Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

May 1, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման հսկում:

Ձեռնարկը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, Մուսա Լերան անկոտրում կամքին եւ պայքարի նոր թափ տալու անհրաժեշտութեան:

Օրուան պատգամը յղեց Սամիկ Կարապետեան: Ան խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ զայն լոկ իբրեւ ցաւ չկրելու, այլ յիշատակը վերածելու կենդանի զօրութեան, որ պէտք է աճի ու զօրանայ մեզի հետ` համապատասխանելով մերօրեայ մարտահրաւէրներուն: Նշելով, որ ժամանակի թաւալումով Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեւերը փոխուած են, նաեւ` պահանջատիրութեան ոճը, ան շեշտեց. «Այսօր, 2026 թուականին, մենք կանգնած ենք նոր, թերեւս աւելի վտանգաւոր ու նենգ ճակատի մը դիմաց. պայքար` ապազգային ուժերուն դէմ»:

Բանախօսը թուեց այսօրուան ապազգային ուժերը. «Անոնք միայն արտաքին թշնամիները չեն: Անոնք են, որոնք մեզի ներսէն կը քարոզեն «մոռնալ անցեալը` յանուն ապագայի»: Անոնք են, որոնք կը փորձեն մեզ համոզել, թէ մեր պահանջատիրութիւնը անիմաստ յամառութիւն է, թէ պէտք է հաշտուիլ կատարուած իրողութիւններուն հետ: Այս ուժերը կը գործեն «յառաջդիմութեան» կամ «կեղծ խաղաղութեան» դիմակներու տակ, բայց իրականութեան մէջ անոնք կը ծառայեն նոյն ոճրագործին նպատակին` մեզ չյիշող, անդիմագիծ ու հեշտ կառավարելի զանգուած դարձնելուն»:

Առ այդ, ան հրամայական նկատեց գիտակցիլ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը լոկ պատմական դժբախտութիւն մը չէ, այլ մեր ներքին կազմաւորման, մեր փորձառութեան եւ ազգային իմաստութեան հանքն է, որմէ հեռանալ` կը նշանակէ հեռանալ մեր ինքնութեան հիմքերէն: Ան շեշտեց, որ պէտք է իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն` ամրապնդուինք ազգային արժէքներով եւ գաղափարաբանութեամբ, պէտք է մերժենք փչող հոսանքներուն ենթարկուիլ, այլ` մնալ հաստատ ու անսասան:

Ապազգայնութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Ս. Կարապետեան կարեւոր նկատեց կառչածութիւնը հայոց լեզուին, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն. «Մեր դպրոցները միայն գիտելիք ջամբելու վայրեր չեն, անոնք հայու հոգին կերտող դարբնոցներ են: Մշակոյթը այն վահանն է, որուն վրայ պիտի փշրուին օտարացման բոլոր քամիները: Երբ հայ երեխան կը սորվի իր լեզուն, երբ հայ երիտասարդը կը պարէ իր աւանդական պարը, ան այդ պահուն պայքար կը մղէ ապազգային բոլոր ուժերուն դէմ: Մեր գոյութիւնը այս հողին վրայ ինքնին դիմադրութեան արարք մըն է», շեշտեց ան:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայութիւն մեր միասնականութեան եւ այս երկրին հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան. «Մենք` լիբանանահայերս, տէրն ենք մեր ուխտին: Մենք պարտական ենք այս հողին եւ մեր նահատակներուն` շարունակելու այդ նոյն անզիջող ոգին»: Յիշելով Լիզպոնի հերոս տղաքն ու անոնց սխրագործութիւնը` Կարապետեան այսօր երիտասարդութեան, յատկապէս` ԼԵՄ-ականին, մեծագոյն պարտականութիւնը նկատեց ըլլալ Լիզպոնի տղոց ժառանգորդը` թերեւս ո՛չ անպայման նոյն ձեւով, այլ` նոյն անզիջող ոգիով:

Իր խօսքի եզրափակիչ մասով ան հաստատեց, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը. «Մեր պայքարը չի կրնար անյոյս մնալ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը մէկ մարդու պէս կը մտածէ: Մենք մէկ ենք միլիոններու պէս, եւ միլիոններ ենք մէկի պէս: Այս պայքարը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ թուրքը չէ ճանչցած իր ոճիրը եւ հատուցում չէ կատարած մեր բազմաչարչար ժողովուրդին:

«Այնճարը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ազգային ամրոց: Հոս ապազգային ուժերը տեղ չունին: Մենք պիտի շարունակենք մեր երթը` զինուած մեր մշակոյթով, մեր լեզուով եւ մեր աննկուն կամքով»:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Այնճարի գործող վարժարաններուն եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան:

Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ ջահերթ` դէպի Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակաց յուշահամալիր, ուր տեղի ունեցաւ բարեխօսութեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում:

***

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ՀՅԴ «Ս. Աղբիւր» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա`

ջահերթ:

Աւարտին ԼԵՄ-ականները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները: Ջահերթը աւարտեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ի երգեցողութեամբ:

***

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին տեղի ունեցաւ ջահերով երթ Մըզհերի շրջանին մէջ` երգեր ու լոզունգներ արտասանելով եւ պաստառներ ցուցադրելով, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն «Մայիս 28» պողոտայ, ուր տեղի ունեցան օդապարիկներու արձակում եւ յաւերժութեան նշանի բոցավառում: Ջահերթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան կրտսեր եւ երէց պատանիները:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայոց Ցեղասպանութեան Նշումը` Նորարար Միջոցներուն Հետ Քայլ Պահելով

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.