Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Առաջնորդ Վերընտրուեցաւ
16 մայիսին իր աւարտին հասաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը` երեք օրուան աշխատանքներէ ետք: Ժողովը վերընտրեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը` պաշտօնավարութեան երրորդ քառամեակի մը համար: Ընտրութիւնը պէտք է վաւերացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի կողմէ: Սրբազան հայրը թեմի առաջնորդն է 2018-էն ի վեր:
Երեսփոխանական ժողովի եզրափակիչ նիստին տեղի ունեցան նաեւ Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու մասնակի ընտրութիւններ: Կրօնական ժողովի անդամներ ընտրուեցան` Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան եւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան, իսկ Քաղաքական ժողովի անդամներ` գնդ. Արամ Սարաֆեան (վերընտրեալ), Յակոբ Ա. սրկ. Խաչատուրեան (վերընտրեալ), Րաֆֆի Սամքիրանեան եւ Ալպըրթ Սուլթանեան: Այս ընտրութիւններն ալ ենթակայ են վեհափառ հայրապետի վաւերացման:
Լոյս Տեսաւ Վահէ Պէրպէրեանի «Նամակներ Զաաթարէն» Վէպին Անգլերէն Թարգմանութիւնը
Վերջերս լոյս տեսաւ Վահէ Պէրպէրեանի բարձր գնահատուած եւ հայերէնով երեք տպագրութիւններու արժանացած «Նամակներ Զաաթարէն» վէպին անգլերէն թարգմանութիւնը` «Letters From Zaatar»-ը, որ տրամադրելի է «Amazon»-էն: Թարգմանութիւնը կատարուած է հեղինակին կողմէ, որ նաեւ վերամշակած է գործը: Վէպը, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1996-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ բնակող միջին տարիքի ճարտարապետի մը` Զոհրապ Անմահունիի, որ իբրեւ հիւպատոս կ՛ուղարկուի Զաաթար անունով եւ աշխարհէն բոլորովին կտրուած երկիր մը: Հաւատքով եւ ինքնավստահութեամբ զինուած` Անմահունի երկար ատեն կը փորձէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը արդարացնել, սակայն իր խանդավառութիւնը կը մարի, երբ իր կինն ու երախաները կը լքեն զինք, ու հետզհետէ կ՛անդրադառնայ, որ զինք առաքողները իր գոյութիւնն իսկ մոռցած են:
Քանատա
Քանատայի Հայոց Թեմը Աւարտեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը
Քանատայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական 69/26-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-2 մայիս 2026-ին, Քեմպրիճի մէջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Նշան եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:
Սրբազան հայրը ժողովին բացումը աղօթքով կատարելէ ետք, կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին յղած օրհնութեան գիրը եւ ապա արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը:
Այնուհետեւ ընտրուեցան ժողովի դիւանի անդամները:
Ժողովը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին` մաղթելով Սուրբ Աթոռին անսասանութիւն եւ կաթողիկոսին երկար գահակալութիւն:
Ժողովը բարձր գնահատեց թեմի առաջնորդ` Բաբգէն արք. Չարեանի առաջնորդական 10-ամեայ ծառայութիւնը եւ յատկապէս շնորհաւորեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը ու քահանայական ծառայութեան 42-ամեակը, ինչպէս նաեւ գերազանցօրէն գնահատեց թեմին գործադիր մարմիններու` Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան միամեայ բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս` քրիստոնէական դաստիարակութեան, հայեցի դաստիարակութեան, ուսումնագիտական եւ մարդասիրական աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Ժողովը յատուկ կերպով իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ազգային առաջնորդարանի կողմէ հովանաւորուած Թորոնթոյի Tyndale համալսարանի մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքի յաջող գործընթացին:
Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ օրերուն Միջին Արեւելքէն ներս տիրող պատերազմական, տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներուն, յատկապէս` հայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց, նաեւ խիստ դատապարտեց հայրենիքի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ տարուած ապազգային եւ անհիմն պայքարը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու հայ եկեղեցականներուն դէմ, ինչպէս նաեւ խիստ դատապարտեց իշխանութեան լռութիւնն ու անտարբերութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային կոթողներու եւ ազգային ու կրօնական արժէքներու կործանման արարքին նկատմամբ եւ անվերապահօրէն պահանջեց հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւն:
Հանդիպում Գրող, Բանաստեղծ Եւ Բանասէր Գրիգոր Պըլըտեանի Հետ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին եւ «Բագին» գրական հանդէսին, 7 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանդիպում Գրիգոր Պըլըտեանի հետ» գրական ձեռնարկը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նանօր Աշնա Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Րաֆֆի Աճեմեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Պըլըտեանի կենսագրականը, անոր հրատարակած գիրքերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ գրողին Մոնրէալ նախկին այցելութիւններուն` 1999-ին, 2007-ին, 2013-ին եւ 2015-ին, որպէս Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս, իր գիրքերու ներկայացման թէ գիտաժողովի մասնակցութեան առիթներով:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Ժասմին Ղազարեանի «Պարտէզը, որ քեզ երազեց» Գրիգոր Պըլըտեանի կեանքին եւ գործին մասին վաւերագրական ժապաւէնը, որմէ ետք զրուցավարը հրաւիրեց Գրիգոր Պըլըտեանը:
Զրոյցին ընթացքին Պըլըտեան պատասխանելով զրուցավարին հարցումներուն, անդրադարձաւ` իր գրութիւններուն կառուցուածքային ձեւերուն, պատումի իր ոճին, նախադասութիւններուն շարժունականութեան, կերպարներուն ներաշխարհի ներկայացման, հաւաքականութեան մը մտայնութեան ներկայացման եւ անոր ազդեցութեան ներթափանցման կերպարներուն ընդմէջէն, թեմաներու այլազանութեան, գաղափարներու թրծումի հոլովոյթին` նախքան արտագրուիլը, գրութիւններուն կենդանականութեան, բանաստեղծական եւ արձակ գրութիւններու իր ոճին, գրողին առօրեային ու ապրած վայրին ազդեցութիւններուն եւ ճոխ նիւթերու հայթայթումի կարելիութիւններուն, տարբերութիւն ստեղծելու եւ նորութիւններով հանդէս գալու իւրայատկութեան, գրուածքներուն մաքրագործման գործընթացին, գիրքերուն հրատարակման հոլովոյթին, վերահրատարակման պարագաներուն, ինչպէս նաեւ` աշխատանքին եւ ստեղծագործութեան ընթացքին դժուարութիւններուն, որոնք կրնան խոչընդոտել գրելու հեզասահ ընթացքը, եւ` այլ հետաքրքրական հարցերու:
Նշենք, որ Աճեմեան զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ գրողին հրատարակած գիրքերուն` մերթ ընդ մերթ կարդալով անոնցմէ հատուածներ:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին Պըլըտեանին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում:
«Լեւոն Շանթ» Հայերէնագիտական Դասընթացք
Քանատայի հայ կեանքին մէջ յատկանշական երեւոյթ մըն է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքը, որուն տասներորդ եռամսեակը աւարտեցաւ 9 մայիս 2026-ին` փակելով իր հնգամեակը, որ սկսած էր 2020-ին, սակայն համաճարակին պատճառով տարի մը ընդհատուած էր:
Դասընթացքին նպատակն էր ամրապնդել արեւմտահայերէնի իմացութիւնը անոնց, որոնք յաճախած են հայկական երկրորդական վարժարան եւ կ՛ուզեն աւելի լաւ տիրապետել իրենց մայրենի լեզուին: Անոնց կողքին դասընթացքին փափաքեցան հետեւիլ նաեւ ուրիշներ, որոնք դասաւանդուած նիւթերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ունէին:
Այդ նիւթերը կ՛առնչուէին` հայ գրականութեան, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, նոյնիսկ այլ մարզերու, ինչպէս` գիտական, բժշկական, կազմակերպական, որոնց միջոցով եւս հայերէնի բառապաշարը հարստացնելու կարելիութիւնը կ՛ընծայուէր դասընթացքին հետեւողներուն: Յիշենք անոնց վերջին երկուքը` «Հայաստանցի պանդուխտի տիպարը եւ պոլսահայ իրապաշտ նկարիչները», դասախօս` Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեան, Լոնտոնէն, եւ «Խորհրդապաշտութիւնը եւ հայ գրականութիւնը», դասախօս` Գրիգոր Պըլըտեան, Փարիզէն:
Այս տասը եռամսեակներուն, տեղւոյն ուժերուն կողքին, աշխարհի տարբեր երկիրներէ դասախօսելու հրաւիրուեցան` Վեհանոյշ Թեքեան, Լիզա Կիւլէսէրեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Դաւիթ Մոսինեան, Խաչիկ Մուրատեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Մարկ Նշանեան, Դալար Շահինեան, Վահէ Պէրպէրեան, Կարէն Ջալլաթեան, Սեւան (այժմ Տէր Նարեկ) Տէյիրմենճեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Միրնա Տուզճեան, Ռուբինա Փիրումեան եւ Զաքար Քէշիշեան:
Այս աշխատանքը կը կազմակերպէ յատուկ յանձնախումբ մը` ներկայիս բաղկացած հինգ կամաւորներէ, որոնցմէ մէկն ալ կը հանդիսանայ դասընթացքին տնօրէնը` դոկտ. Վիգէն Թիւֆենքճեան:
Դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակ կը տեւէ 15 շաբաթ, որուն մէկը առանց դասախօսութեան` առիթ տալով, որ հետեւողները պատրաստեն իրենցմէ ակնկալուած գրաւոր ներկայացում մը` իրենց նախընտրած նիւթով:
Ֆրանսա
«Միասին` Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ` Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով
17 ապրիլին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին` Լիբանանի համար» խորագիրով բարեսիրական ձեռնարկը, որ համախմբեց լիբանանցի համալսարանականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ` մէկ միասնական նպատակով` աջակցիլ Լիբանանին եւ անոր կարիքաւոր զաւակներուն:
Լիբանանցի համալսարանականներու եւ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Ալեքսանտր Պուտագեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, յատկապէս` այն պահուն, երբ Լիբանան կը դիմագրաւէ բազմաշերտ մարտահրաւէրներ: Ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար` օտար ափերու վրայ գտնուող ուսանողները եւ շրջանաւարտները, կրնան վերածուիլ կենսունակ կամուրջի մը` միաւորելով կարողութիւնները, գիտելիքն ու նուիրումը` ի սպաս լիբանանեան հայրենիքին:
Այնուհետեւ Նուր Սիպայի ներկայացուց նախաձեռնութեան նպատակն ու կարեւորութիւնը` շեշտելով համախմբուած համայնքի ուժը:
Ապա խօսք առին շարք մը անձնաւորութիւններ: HEC շրջանաւարտներու Լիբանանի բաժանմունքի նախագահ Էլսա Աուն ընդգծեց լիբանանեան սփիւռքի դերը Լիբանանի աջակցութեան գործին մէջ եւ ներկայացուց տարբեր նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Լիբանանի աջակցութեան ճգնաժամային հարցերու համակարգող Հատի Զապլիթ անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ օժանդակութեան համակարգուած կարիքին:
Մշակոյթի նախկին նախարար եւ «Լ՛Օրիան-Լը Ժուր»-ի գործադիր տնօրէն Ռիմա Ապտել Մալաք իր ելոյթին մէջ շեշտեց մշակութային եւ մարդկային դիմադրութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի ներկայ ճգնաժամին մէջ:
Առողջապահական ոլորտը ներկայացուց դոկտ. Փիեր Անհուրին, որ իբրեւ առողջապահութեան նախարարի խորհրդատու` խօսեցաւ առողջապահական համակարգին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:
«Պէյթ էլ պարաքա» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ Մայա Շամս Իպրահիմշահ կոչ ուղղեց ներկաներուն` գործնական մասնակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի օգնութիւնը անմիջապէս հասնի կարիքաւորներուն:
Ծրագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ տեսանիւթեր, որոնք ներկայացուցին «Պէյթ էլ պարաքա»-ի գործունէութիւնը եւ Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային իրավիճակը:
Երեկոն շարունակուեցաւ նուիրահաւաքով եւ հարցուպատասխանով, որուն ընթացքին մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան անմիջականօրէն կատարելու իրենց սրտաբուխ աջակցութիւնը: Նշենք, որ ձեռնարկին յաջողութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցան HEC շրջանաւարտներու Լիբանանի բաժանմունքը, լիբանանեան ուսանողական ակումբները, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսա-Լիբանան հիմնադրամը եւ ESA Business School-ը:
Կիպրոս
«Լոյս Եւ Աղօթք» Խորագիրով Երաժշտական Համերգ
Հովանաւորութեամբ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիմասոլի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 3 մայիսին տեղի ունեցաւ «Լոյս եւ աղօթք» խորագիրով երաժշտական համերգ:
Դաշնամուրով ելոյթ ունեցաւ Զառա Բարխուդարեան, իսկ երգիչներ Էտկար Էվոյեան եւ Սոնա Սարաճեան մեկնաբանեցին հոգեւոր եւ ազգային երգեր:
Համերգին ներկայ էին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ժամանած ուխտաւորներ, որոնք յուշանուէր մը յանձնեցին եկեղեցւոյ:
Համերգէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Հռոմ
Երիտասարդներու Մկրտութիւն Եւ Տօնական Համախմբում
9 մայիսին Հռոմի Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Վատիկանի մօտ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանի օրհնութեամբ եւ ձեռամբ, մկրտութեան խորհուրդին արժանացան Հայաստանէն Հռոմ եկած եւ բարձրագոյն ուսում ստացող հինգ ուսանողուհիներ:
Անցնող ամիսներուն անոնք մասնակցած էին կիրակնօրեայ ս. պատարագներուն եւ ծանօթացած` ս. մկրտութեան խորհուրդին: Հինգ ուսանողուհիներու մկրտութեան կնքահայրութիւնը ստանձնեցին հինգ երիտասարդներ, որոնք վերջին շրջանին գործօն կերպով կը մասնակցին եկեղեցական համայնքի կեանքին եւ կը սպասարկեն խորանին:
Աւարտին մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` քահանայապետական Russicum քոլեճի բացօթեայ սրահին մէջ:
Սրբազան հայրը նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւներուն` հայր Աթանաս Սարգիսեանին եւ հայր Պսակ Թէփիրճեանի ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամներ Լուսինէ Աբրահամեանին եւ Նաիրա Քերոբեանին` կազմակերպչական ջանքերուն, հոգատար ծառայութեան եւ երիտասարդները համախմբելու կարեւոր առաքելութեան համար, ապա ան յորդորեց երիտասարդները ըլլալ միասնական, իրարու հանդէպ սիրով եւ հոգատարութեամբ լեցուն եւ պահպանել իրենց հայ հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը:
Սրբազան հայրը նաեւ քաջալերեց երիտասարդները, որ երբեք չկորսնցնեն իրենց հաւատքն ու յոյսը, որովհետեւ անոնք կ՛օգնեն մարդուն` ամուր մնալ եւ յաղթահարել մարտահրաւէրները: Ան նաեւ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն` զօրավիգ կանգնելու հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման գործին, ինչպէս նաեւ` աշխուժօրէն մասնակից դառնալու համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը Կ՛այցելէ Սրբազան Հօր
8 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հովիւ Արամ Ա. քհնյ. Տէյիրմենճեանի, ընդունեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շրջանի առաջնորդ` Տիմիթրոս եպիսկոպոսին:
Այցելութեան նպատակն էր սրբազան հայրը շնորհաւորել Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնել իր մնայուն զօրակցութեան` Եթովպիոյ եկեղեցւոյ տեղական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ` երկար տարիներ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին համայնքին տրամադրելու համար:
Սրբազան հայրը ողջունեց Եթովպիոյ առաջնորդ եպիսկոպոսին այցելութիւնը եւ անոր ընկերակցող եկեղեցական եւ աշխարհական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ զոյգ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան մասին եւ խոստացաւ, որ պիտի շարունակէ օգտակար հանդիսանալ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ եւ համայնքին հոգեւոր կարիքներու ծաղկման:
Եթովպիոյ առաջնորդը, իր կարգին, ողջունեց հոգեւոր դասուն ու Ազգային իշխանութեան բարեացակամ մօտեցումը Եթովպիոյ համայնքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած մնայուն օժանդակութեան համար:


