Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զմմառեանք Ի Սփիւռս Աշխարհի» Տարեգիրքի 31-րդ Թիւի Շնորհահանդէս

April 17, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Զմմառու մայրավանքի վարչութեան, ուրբաթ, 10 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի  «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ  «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի»  մշակութային միութեան, կայացաւ «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» տարեգիրքի 31-րդ թիւին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ ըսաւ, թէ այս հատորը լոկ դէպքերու արձանագրութիւն չէ, այլ հոգեւոր վկայութիւն մը` հիւսուած յիշողութենէ, հաւատքէ եւ ստեղծագործ միտքէ. հատորը իւրաքանչիւր անձ կը հրաւիրէ մտնելու այն խորհրդաւոր տարածքը, ուր ժամանակը կը մեղմանայ, եւ հոգին կը սկսի լսել իր իսկ խորունկ ձայնը: Ան նշեց, որ հատորին ծննդավայրը Զմմառու մայրավանքն է, որ դարերէ ի վեր եղած է հաւատքի, կրթութեան եւ մշակոյթի անսպառ աղբիւր, աւելցնելով, որ ան սոսկ վանք մը չէ, այլ` հոգեւոր եւ մտաւոր արգանդ մը, ուր ծնած եւ հասակ առած են մեր եկեղեցական, գրական եւ ազգային արժէքները:

Մարալ Հարպոյեան նշեց, որ «Զմմառեանք» տարեգիրքը այդ ժառանգութեան գրական արտացոլացումն է` միաժամանակ յիշողութիւն եւ ստեղծագործութիւն, վկայութիւն եւ հրաւէր: Ան կը միաւորէ սփիւռքի հայորդիները` միեւնոյն հոգեւոր եւ մշակութային թելերով հիւսուած միասնութեան մէջ:

«Թող այս գիրքը շարունակէ ըլլալ լոյսի աղբիւր, ներշնչումի շունչ եւ հաւատքի վկայութիւն` առաջնորդելով մեզ դէպի խորք, դէպի արմատ, եւ սլացող դեւեր տայ դէպի ապագայ», եզրափակեց ան:

Ապա սրնգահար Կասիա Լեւոնեան  եւ   երգեհոնահար  Վերոնա Ռուսիալեան ներկայացուցին Ծովակ Համբարձումեանի «Տրապիզոնցիների պար» եւ Կոմիտասի «Հով արէք» կտորները:  Ասմունքով հանդէս եկաւ Մէյրի Էքմէքճեան, որ ներկայացուց  «Իգնատիոս արք. Մալոյեան» կտորը` Յարութիւն Տէր Պետրոսեանի:

Տարեգիրքին գրախօսականը մասնագէտի մօտեցումով ներկայացուց` հայկական մամուլի առաջատարներէն, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանը: Ան նախ անդրադարձաւ շնորհահանդէսի ապրիլ ամսուան մէջ կայացումին` նշելով, որ ապրիլը մեր ժողովուրդի պարագային համահայկական նշանակութիւն ունի եւ իր մէջ կը խտացնէ մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան, միւս կողմէ, սակայն, վերապրումի խորհուրդը: «Եւ արքեպիսկոպոս Մալոյեան ինքնին խորհրդանիշ է այդ երկուքին: Ցեղասպանութեան զոհ գացած, սակայն իր քրիստոնէական հաւատքին ամուր կառչած եւ ատով իսկ հայութեան վերապրումի ուղերձը փոխանցած սուրբ մը, որ ամէնէն առաջ հաւատաց հոգիներու վերապրումին, վերակերտումին, երբ ամրագրեց իր բառերով` «Տայ Աստուած, որ ամենայն մեղաւորաց հոգին արեամբս կարող ըլլայի շահիլ»:

Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Յարութեան տօնը, որ իր կարգին կը խորհրդանշէ ինքնազոհողութիւնը` փրկելու համար համայն մարդկութիւնը:

«Որեւէ ժողովուրդ չունի այն անքակտելի քրիստոնէական փոխկապակցուածութիւնը, որքան` հայ ժողովուրդը: Գողգոթան եւ յարութիւնը իրար զօդած եւ անքակտելի յաջորդականութիւն ենթադրող այս մեծ խորհուրդը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ քրիստոնէական նշանակութիւն ունի, որ դարձեալ կը մարմնաւորուի Մալոյեան արքեպիսկոպոսով:  Մալոյեանի պարագային` նահատակուիլ վերականգնելու եւ վերակերտելու համար հայութեան հոգիները. հայութեան պարագային` Ցեղասպանութեան ենթարկուիլ եւ ապա վերակազմակերպուիլ եւ վերստեղծել պետութիւնը եւ Ա. հանրապետութիւնը. եւ վերջապէս, Քրիստոսի պարագային` գողգոթանալ, խաչուիլ եւ յարութիւն առնել` ինքնազոհումով փրկելու համար համայն մարդկութիւնը:

Ապա Գանտահարեան խօսեցաւ մերօրեայ մշակութային ցեղասպանութեան մասին, երբ Պաքուի իշխանութիւնները Արցախի քրիստոնէական մեր ժառանգութիւնը նենգափոխման կ՛ենթարկեն եւ յատուկ ռազմավարութեամբ կը յաջողին թափանցել քրիստոնեայ աշխարհի մայրաքաղաքն ու կեդրոնները` հայկականը ներկայացնելով իբրեւ աղուանական կամ ուտիական ճարտարապետական կոթողներ` նպատակ ունենալով Արցախի մէջ հայ ժողովուրդը ներկայացնել իբր թէ եկուոր, ոչ թէ` բնիկ:

Այս բոլորին լոյսին տակ ան հրամայական նկատեց պատասխան տալու պատրաստ ու ատակ ըլլալը, այս ծիրին մէջ ալ  անդրադարձաւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պատասխանատուներու հետեւողական աշխատանքներուն, որոնք արդիւնք տուին: «Մալոյեանի սրբադասումը եւ մինչեւ սրբադասում եկեղեցական դատի իւրաքանչիւր փուլ մեծ առիթ եղան Հայոց ցեղասպանութեան մասին համաշխարհային մակարդակով քրիստոնեայ կեդրոնին  եւ անկէ տարածուած ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ Ցեղասպանութեան դատին անժամանցելիութիւնը շեշտելու», ըսաւ ան:

«Մալոյեանի սրբադասումը յաղթե՛ց այն ամբողջ ճիգին ու խեղաթիւրման քաղաքականութեան, որ Պաքուն փորձեց իրականացնել տրամադրելով հսկայական գումարներ: Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւորական փաղանգը` առանց ամպագոռգոռ յայտարարութիւններու, առանց բողոքներու եւ առանց աղմուկի, Վատիկանի եկեղեցական համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ յաջողեցաւ արձանագրել այս միջազգային իրադարձութիւնը: Ժամանակը իր խօսքը ըսած էր, եւ սրբացած Մալոյեանը այս անգամ յաւիտենականութենէն դարձեալ կը վերակերտէր անարդարութեան դէմ հաւատքով պայքարելու կոչուած եւ այս գործին լծուած բոլոր հայորդիներուն հոգիները», շեշտեց բանախօսը:

Ան անդրադարձաւ` ներկայիս Լիբանանի մէջ ծայր առած պատերազմին, արձանագրուող մեծաթիւ զոհերուն եւ վիրաւորներուն, հսկայական քանդումներուն եւ անմարդկայնութիւններուն: «Իգնատիոս արքեպիսկոպոսի մտածումներու հետեւողութեամբ եւ իր բառերով` «Տար Աստուած, որ լիբանանցի անմեղ ժողովուրդին թափած արիւնը կարողանար շահիլ մեղաւորաց հոգիները», որպէսզի իբրեւ ազգ եւ ժողովուրդ` միաւորուէին վերջ տալու համար ամէն տեսակի պառակտումներու եւ գերադասելու այս երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, Լիբանանը վերստին դարձնելու համար աւետարանական խաղաղութեամբ արարող երկիր: Ահա՛ Մալոյեան արքեպիսկոպոսի այսօրուան պատգամը` ցեղային զտումի ենթարկուող եւ իր ամբողջականութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կանգնած լիբանանցի ժողովուրդին», նշեց բանախօսը:

Շահան Գանտահարեան շեշտեց, որ այսպիսով նոր գործադաշտ կը բացուի սրբադասուած Մալոյեան արքեպիսկոպոսի արխիւներու հետազօտութեամբ, որովհետեւ բացայայտուող եւ տակաւին բացայայտելի արխիւները հսկայական նպաստ կը բերեն Հայ դատի աշխատանքներուն` գիտական մակարդակով եւ փաստացի տուեալներով ցեղասպանական քաղաքականութեան բոլոր ծալքերը բացայայտելու:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Գանտահարեան  անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Մալոյեանի նահատակութեան խորհուրդին մէջ կայ անոր ափսոսանքը`  օրին ռումբ եւ զէնք չունեցած ըլլալու, պատգամ մը, որ զուգահեռ կը գծէ Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփի գաղափարախօսութեան հետ` միեւնոյն հրամայականին շուրջ համախմբելով հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ազգային գաղափարախօսութեան ուղեգիծները: Ան շեշտեց, որ այսօր Խրիմեանի երկաթէ շերեփը եւ Մալոյեանի ռումբն ու զէնքը մեր հաւատքին, մեր համաքրիստոնէական արժէքներուն տարածումն է, բայց նաեւ` մեր անդուլ աշխատանքով Արեւմտահայաստանի թէ Արցախի մէջ բռնագրաւուած մեր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ արգելակումը`  անոնց պատմութեան խեղաթիւրումին:

«Երկաթէ շերեփն ու այսօրուան զէնքը իրենց բառացի իմաստին կողքին, նաեւ մասնագիտութիւնն են, արհեստական բանականութեան լիարժէք տիրապետումը, գիտական աշխարհին մէջ հայկական ներկայութեան ամրագրումը եւ պատերազմի նոր կանոններուն եւ նոր մեթոտներուն տիրապետումը: Այս միջոցներով է, որ մենք` իբրեւ քրիստոնեայ ազգ, կը յաջողինք պաշտպանել մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը բոլոր տեսակի հարուածներէն եւ ներկայ քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ կ՛ունենանք անշրջանցելի դեր եւ տեղ: Այս հրատարակութիւնը, որուն շնորհահանդէսը կը կատարենք այսօր,  այդ ուղիէն ընթանալու  կարեւոր ուղեցոյց է», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:

Ապա Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Յոյս» երգչախումբէն խումբ մը տղաք`   ղեկավարութեամբ Ալեքս Լեւոնեանի, ներկայացուցին «Օ՛ն, դու ակումբ հրեշտակաց»-ը:

Ապա խօսք առաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ  նշեց, թէ հակառակ մերօրեայ դժուարութիւններուն, հակառակ անոր որ այսօր կարծէք աշխարհի ուշադրութենէն որոշ չափով շեղած ենք, սակայն պիտի շարունակենք աշխարհին ցոյց տալ մեր նախնեաց արժանիքները, որոնց խօսքերը լոյս են մեզի:

«Գրաւոր ժառանգը ապացո՛յց է ճշմարտութեան եւ իրենց սրբակենցաղ վարքը` ապաւէն մեր գործունէութեան: Ուստի պիտի շարունակենք լրատուական դաշտին մէջ մեր ջանքերը չխնայել եւ շարունակել քարոզչութիւնը եւ մեր հանրութեան հոգեւոր ճանապարհները լուսաւորել չորրորդ իշխանութեան ճանապարհներով իսկ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հրամայական է այս բոլորը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան շեշտեց, որ այս համոզումէն մեկնած, հակառակ դժուարութիւններուն, կառչած են այս հատորի կեանքի կոչման, որպէսզի իրենց ձայնը լսելի դառնայ եւ այս կարեւոր առաքելութեան պատմութեան մէջ համեստ լումայ ներդրեն ու վառ պահենք իրենց միաբանակից սուրբը: Ան մանրամասնեց, որ հատորը` գիտական եւ արխիւային մակարդակով, պիտի  ծառայէ իբրեւ աղբիւր` սուրբին արժանիքները բացայայտող եւ վաւերագիր` իր վարքագրութիւնը ուսումնասիրողներուն սեղանին: Այնտեղ ամփոփուած են անսպառ փաստեր` սուրբին մասին, որոնք տրամադրելի են գիտաշխատողներու եւ հետազօտողներու համար:

Հայր սուրբը տեղեկացուց, որ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան 130-ամեակին առիթով  նոր թափ ստացած է Զմմառու մայրավանքի նոր արխիւատունը, որուն շինարարական աշխատանքները սկսած ենք եւ ամիսներ ետք, ըստ արժանւոյն, անոնք պիտի  պահպանուին  ընդդէմ արկածներու,  սակայն առաւել եւս` պատմութեան էջերէն շատ մը դրուագներ անհետացնողներուն եւ կամ կասկածանքի տակ դնողներուն, ճշմարտութիւնները խեղաթիւրողներուն, ազգային պատկանելիութիւնը սպառողներուն եւ սփիւռքեան տարածքին բազմադարեայ մեր կերտած պատմութիւնը անշքացնողներուն:

«Կը կրկնենք, թէ մենք պիտի շարունակենք արժեւորել Զմմառու մայրավանքի գանձատան մէջ նախանձախնդրութեամբ պահուած գանձերը, վկան` մեր հազարամեակներու պայքարներու, գոյութեան եւ դէպի մշտնջենականութիւն ճանապարհորդութեան», եզրափակեց Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան:

Ապա սոփրանօ Միրէյ Քիւթիւքճեան եւ  դաշնակահար Վերոնա Ռուսիալեան ներկայացուցին  Մեսրոպ Հայունիի եւ  երաժշտագէտ դոկտ. Ե. Թորիկեանի «Աչքերը Զմմառավանքին Ցաւամօր» երգը:

Ձեռնարկի  աւարտին հոգեւոր տէրը իր հայրական խօսքը արտասանեց` գնահատելով հատորին աշխատանքը, եւ մաղթեց, որ նման ձեռնարկներ հարստացնեն մեր հոգիները: Հուսկ, տեղի ունեցաւ գինեձօնը:

Յայտնենք, որ մուտքին  Նորայր Պուտաքեանի աշխատանքով ներկայացուած էին «Զմմառեանք»-ի տարբեր տարիներուն լոյս տեսած հատորներուն կողքերը` հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Ապրիլ 2026)

Յաջորդը

Տեղահանուածներն Ալ Մարդ Են Ի Վերջոյ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.