Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայոց Ցեղասպանութեան Նշումը` Նորարար Միջոցներուն Հետ Քայլ Պահելով

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի սեմին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի պատրաստած հարցախոյզին առիթով:

May 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Լիբանանի հայ համայնքը, որ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը եւ միեւնոյն ատեն Լիբանանի գլխաւոր եօթը համայնքներէն մէկը, տարիներու ընթացքին ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան նշումներու իր եզակի եւ յատուկ օրինակներով: Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ ամսուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի հայերը եւ նոյնիսկ Լիբանանի ժողովուրդը իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն Լիբանանի հայ համայնքին` տեղեկանալու համար, թէ իւրաքանչիւր տարի հայերը ինչպէ՛ս պիտի նշեն Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնեն իրենց իրաւունքները եւ ի՞նչ կոչ պիտի ուղղեն հանրութեան: Այս մեծաշուք նշումներուն գլխաւոր առանցքներէն մէկը կը հանդիսանան նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նախաձեռնութիւնները:

Իւրաքանչիւր տարի ՀՅԴ ԼԵՄ-ը ժողովուրդին հարազատ եւ իր ինքնուրոյն դրոշմով` տարատեսակ աշխատանքներով կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հանրային քարոզչական ձեռնարկներէն կարելի է նշել ջահերթը, հայկական թաղամասերուն մէջ մոմավառութիւնները, զօրակցական երթերը, ակումբներէն ներս պատի թերթի աշխատանքները, պահանջատիրական ցոյցերը, բաց նամակները, կոչերու ցրւումի աշխատանքները եւ այլն… Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս` պատերազմի իրավիճակը, այս տարի որոշ գործելաոճի մէջ սահմանեց Հայոց ցեղասպանութեան նշումի: Վստահաբար, աւանդութեան վերածուած կարգ մը աշխատանքներ հայկական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան, սակայն պէտք էր համակերպիլ նաեւ բնակած երկրին վիճակին հետ:

Հակառակ անոր, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը` իբրեւ Հայ դատի ջահակիր եւ պահանջատէր բանակ, այս տարի եւս զանազան նախաձեռնութիւններով նշեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` ժողովուրդին վերյիշեցնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման եւ արդար դատի հետապնդման անհրաժեշտութիւնը: Այս տարուան ԼԵՄ-ի ապրիլեան նախաձեռնութիւններէն կ՛արժէ ներկայացնել ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին պատրաստած հարցախոյզին էութիւնը, որ ինքնին նորութիւն էր:

Աշխարհի վերջին զարգացումներուն եւ յատկապէս` Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) հետ քայլ պահելով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, մասնաճիւղի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով նախաձեռնեց ելեկտրոնային QR-code-ի միջոցով հարցախոյզի մը, որուն նպատակն էր համակարգուած եւ համապարփակ ձեւով սերտել երիտասարդութեան մտորումները` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Հարցախոյզը կը բաղկանար 5 հարցումներէ, որոնք ուղղակիօրէն ճիշդ կամ սխալ պատասխաններ չունէին: Հարցախոյզը առիթ հանդիսացաւ ներկայ երիտասարդութեան քննական մտքով արտայայտուելու եւ նոր կարծիքներու միջոցով ձեւաւորելու Հայ դատի հետագայ աշխատանքները:

Քաջալերական եւ դրական էր մասնակցութիւնը, նկատի առնելով, որ համացանցի եւ ելեկտրոնային միջոցը լաւապէս ընկալուած էր երիտասարդներու կողմէ, որովհետեւ գաղտնիք մը չէ, թէ երկրի արագընթաց հոսքը կ՛ուղղուի դէպի ելեկտրոնային աշխարհ: Այս աշխատանքը գտաւ իր յաջողութիւնը, որովհետեւ կարելի եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան նշումը տանիլ դէպի ելեկտրոնային աշխարհ, աւելի լայնօրէն տարածելու պահանջատիրութեան կոչը եւ հասնելու աւելի լայն զանգուածներու:

Կարելի է նաեւ վերլուծել մասնակից երիտասարդներուն պատասխանները: Անցնող քանի մը տարիներուն մեր եւ մեր նախնիներուն մեծագոյն մտահոգութիւններէն մէկն էր, թէ յառաջիկայ սերունդներուն մօտ կրնան տկարանալ Հայ դատի հանդէպ  հետաքրքրութիւնն ու աշխատանքները: Սակայն հարցախոյզին պատասխանները փաստեցին հակառակը: Վիճակագրութիւնը դիտել տուաւ, որ յաջորդող սերունդները համաշխարհայնացումի ալիքին տակ չեն մոռցած իրենց ինքնութիւնը, արմատները եւ հողերը: Անոնք անձնատուր չե՛ն եւ ոչ ալ կ՛ուզեն հաշտուիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու եզրին հետ: Ասիկա վերստին փաստեց, որ սփիւռքահայութեան յաջորդող սերունդները տակաւին կը մնան պահանջատէր եւ ինքնակամ` հակառակ թրքական պետութեան ճնշումներուն: Այս եւս փաստեց, որ այսօրուան եւ վաղուան սերունդը տակաւին իր ըմբոստ կեցուածքով դէմ է Հայաստանի այսօրուան թրքամէտ իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային մօտեցումներուն, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հանդէպ: Այս պատրաստուած հարցախոյզը այսօր բարձրաձայն եկաւ ըսելու, որ Նիկոլ Փաշինեան որքան ալ փորձէ անուշ խօսքերով, կեղծ ժպիտներով եւ խորամանկ դերասանութիւններով պղծել Ցեղասպանութեան փաստը, շրջապատը տանիլ դէպի իր վարդագոյն աշխարհ, պիտի չյաջողի քողարկել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որովհետեւ այսօրուան երիտասարդութիւնը տակաւին գիտէ ճիշդը զանազանել սխալէն եւ պահանջատէր կը մնայ իր սկզբունքներուն:

«Լիբանանի այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ, ինչպիսի՞ ձեւերով կարելի է ծանօթացնել Հայ դատը օտարներուն եւ պահանջել հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումը»: Այս հարցումին պատասխանները բաւական տպաւորիչ էին: Նոր մտորումներու բացայայտումը առիթ հանդիսացաւ աւելի ընդարձակել Հայ դատի աշխատանքներու կարկինը եւ գործել աւելի լայն հորիզոններու մէջ` յատկապէս Արհեստական բանականութեան միջոցով:  Մասնակիցներուն աւելի քան 60 տոկոսը անհրաժեշտ նկատեց Հայ դատի աշխատանքները շարունակել ընկերային ցանցերու վրայ եւս` քարոզչական եւ մշակութային աշխատանքներու նախաձեռնելով: Այլ խաւ մը շեշտեց համագործակցութեան եւ միասնութեան կարեւորութիւնը լիբանանեան զանազան կառոյցներու, դեսպանատուներու եւ յատկապէս երիտասարդական շրջանակներու հետ` հայուն ձայնը հասանելի դարձնելու համար, իսկ ոմանք անդրադարձան ապագայ հայ սերունդներ դաստիարակելու եւ կազմաւորելու կարեւորութեան` զանոնք գօտեպնդելով հայեցի կրթութեամբ:

Հետեւաբար, դիւրին թէ դժուար, ուշ կամ կանուխ, զէնքով կամ նոյնիսկ գրիչով այսօրուան երիտասարդը յանձնառու կեցուածքով եւ անկոտոր կամքով պատրաստ է շարունակելու պայքարը: Միջոցները պահ մը կը փոխարինուին, օրուան մարտահրաւէրները ալեկոծ ծովու նման կը սաստկանան եւ քամիի նման կ՛անհետանան, ռազմավարութիւնը նորարար զէնքերու նման կ՛արդիականանայ, սակայն պահանջատէր հայու տեսլականը անփոփոխ կը մնայ եւ զայն իրականացնելու համար բոլորս պարտաւոր ենք ամէնօրեայ թափով աշխատելու, արիւն եւ քրտինք թափելու` մինչեւ ամբողջական նպատակներու իրագործումը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.