ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ գործող երեք հայ յարանուանութիւններուն եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամներուն ու շեփորախումբին, ինչպէս նաեւ` ՀԿՄ-ի սկաուտներուն եւ երիտասարդականին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամներուն, կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի «Աշճեան» փողոցի վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարին դիմաց:
Ձեռնարկին ներկայ էին` երեք յարանուանութիւններու, պատկան մարմիններու, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, հոգեւոր հովիւներ, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ ու շրջանի բնակիչներ:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբէն, ուրկէ մասնակիցները` ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ, քալեցին դէպի խաչքարի վայր, ուր նախքան ձեռնարկի պաշտօնական բացումը` ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ երեք հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Քայլերգներէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ Մարիա Պալապանեան, որ ընդգծեց, թէ ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդին համար միայն սուգի օր չէ, այլ նաեւ` դիմադրութեան, գոյատեւման եւ վերածնունդի խորիմաստ խորհրդանիշ: Ան շեշտեց, որ, հակառակ բռնագաղթին, ջարդերուն, հայրենիք կորուստին, հայ ժողովուրդը չընկրկեցաւ, այլ վերապրեցաւ, վկայեց եւ վերակառուցեց իր կեանքը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ: Ան առանձնապէս նշեց Պուրճ Համուտը` որպէս այդ վերապրումին կենդանի վկայութիւն, ուր հայութիւնը կարողացաւ պահպանել իր ինքնութիւնը, մշակոյթն ու հաւաքական կամքը:
Մ. Պալապանեան նաեւ ընդգծեց Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնութեան կենսական կարեւորութիւնը` նշելով, որ երբ երկուքն ալ համատեղ կը մտածեն, կը զգան եւ կը գործեն, միայն այն ատեն ազգային ուժը կը դառնայ ամբողջական: Ան վերահաստատեց, որ հայ ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է եւ ունի մէկ միասնական Դատ: Ան ընդգծեց, որ մենք կը մերժենք այն մօտեցումները, որոնք կը փորձեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դուրս մղել ազգային օրակարգէն` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը դիւրացնելու պատրուակով: Ան ընդգծեց, որ նման ճանապարհ մը անընդունելի է, եւ պատմական յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը չեն կրնար զիջման ենթարկուիլ:
Մ. Պալապանեան կոչ ուղղեց նոր սերունդին` յիշելու, պահանջելու եւ հայօրէն ապրելու, ան շեշտեց, որ իբրեւ ժառանգորդներ` բոլորը պատասխանատուութիւն ունին պահպանելու եւ փոխանցելու ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, պատմութիւնը եւ արժէքները:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Արարատ լերան խորհրդանշական նշանակութեան: «Թէեւ այսօր ան մեզմէ հեռու կը թուի եւ փորձ կը կատարուի զայն ջնջել իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, բայց իրականութեան մէջ ան միշտ ներկայ է մեր հոգիին ու սրտերուն մէջ եւ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Արարատը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հայ ժողովուրդը կարելի չէ արմատախիլ ընել, որովհետեւ մեր արմատները խոր են, մեր յիշողութիւնը` ապրող, եւ մեր կամքը` անսասան»:
Իր խօսքին աւարտին Մ. Պալապանեան վերահաստատեց հաւատարմութիւնը նահատակներուն յիշատակին, ազգային իրաւունքներուն եւ միասնական պայքարին` շեշտելով, որ ուժը կը գտնուի միասնութեան մէջ, իսկ ապագան` նոր սերունդներուն մէջ, որոնց պարտականութիւնն է շարունակել արդարութեան պահանջը եւ պահել ազգային յիշողութիւնը կենդանի:
Ապա Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Դարերու վրէժը» գործը, որմէ ետք Անտրէա Տեմիրճեան ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Օրուան պատգամը յղեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն, պատուելի Սեպուհ Թերզեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ ոգեկոչման վայրին կանգնեցուած խաչքարին` զայն որակելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող կոթող մը: Ան նշեց, որ ապրիլ 24-ը մեր պատմութեան ամէնէն ծանր արհաւիրքն է, սակայն միակ աղէտը չէ` յիշեցնելով 1800-ական եւ 1900-ական թուականներուն նահատակները, ինչպէս նաեւ` մինչեւ վերջին տասնամեակին Արցախի պատերազմին եւ շրջափակման զոհ գացած նահատակները: Ան աւելցուց, որ այս զոհերու ներառումով` նահատակներուն թիւը պէտք է վերանայուի եւ մէկուկէս միլիոնէն բարձրանայ աւելի քան 2.300.000-ի: Ան ընդգծեց, որ այս խաչքարը կը յաւերժացնէ բոլոր այս նահատակներուն յիշատակը, որոնց ցեղասպանութիւնը իրականացուած է Թուրքիոյ կամ անոր մեղսակիցներուն կողմէ:
«Մենք կը յիշենք ամբողջ ժողովուրդ մը, որ անցեալին եւ ոչ շատ հեռու անցեալին տեղահան եղաւ իր արմատներէն: Այդ ժողովուրդը մենք ենք այսօր, որովհետեւ մենք միայն մահը չենք յիշեր, մենք կը յիշենք կեանքը», ընդգծեց պատուելի Թերզեան` շեշտելով, որ արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդը նոր հողերու մէջ արմատ նետեց եւ իր սուգը վերածեց հաւատքի, յոյսի եւ ուժի: Ան բնութագրեց խաչքարը` որպէս լուռ վկայ, պատմութիւն եւ աղօթք, որ կը յիշեցնէ, թէ հայ ժողովուրդը կորսնցուց շատ բան, սակայն երբեք չկորսնցուց իր հաւատքը, արժանապատուութիւնը եւ ինքնութիւնը:
Անդրադառնալով Պուրճ Համուտին` պատուելի Թերզեան զայն ներկայացուց որպէս վերապրումի եւ ազգային կամքի կենդանի վկայութիւն: Ան ընդգծեց, որ հայորդիները հոն հասան գրեթէ ոչինչով, սակայն իրենց հետ բերին իրենց հոգին, լեզուն, հաւատքը եւ մշակոյթը, եւ կառուցեցին փողոցներ, եկեղեցիներ ու կառոյցներ` ոչ միայն քարով, այլ նաեւ` արցունքով, քրտինքով եւ անսասան կամքով:
Պատուելին շեշտեց, որ յիշելը արդարութեան պահանջ է եւ խոստում` երբեք չարտօնելու նման ոճիրներու կրկնութիւնը: Ան զգուշացուց, որ երբ աշխարհը լուռ կը մնայ բռնութիւններուն դիմաց, չարը կը համարձակի գործել, եւ աւելցուց, որ եթէ միջազգային ընտանիքը ժամանակին դատապարտած ըլլար նման ոճիրները, աշխարհը այսօր այլ պատկեր պիտի ունենար: Ան նաեւ նշեց, որ այսօր կը սպառնան նոր վտանգներ` մոռացութիւնը, անտարբերութիւնը եւ ձուլումը, շեշտելով, որ մոռացութիւնը ժողովուրդը կը «սպաննէ» երկրորդ անգամ: Ան գնահատեց եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն դերը, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հայուն հաւատքը, լեզուն, ինքնութիւնը ամուր պահելու:
Պատուելի Թերզեան կոչ ուղղեց միասնականութեան` ընդգծելով, որ որպէս ժողովուրդ` պէտք է մէկ ձայն դառնալ, որովհետեւ տարանջատուած ձայները անհասկնալի աղմուկ կը ստեղծեն: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ ոչ միայն յիշող, այլ նաեւ` արթուն եւ հաւատարիմ ժողովուրդ:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ վերածնունդի գաղափարին` նշելով, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ ամէն դժուարութեան, կը շարունակէ ստեղծել, կառուցել եւ պահպանել իր ինքնութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ: Ան ընդգծեց, որ ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքը, ինչպէս նաեւ լեզուն պատասխան են բոլոր փորձութիւններուն:
Պատ. Թերզեան կոչ ուղղեց ուխտելու` հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին, եկեղեցիին եւ միասնակամ ըլլալ: Ան շեշտեց, որ ապագան մեզմէ կախեալ է, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ Հայաստան եւ սփիւռք պիտի ձգենք մեր զաւակներուն, եթէ միասնակամ կերպով չգործենք հասնելու մեր նպատակներուն:
Խօսքի աւարտին պատուելի Թերզեան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեամբ աշխատելու ժողովուրդին բարօրութեան համար, ուժեղացնելու հայ երիտասարդութիւնը եւ գործելու անոր ապագային համար: Ան հրամայական նկատեց, որ եկեղեցական համակարգը, դպրոցները, միութիւններն ու եկեղեցիները առողջ հոգեւոր եւ ազգային կեանք ստեղծեն երիտասարդներուն համար, զանոնք դաստիարակեն ապահով եւ քրիստոնեայ միջավայրի մէջ, համաշխարհայնացումէ հեռու:
Աւարտելով իր պատգամը` պատուելի Թերզեան վերահաստատեց հաւաքական ուխտը` ապրիլ արժանի կեանք մը` նահատակներուն յիշատակին արժանի կերպով:
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ աղօթք` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:







