Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ

March 13, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 1 մարտին եւ երկուշաբթի, 2 մարտին լիբանանահայ արուեստասէրները առիթը ունեցան վայելելու Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին խնամակալութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Լիբանան ժամանած հայրենի  IM Project խումբի երգիչներուն իւրայատուկ եւ տպաւորիչ համերգները:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին սկիզբը բուժարանի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Սօսի Փոլատեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց բուժարանը ու բացատրեց բարեսիրական այս նախաձեռնութեան նպատակը` արժանավայել կեցութիւն ապահովել պատսպարեալներուն: Ապա հանդիսատեսները դիտեցին բուժարանին եւ անոր գործունէութեան վերաբերող տեսերիզ մը:

Պաշտօնական բաժինէն ետք բեմ բարձրացան IM PROJECT-ի անդամները եւ մօտաւորապէս երկու ժամուան տեւողութեան անոնք հրամցուցին հայերէն մաքուր երաժշտութիւնն ու հարազատ երգերը` բացառիկ կատարողութեամբ:  Ներկաները վայելեցին շարանը երգացանկի մը, որ կ՛ընդգրկէր` ազգայինը, սիրայինը, ազգագրականը, հայրենասիրականն ու յատկապէս Երեւանին նուիրուած երգեր: Հանդիսատեսները խանդավառուեցան, յուզուեցան, միացան երգերուն, պարեցին ու ծափահարեցին` ըմբոշխնելով հայկական հարազատ ու գեղեցիկ արուեստը, իրենց կարգին յուզելով նաեւ երգիչները, որոնք սրտի ջերմ խօսքեր արտասանեցին պարբերաբար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս առիթին համար:

Արուեստասէրներուն փափաքին ընդառաջելով` կիրակի օր նախօրօք չնախատեսուած երկրորդ համերգի մը կայացումը վերահաստատեց լիբանանահայ հանդիսատեսին սէրը եւ գնահատանքը մաքուր ու գեղեցիկ արուեստին:

Համերգներէն գոյացած հասոյթը տրամադրուեցաւ Ազգային բուժարանի «Պատսպարեալներու ֆոնտ»-ին:

Այս նախաձեռնութիւնը եկաւ միաձուլելու բարեսիրութիւնն ու հայ մշակոյթը` հաստատելով, որ հայ երգով, արուեստով եւ երաժշտութեամբ ապրիլն ու զայն ըմբոշխնելը եւս առիթ են դոյզն չափով իսկ ներդրում ունենալու հայ պատսպարեալներուն ի նպաստ տարուող նուիրական աշխատանքին մէջ:

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով  Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ
Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով  Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ
Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով  Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ
Նախորդը

Հայաշէն Թաղի Կազմութիւնը

Յաջորդը

«Իրան Չի Կրնար Մասնակցիլ Մոնտիալին» Կ՛ըսէ Իրանի Մարմնակրթութեան Նախարարը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.