Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին Ֆանարի մէջ նշուեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակը:
Ոգեկոչման ընթացքը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` մասնակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին:
Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Ճօ Պասթաճեան, որ ընդգծեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը համապատասխանէ 1948-ի Միջազգային պայմանագիրին, Հռոմի կանոնագիրին, այսինքն «ICC»-ի եւ Թուրքիոյ ոճրային օրէնսգիրքի ցեղասպանութեան սահմանումին:
Ան շեշտեց, որ յարատեւ կերպով յաղթանակներ ապահովելու նպատակով պէտք է ըլլալ կազմակերպուած` ունենալով Դաշնակցութեան զինանշանն ու գաղափարաբանութիւնը եւ իր ուղեկից կազմակերպութիւններն ու եկեղեցին` իբրեւ կազմակերպուած ընթացքի ուղեցոյց: Պասթաճեան կոչ ուղղեց` ուշադիր ըլլալու ցեղասպանին խաբէութիւններուն, չտարուելու անոնցմով եւ կառչած մնալու հայկական ինքնութեան ու արժէքներուն:
Ապա Ֆանարի Սուրբ Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան մատուցեց բարեխօսական կարգի աղօթքը:
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին կշռութաւոր երաժշտութեան համընթաց, ձեռամբ` ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան ու ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամներու, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում ապրիլեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:
Օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան, դիտել տուաւ, որ այսօր, երբ աշխարհը տակաւին կը բախի անարդարութիւններու եւ բռնութիւններու ալիքներուն, մեր յիշողութիւնը պարզապէս անցեալի յարգանք չէ, այլ` կենդանի ու պահանջատէր ներկայութիւն: «Մեր նահատակներուն յիշատակը մեզ կը պարտաւորեցնէ շարունակել մեր պայքարը ոչ միայն ճանաչման, այլ նաեւ հատուցման եւ արդարութեան հաստատման համար», ըսաւ ան` հաստատելով, թէ որքան ալ երկար ըլլայ ճանապարհը, արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ` շնորհիւ հայութեան միասնականութեան, մեր դիմադրութեան եւ ապագայի նկատմամբ մեր անխախտ հաւատքին:
«Թող յստակ եւ հաստատ մեր ձայնը հասնի բոլորին` մօտիկ թէ հեռաւոր. մենք կը մնանք պահանջատէր` մինչեւ մեր վախճանական նպատակներու իրականացումը:
«Թող մեր ձայնը լսելի ըլլայ նախ եւ առաջ մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին, թող ան գիտակցի, որ հայ ըլլալ` կը նշանակէ յիշել, պահանջատէր ըլլալ եւ պայքարիլ, հայ ըլլալ` կը նշանակէ Արարատը իր ինքնութեան անբաժան մասը պահել, իսկ Շուշին` իր միջնաբերդը: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ դարաւոր հերոսներու ժառանգորդ եւ անոնց սկսած գործի շարունակութիւնը ապահովող ըլլալ:
«Թող մեր ձայնը լսէ ջարդարար Օսմանեան կայսրութեան օրինական յաջորդ ներկայ Թուրքիան, որ ոչ մէկ դժուարութիւն կամ մեղսակցութիւն կրնայ ազդել մեր պահանջատիրական ուղիին վրայ, ոչ մէկ ուժ կրնայ շեղել մեր իրաւունքներու հետապնդման համար մեր հաստատակամութիւնը եւ ոչ մէկ շլացնող խաղաղութեան առաջարկ կրնայ մեզի պարտադրել զիջում մեր իրաւունքներէն:
«Թող մեր ձայնը լսէ ջարդարար Թուրքիոյ կրտսեր եղբայր, նոր ցեղասպանութեան հեղինակ Ազրպէյճանը, որուն ձեռքով Արցախը բռնագրաւուեցաւ, հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան եւ հայրենազրկման: Արցախի գոյութիւնը չի կրնար բանակցելի ըլլալ, որովհետեւ ան Հայոց պատմութեան եւ ինքնութեան անբաժանելի մասն է:
«Թող մեր ձայնը հասնի նաեւ միջազգային հանրութեան, որ երկար տարիներ խօսեցաւ մարդկային իրաւունքներու մասին, բայց շատ անգամ լուռ մնաց, երբ հայ ազգը եւ այլ ժողովուրդներ դարձան բռնութեան եւ անարդարութեան զոհ: Պէտք չեն միայն խօսքեր, այլ կարիք կայ գործնական քայլերու` կանխարգիլելու նոր ոճիրներ եւ հաստատելու արդարութիւնը: Ընդհանրապէս վերջին տարիներուն եւ մանաւանդ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները ապացոյց են, որ անպատիժ մնացած ոճիրները կը կրկնուին նոյն ահաւոր ձեւով` առանց որեւէ կանխարգելիչ գործօնի: Անպատժելիութիւնը կը դառնայ խրախուսանք նոր ոճիրներու համար, իսկ լռութիւնը` մեղսակցութիւն:
«Վերջապէս, թող մեր ձայնը լսեն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, եւ յստակ ըլլայ մեր պատգամը, թէ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի նահանջելու ազգային հիմնարար իրաւունքներէն, ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ արդարացնել զիջումներ, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը: Պետութիւնը կոչուած է պաշտպանելու ժողովուրդին իրաւունքները, ոչ թէ սահմանափակելու զանոնք», շեշտեց Սոմունճեան:
Բանախօսը նշեց, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած ազգակործան եւ անհեռատես քաղաքականութիւններուն պատճառով, այսօր դժբախտաբար Հայաստանը պարտուած կողմ է, մենք ազգովին դէմ յանդիման կը գտնուինք ահաւոր զիջումներու ու կորուստներու: Աւելի՛ն. այս իշխանութիւնը մեծ վիհ յառաջացուցած է հայաստանաբնակ եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան միջեւ` իր որդեգրած ներքին եւ արտաքին, ապազգային եւ վտանգալից քաղաքականութեան պատճառով: «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարի տարածումը այս քաղաքականութեան ամէնէն վտանգաւոր արտայայտութիւններէն մէկն է, որ կը ջնջէ միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականը եւ վերջ դնելու փորձ մըն է ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարին: Ան կը մերժէ ազգի մը կազմութեան հիմնարար հիմքերը` պատմական յիշողութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ հաւաքական գիտակցութիւնը: Իշխանութիւնը կը փոխարինէ ազգը` իբրեւ պետութեան հիմնասիւն», նշեց ան:
Արամ Սոմունճեան լուսարձակի տակ առաւ վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մը ստորագրութեան, այդ պայմանագիրին ստեղծելիք նպաստաւոր պայմաններուն եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման իրողութիւնները, սակայն յիշեցուց, թէ չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան, եւ թէ` խաղաղութիւնը պէտք չէ դառնայ անհեթեթ պատրանք, նկատի ունենալով, որ երբ խաղաղութիւնը հիմնուած չէ արդարութեան վրայ, կը մնայ փխրուն, ժամանակաւոր եւ բռնազբօսիկ, ուստի կրնայ կարճաժամկէտ հանգստութեան տպաւորութիւն ստեղծել եւ կուտակել բռնութիւն ու անարդարութիւն, որոնք նոր հակամարտութիւններու ձեւով կը պայթին: «Ուստի, իսկական խաղաղութիւնը միայն զէնքերու լռութիւնը չէ, այլ` իրաւունքներու վերականգնումը, ճշմարտութեան ճանաչումը եւ արժանապատուութեան վերահաստատումը», յայտնեց ան:
Բանախօսը ըսաւ, որ «Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» կարգախօսը նաեւ կոչ է մեզի` իբրեւ անհատներու եւ համայնքներու, չհաշտուելու անարդարութեան հետ, չլռելու ճշմարտութեան առջեւ եւ շարունակելու պայքարը մինչեւ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատում:
«Միայն արդարութեան վրայ կառուցուած խաղաղութիւնն է, որ կրնայ դիմանալ ժամանակի փորձութեան եւ դառնալ իրական հիմք` ապագայ սերունդներու անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքին», հաստատեց Սոմունճեան` նշելով, որ այս ամբողջ յուսահատական մթնոլորտին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ իր պատմական դիրքորոշումներուն եւ սկզբունքներուն, կը հաստատէ, որ պիտի մնայ համայն հայութեան բոլոր իրաւունքներուն պահանջատիրական պայքարի ջահակիրը` հակառակ իր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւններուն:
Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը շեշտեց, որ յուսահատութիւնը պէտք է ջնջել մեր իմացութենէն: Հայոց պատմութեան ընթացքին մեծ եղած են հայութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները, սակայն ան շրջանցած է այդ բոլորն ու գոյատեւած. «Այս գիտակցութեամբ եւ վճռակամութեամբ կրնանք նաեւ դիմագրաւել եւ շրջանցել այսօրուան դժուարութիւնները: Առ այդ, մնա՛նք պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում, եւ ապրինք յաղթական նոր մայիսներու յոյսով», ըսաւ Արամ Սոմունճեան:
Ապա ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին խմբերգներ:
Օրուան ոգեկոչումը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:





