Անգամ մը եւս վերահաստատելով իր մնայուն կառչածութիւնը յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու ուղեգիծին, ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը 24 Ապրիլ 2026-ին իր մասնակցութինը բերաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցի ոգեկոչումին:
Կանուխ առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ տիար Յակոբ Տանձիկեան եւ անդամներ տիկ. Միրէյ Խանամիրեան, դոկտ. Դալար Աթէշեան եւ տիար Յակոբ Ճըղըլեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին, Անդրանիկ Սեւանի ու Անդրանիկ Անթիլիասի խումբ մը սկաուտներու հետ այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ժաաթաուիի պատրիարքարան, ուր անոնց դիմաւորեց Պէյրութի թեմի օգնական եպս. Գերապայծառ Հայր Գրիգոր Պատիշահ, ընկերակցութեամբ հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանի ու ներկայութեամբ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի երբեմնի վարչական տիար Վահան Ղորղորեանի: Պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ մը զետեղեց Մեծ Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, ապա ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեան արտասանեց խօսք մը: Ան դրուատեց միութեան անդամները եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը՝ ներկայի դժուար պայմաններով հանդերձ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ վառ պահելու համար, յիշեցնելով, թէ այս լոկ ձեռնարկի մը մասնակցութիւն չէ, այլ բարձր աղաղակ՝ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի: «ՀԵԸ-ի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, որ իր հայկական ինքնութեամբ հպարտացող երիտասարդ սերունդը յանձնառու է միութիւնը կերտողներուն պատգամին, ծառայասէր ու նուիրեալ ոգիով կը շարունակէ երթը, ապացուցելով, թէ այսպիսի զաւակներ ունեցող ազգը միշտ պիտի գոյատեւէ ու աւելի զարգանայ», ըսաւ Ճըղըլեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ հետեւողական սերտ համագործակցութեան համար:
Յաջորդ կանգառը ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնն էր, ուր պատուիրակութեան միացան ՀԵԸ-ի Կեդրնական Վարչութեան ատենադպրուհի օրդ. Գարին Գալինճեան, անդամներ տիկ. Թալին Ճէպէճեան, օրդ. Գարօլին Չայլեան եւ Տոքթ. Շահէ Փարթամեան, ինչպէս նաեւ ենթավարչութիւններու անդամներ, որոնք միասնաբար լուսանկարուելէ ետք կատարեցին ամէնամեայ աւանդական երթը դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանք՝ մասնակցելու համար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուող Սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ անոր յաջորդած սրբադասուած նահատակներու բարեխօսական կարգին՝ հանդիսապետութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբը քոյր միութիւններու փողերախումբերուն հետ նուագեց մահերգը եւ քայլերգները, մինչ տեղի կ’ունենար ծաղկեպսակներու զետեղում՝ Նահատակաց մատրան առջեւ: ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին անունով ծաղկեպսակ խոնարհեցին Յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան եւ փոխատենապետ տիար Վազգէն Հատիտեան, ապա ծաղկեպսակներ զետեղուեցան նաեւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀԲԸՄ Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին անունով: Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայ երիտասարդներուն պահանջատէր ոգին, իսկ փողերախումբերը հանդէս եկան ազգային երաժշտութեամբ:
Օր մը առաջ, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Զահլէի ատենապետ տիար Շանթ Չինչինեանին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի Տեղական Վարչութեան ատենապետ տիար Ռաֆֆի Քանպէրեանին եւ ՀԲԸՄ Զահլէի Տիկնանց Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Հուրիկ Պոյաճեանին ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեց քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր միութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ:
Ապրիլեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումով, ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը վերստին ապացուցեց, թէ ըլլալով լիբանանահայ համայնքի գործունեայ մասնիկ մը, արժանաւորապէս կը կրէ նախնիներուն աւանդը եւ հաւատարիմ կը մնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին:


