Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, երեքշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 13 մայիս 2026-ին Հռոմի մէջ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան` ընդհանուր պատասխանատու կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքին, համաքարտուղարի հանգամանքով մասնակցեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի տեղեկագիրի խմբագրութեան կազմի ժողովին:
Ժողովականներ ընդհանուր արժեւորումը կատարեցին այս յանձնախումբի քսան տարուան հանդիպումներուն եւ պատրաստեցին աստուածաբանական երկխօսութեան յաջորդ փուլի ուղեգիծը, որ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ սինոտներուն պիտի ղրկուի առ ի վաւերացում:
13 մայիսին Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը ընդունեց ժողովականները եւ գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքը:


