զիս հանգստացնել:
Վիճակս աւելի բարդացաւ: Օրուան ընթացքին անգամ մը պահարանիս առջեւ կեցած, անգամ մը գրադարանին, խոհանոցին մէջ կանգնած` կը փորձեմ նուազագոյն իրերը վերցնել: Կը մտածեմ` ինչ որ հետս չեմ կրնար տանիլ հարազատներու ու ծանօթներու առաջարկեմ, որ գան ու առնեն, սակայն կը յիշեմ անոնց խօսքերը, թէ ամէն մէկը չի գիտեր ինչպէ՛ս ձերբազատիլ իր ունեցածէն:
Գիշերներն ալ միտքս կը շարունակէր իր աշխատանքը, փոխանակ քնանալու, անկողինիս մէջ անգամ մը աջ, անգամ մը ձախ կը դառնայի, գիշերանոցս ալ հետս կը դառնար, կ՛ոլորուէր` նեղութիւն պատճառելով ինծի: Աչքերս կը փակէի, խիստ փափաք ու կարիք ունէի քնանալու, բայց ուղեղս կը մերժէր քնանալ ու հանգստանալ: Տանս առարկաները գլխուս մէջ շքերթ կազմակերպած էին, սկսած` ամէնէն փոքր իրէն, մինչեւ ամէնէն մեծը կը տողանցէին մտքիս մէջ: Ի՞նչ պիտի ընէի` տան վերմակները, ծածկոցները, սաւանները, հագուստներս, վերարկուներս, վզնոցներս եւ ձեռնոցներս, զորս շատ կը սիրեմ ու յատուկ յուշեր ունին սրտիս մէջ:
Միտքս խաբելու համար քանի~ քանի՛ անգամներ կրկնեցի` «Ա՛լ պիտի չմտածեմ»: Հազիւ քունը կը տանէր, այս անգամ երազիս մէջ կը տեսնէի տանս մեծ կտորներու բլուրին վրայ նստած, խոշոր, շատ խոշոր ճամպրուկի մէջ կը տեղաւորեմ իրերս, կամ գրադարանիս ծանր գիրքերը շալկած` կը փորձեմ տեղաւորել ճամպրուկիս մէջ: Ծանր ճամպրուկները կը փորձեմ շալկել, քաշքշել, բայց անոնք ինձմէ աւելի ծանր կը դառնան… Անկողինէս վեր կը ցատկէի, սրտիս արագ տրոփումով, քրտնած ու շնչահեղձ: Խորունկ շունչ կը քաշէի, կը խաչակնքէի, գլուխս կրկին բարձին կը դնէի լիայոյս, որ կրկին աչքերս կրնամ փակել ու քնանալ:
Զաւակներս սկսան առողջութեամբս մտահոգուիլ:
– Մա՛մ, շատ մի՛ մտածեր, առողջութիւնդ ամէն ինչէ առաջ դասէ՛: Թափէ՛ կամ ալ տան մէջ ձգէ՛ ու յառաջ նայէ՛:
Ա՜խ, ինչպէ՞ս: Եթէ լեզու ունենային այս իրերը, ամէն մէկ կտոր պիտի խօսէր իր յուշերուն եւ պատմութիւններուն մասին: Մեր լուսանկարներէն սկսեալ, զաւակներուս մանկութեան բոլոր յուշերը` դպրոցական յուշերը մարմնաւորող թուղթ ու նկար, վկայականներ, գնահատագիրներ, իրենց միութենական աշխուժ կեանքի յուշեր, բանակումներ եւ դեռ ինչե՜ր ինչեր:
Շատ մտածեցի եւ միտքս չարչարեցի: Երբ հետզհետէ զգացի, որ առողջութիւնս սկսաւ տուժել, շատ յստակ որոշում տուի` կշիռքի դնելով առողջութիւնս եւ կեանքի յուշերն ու իրերը: Առողջութիւնս առաջնահերթութիւն էր: Ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըլլայ, թող ամէն ինչ ծախու դրուի, նոյնիսկ թափուի, կամ տան մէջ մնայ ու փոշիներու տակ փճանայ:
Յուշերս ծախու են, վերջակէտ, նոր տող, գլխագիր: Գաղափարը ընդունեցի եւ յանձնուեցայ:
Ճար չկայ, պէտք է համոզուիլ:
Վաղը, երբ ճամբորդենք, ինչե՜ր պէտք պիտի ունենամ ու կրկին դրամ պիտի դնեմ նորը առնելու համար, գուցէ դրամ ունենամ նորը առնելու, գուցէ ո՛չ: Բայց ի՞նչ հարց, ունեցածովս կը բաւարարուիմ: Կարեւորը առողջ ու ապահով ապրելու ձգտումն է: Կրկին ծիծեռնակի նման բոյն պիտի շինեմ, պիտի շինեմ ու երգեմ եւ ուրախութեամբ պիտի երգեմ: Հակառակ անոր որ մտքիս մէջ հարցադրումը զիս պիտի անհանգստացնէ յաճախ` արդեօք նոր յուշեր պիտի կարենա՞մ կերտել հոն, արդեօք նոր յոյսեր եւ փայլուն ապագայ պիտի կարենա՞մ կերտել հոն, ո՞վ գիտէ…



