Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

May 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՍՊԱՆԱՑԻ մասնագէտ Չապի Ալոնսօ նշանակուեցաւ Չելսի ակումբի նոր մարզիչ: Ան իր նոր պաշտօնին պիտի սկսի 1 յուլիսէն սկսեալ` 4 տարուան համար պայմանագրութիւն ստորագրելէ ետք լոնտոնեան ակումբին հետ:

Հակառակ իր յաջողութեան` Պայեր Լեւերքուզընի հետ, Ալոնսօ չէր կրցած ինքզինք պարտադրել Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր անոր խիստ թաքթիքները եւ պահանջները չկատարեցին Ռէալի «շփացած» մարզիկները, որոնք ձեւով մը ըմբոստացան մարզիչին դէմ, բան մը, որ զինք ստիպեց հեռանալ:

. ՄՆԱԼՈՎ Ռէալ Մատրիտի հետ, Պենֆիքայի այժմու մարզիչ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ շատ հաւանաբար այս շաբաթ որոշէ Ռէալ Մատրիտին միանալ, թէ ոչ:

Մինչ այդ, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթին Փերես կրնայ պատժուիլ` Սպանիոյ իրաւարարներու աշխատանքին վերաբերեալ իր հնչեղ յայտարարութիւններուն պատճառով: Շատ հաւանական է, որ Փերես տուգանք ստանայ 3 հազար եւրոյի արժէքով, բայց կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ ան կրնայ մէկ ամիսէն մինչեւ երկու տարի կախակայուիլ:

. ՌՈՊԵՐԹ Լեվանտովսքի վերջնականապէս որոշեց լքել Պարսելոնան 4 յաջող տարեշրջաններէ ետք: 37 տարեկան լեհ յառաջապահը բազմաթիւ փոխանցումի առաջարկներ ունի, բայց կ՛ուզէ լաւ ուսումնասիրել բոլոր առաջարկները: Սէուտական Արաբիոյ Հիլալը ամէնէն շատ «վճարուող» խումբն է, մինչ Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ Ֆայըր խումբն ալ կ՛ուզէ ձեռք ձգել զայն:

Իտալիոյ պատմական խումբեր Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան իրենց կարգին հետաքրքրուած են Լեվանտովսքիի ծառայութիւններով:

. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ ակումբներէն Նասր, որուն մաս կը կազմէ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ 2»-ի աւարտականին ցաւալի պարտութիւն կրեց Ճափոնի Կամպա Օզաքա խումբէն:

Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած աւարտական մրցումը ընդհանուր առմամբ եղաւ ի նպաստ Նասրի, որ սակայն չկրցաւ կոլի վերածել իր առիթները, մինչ ճափոնական ակումբը իր միակ կոլը նշանակեց մրցումի 30-րդ վայրկեանին կասկածելի դիրքէ մը, որ աւելի ուշ վաւերացուց ՎԱՐ-ի կրկնութիւնը:

ՊԱՅԵՐՆ Միւնիխ, որ 35-րդ անգամ ըլլալով շահած էր Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը, կրցաւ համոզել իր վեթերան բերդապահ Մանուէլ Նոյըրը, որ տարի մը եւս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը:

Միւս կողմէ, Լէոն Կորեցքա 8 տարիներ բոլորելէ ետք Պայերնի հետ լքեց խումբը, մինչ Ռաֆայէլ Կեռերօ (3 տարի) եւ Նիքոլա Ճեսքըն (1 տարի) իրենց կարգին լքեցին, երբ Պայերն Միւնիխ չերկարաձգեց անոնց պայմանագիրները:

Մայքըլ Օլիսէ ընտրուեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն մարզիկի մրցանակը:

. ՄՆԱԼՈՎ Գերմանիա, Ունիոն Պերլին յաջորդական իր երկրորդ մրցումը յաղթեց (4-0` Աուկզպուրկի դէմ), եւ իր մարզիչ Մարի-Լուիզ Էթայի օգնութեամբ ակումբը փրկուեցաւ Բ. դասակարգ իջնելէ: Էթա, որ անցեալ շաբաթ եղած էր Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներու առաջին աղջիկ մարզիչը, որ յաղթանակ կ՛արձանագրէր տղոց բարձրագոյն դասակարգին մէջ, տօնեց յաղթանակ մը եւս եւ տարեշրջանը փակեց լքելով տղոց կազմը եւ ստանձնելով Պերլինի աղջկանց խումբի մարզիչի պաշտօնը:

. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթի 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չելսին եւ շահեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը:

Անթուան Սեմենիօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Մրցումէն ետք մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա յայտնեց, որ տարեշրջան մը եւս ունի Սիթիի հետ եւ պէտք է յարգէ իր պայմանագրութիւնը:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ընտրարշաւի Մը Մութ Ծալքերը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Դուրս Ձգեց Տիթրոյիթը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.