Ուսուցչաց տօնին առիթով յաճախ առիթը ունեցած եմ երախտագիտութիւնս յայտնելու իմ ուսուցիչներուս, որոնք պատերազմի քաոսին մէջ, իրենց ահ ու սարսափը մէկդի դրած, ոմանք մեծ հոգածութեամբ ու մանկավարժական մօտեցումով, ուրիշներ` երբեմն անտեղի խստութեամբ ու հակամանկավարժական մեթոտներով փորձած են ուսում ու կրթութիւն ջամբել մեր սերունդին:
Այսօր կ՛ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել աւագ պաշտօնակիցներուս, որոնց շուքին տակ հասակ առինք մենք` երիտասարդ ու նորեկ ուսուցիչներս, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ուսուցչարանէն ներս: Անոնցմէ շատեր իրենց ուսումով փորձառութեամբ ու ինքնազարգացումով` կը կազմէին մեր ուսուցչարանի ներքին ոչ արհեստական բանականութիւնը:
Կը լսեմ օրիորդ Մանուշակին ամուր քալուածքը անցքերուն մէջ: Կը զգամ նորեկ ուսուցիչին նեցուկ եղող իր նայուածքը, ամէն հարցի մէջ կը լսեմ իր կշռադատուած խօսքերը, կը հիանամ գիտութեան ու լեզուներու իր անսպառ գանձարանով եւ իր շատ խիստ ու միաժամանակ շատ մարդկային նկարագիրով: Մտքիս մէջ դրոշմուած է իր հանդարտ կեցուածքը, երբ մեզի անձամբ կը յայտնէր իր քաղցկեղ ունենալու լուրը… սառած էինք ամէնքս… արցունք կար շատերուս աչքին մէջ… «Լա՛ւ, դեռ չմեռայ, կրնանք գործի անցնիլ», կը լսեմ` անդորրութիւնը իր շեշտին մէջ: Բացի վերջին փուլէն` իր հիւանդութեան ընթացքին մօտէն կը հետեւի դպրոցի անցուդարձերուն, շաբաթական դրութեամբ կը ստանայ, կը սրբագրէ ու ետ մեզի կ՛ուղարկէ դասի ծրագիրները` գնահատականներով կամ բարելաւումի առաջարկով … իր բացակայութեան ան աւելի՛ քան երբեք ներկայ է… Օրդ. Մանուշակ, շատ տխուր էինք, անտրամադիր քու ծանր լուրերովդ ու երբեք չփորձեցինք շահագործել քու բացակայութիւնդ… անուղղակիօրէն դպրոցը վստահած էիր մեզի ու չէինք կրնար ամօթով ձգել քեզ…
Հակառակ իր հիւանդութեան` յղութեանս ծանր շրջանին օրդ. Մանուշակը Սեդային միջոցով միշտ կապի մէջ էր ինծի հետ: Նոյնիսկ ինծի ղրկած էր դրական ներշնչումի խօսքերով լեցուն օրացոյց մը, որուն մէջ օրդ. Մանուշակին ձեռագիրը կ՛ըսէ. «Այս գրքոյկը օգտակար եղաւ ինծի, յուսամ` նաեւ քեզի»: Այսքան. կարճ, կտրուկ, տեղին:
Մեծ հպարտութիւն էր ունենալ նախկին տնօրէնս` պրն. Կարօ Յովհաննէսեանը` իբրեւ պաշտօնակից ու… աթոռակից: Էապէս արդար, խորքային քրիստոնեայ, մտաւորական, խոնարհ, հեռատես ու անխոնջ աշխատող: Պարզ ու հաղորդական էր բոլորիս հետ: Ուրախ էի, որ ինձմէ ետք իմ մեծ մանչս ալ առիթը ունեցաւ աշակերտելու իրեն: Մօտէն կը հետեւէր իւրաքանչիւր աշակերտի յաջողութեան ու դժուարութիւններուն. պետական քննութիւններու ընթացքին կը քաջալերէր, զգաստութեան կը հրաւիրէր ու դարձեալ կը բացատրէր: Մինչեւ օրս ալ միշտ կը հետաքրքրուի շրջանաւարտներու լուրերով ու անպայման քաջալերանքի խօսք մը ունի անոնց:
Ու ահա օրդ. Յասմիկ Նաճարեանը, ինքնամփոփ ու լուռ. մեր հայերէնի բոլոր հարցերուն հեղինակաւոր դատախազը, իր հայերէն հին բառարաններով ու քերականական գիրքերով կը վճռէ մեր բոլորին քերականական եւ ուղղագրական հարցերուն դատերը, որպէսզի ոչ մէկ հարցարանի մէջ ոչ մէկ սխալ սպրդի:
Կը յիշեմ օրդ. Սեդան, լուռ ու հանդարտ նկարագիրով` երկնքի տակ բաց հանրագիտարան. մեր գիտական բոլոր հարցումներուն գիտակ կամ անոնց պատասխանները հանրագիտարաններու մէջ միասին պրպտելու պատրաստ, գլուխը միշտ հակած աշխատանքի մը վրայ (կը յիշեմ առաջին տարիս, երբ առաջին դասարանի աշակերտներուս կը բացատրէի, թէ բոլոր պտուղներուն կուտը կամ կորիզը կը ցանենք… աշակերտ մը հարցուց, թէ պանանին ի՞նչը կը ցանենք… ու թէ` ինչպէ՛ս ես, Նորան ու Լուսինը օրիորդ Սեդային հետ փնտռեցինք մեր ամէնէն փոքրիկ աշակերտին մեծ հարցումին պատասխանը):
Ու ահա՛ մանկութեանս ու պատանեկութեանս ընթացքին իրենց գրախանութէն գիրք ընտրելու ընթացքին ինծի միշտ ուղղութիւն տուած ու ընթերցասիրութիւնս քաջալերած Անի Բագրատունին. ծայրայեղօրէն խստապահանջ հայերէնին ու հայկականին նկատմամբ: Դասապահ մը եւս հայերէնին տրամադրելու, օր մը աւելի դաս ընելու եւ քիչ մը աւելին տալու, ինչպէս նաեւ հայկականն ու աւանդականը տալու իր անզիջող կեցուածքով: Նաեւ` կարգ մը հեղինակներու մասին իր ունեցած յաւելեալ տեղեկութիւններով ու հետաքրքրական մանրամասնութիւններով:
Կը յիշեմ նաեւ պրն. Մինաս Փափազեանն ու ընկ. Շանթ Եագուպեանը, որոնց` մաքրոպայոթիքի ու օրկանական սնունդի մասին ունեցած լայն պաշարին կը ծանօթանայինք, ու այդ օրերուն մեզի անծանօթ ուտեստներու մասին իրենց տուած տեղեկութիւններուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէինք ուսուցչարանէն ներս:
Կը յիշեմ տիկ. Հուրի Ճէրէճեանը` իր մի՛շտ վայելուչ հագուածքով ու հաճելի զրոյցներով, Լենա Ճինպաշեանը` իր հիւրասէր, մարզասէր ու ընկերական խառնուածքով, Նորա Թաշճեանը` իր պարկեշտութեամբ եւ գիտելիքի հանդէպ ունեցած մեծ սիրով, Լուսին Յարութիւնեանը` իր համբերութեամբ, ազնուութեամբ ու կենսաբանութեան մասին լայն տեղեկութիւններով, Թալին Օրտողլեանը` խանդավառ, միշտ երիտասարդ հոգիով եւ հարցերը չբարդացնող նկարագիրով, հայերէնի կողքին` համակարգիչի գործածութեան մէջ ունեցած իր հմտութեամբ (եւ նոյնիսկ թերիխ-ժողրաֆիան մատչելի դարձնելու իր կարողութեամբ), օրդ. Շողիկը` իր ունեցած աստուածաբանական խոր ըմբռնումներով, նախկին ուսուցչուհիս` Զեփիւռ Նէնէճեանը, էնիսէ Էլմոնը` իր մեղմ նկարագրով, պրն. Ադամ Թազեանն ու պարոն Կարօ Այնեճեանը` իրենց լուռ ու հանդարտ կեցուածքով:
Բակին մէջ կը տեսնեմ հսկիչ Յակոբները` Ռուսեալեանն ու Կիւլիւմեանը, իրենց կատակասէր խառնուածքով, ընկերային նկարագիրով ու մարզանքի ու գնդակի հանդէպ իրենց ունեցած մեծ սիրով:
Ու սերնդակիցներէս Շաղիկ Խուտավէրտեանը` իր հոգեբանական ու մանկավարժական հմտութիւններով, Թալին Մարտիրոսեանը` իբրեւ թուաբանութեան համադրող ու սրտանց բացատրող (կը յիշեմ, ամառդ չէր սկսեր` նախքան պետական քննութիւններու արդիւնքներու հրապարակումը) , որոնց հետ միասնաբար կը կիսէինք առաջին անգամ զաւակ ունենալու մեր մտահոգութիւններն ու ծիծաղելի արկածախնդրութիւնները. պրն. Վիգէն Աւագեանը` քննական եւ այժմէական ձեւով Հայոց պատմութիւնը սիրելի դարձնելու իր ճիգով, Սրբուկն ու Զեփիւռը` մեր միութենական նիւթերով, Ռիթան` իր հոգածութեամբ, պրն. Զոհրապը` գիտութիւնն ու արդիական միջոցները միաւորելու իր ջանքերով, Զապէլն ու Մարիթթան` իրենց արաբերէնի բարձր իմացութեամբ, Փասքալը` իր անուշ բնաւորութեամբ, Անի Կոստանեանը` իր անսակարկ նուիրումին շնորհիւ դպրոցին ապահոված պարի միջդպրոցական մրցանակներով, Թամար Ստեփանեանը` իր անկեղծութեամբ ու հագուածքի իւրայատուկ ճաշակով, Ալինը` իր հանդարտ հիւմըրով, Սիլվան` իր քնէֆէներու հիւրասիրութեամբ, Հուրի Քէշիշեանը` իր մեղմ, յարգալիր ու հասկցող վերաբերումով, Լիւսին ու Վարդուկը` իրենց ստեղծած հարազատ ու մտերմիկ մթնոլորտով ու Սեւանը` իր հայերէնի իմացութեամբ ու հաճելի զրոյցներով: Տակաւին` մանկապարէզի ուսուցիչները` իրենց հոգածութեամբ եւ գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով:
Եւ յանկարծ… ամէնէն փոքր ուսուցչուհին ըլլալու պատուանդանէն զիս վար առաւ Արմիկ Փանոսեանը, անգլերէնի կողքին սննդարար ու վնասակար ուտելիքներու մասին իր լուրջ հետաքրքրութեամբ, ապա Լուսին Գազանճեանը, Մարիա Կիրակոսեանն ու Լիւսի Տօնիկեանը վերջնականապէս փակեցին ամենափոքրը ըլլալու յոյսերս, միաժամանակ դառնալով գործնական ու հաճելի պաշտօնակիցներ եւ նոյնիսկ օգնելով ինծի, երբ կարիքը զգացուէր:
Այսպէս, իւրաքանչիւր պաշտօնակիցի բերած տարբեր երանգով գեղեցիկ երանգապնակ մը դարձած էր մեր ուսուցչարանը, որուն ջերմ յարկին տակ անցուցի… մօտ քառորդ դար…
Միասին վայելեցինք Լիբանանի համեմատաբար խաղաղ օրերը, միասին մեծցանք ու մեր աչքերուն առջեւ հասակ առին մեր զաւակներն ու աշակերտական տասնեակ սերունդներ, միասին դիմագրաւեցինք տարբեր տնօրէնութիւններու բերած դրական ու ժխտական փոփոխութիւնները, տարակարծութիւններ ունեցանք, անհատական դժուարութիւններ յաղթահարեցինք, պատերազմական օդանաւերը մեր գլխուն վերեւ` դաս բացատրեցինք, «Քորոնա»-ի ընթացքին ԱՄԷՆ ՕՐ առցանց պահեր ունեցանք ու ապա դիմակներով շարունակեցինք մեր աշխատանքը, հազարումէկ ձեռնարկ կազմակերպեցինք, քննադատեցինք, գնահատեցինք, ամէն տարի training-ներու գացինք (եւ երբ մենք չգացինք, իրենք եկան…), Secret Santa-ներ խաղացինք, ուսուցչաց տօներ ունեցանք (ու յետտօնական անմոռանալի մթնոլորտ), միասին ճաշեցինք, ռեժիմներ սկսանք ու կէս ձգեցինք, խնդացինք ու շաղակրատեցինք… ու այս բոլորէն մեզի մնացին` գեղեցիկ յուշերը, յաջողութիւնները, մեր աշակերտներու եւ ծնողներու կողմէ մեզի հասած քաջալերական խօսքերն ու բազմաթի՜ւ նկարներ:
Այս երախտագիտութեան խօսքիս մէջ կ՛ուզեմ յիշել նաեւ անձնակազմի այն անդամները, որոնք թէեւ ուսուցիչ չէին, սակայն կիսեցին վարչական օգնականի իմ եօթը տարիներս: տիկին Արշօ Թապագեանը` իսկական հաշուապահի գաղտնապահ ու բծախնդիր նկարագիրով, կեանքի առաջին ուսուցչուհիս` տիկ. Տիգրանուհի Թովմասեանը` ոչինչէն ձեռային աշխատանք ու գեղեցկութիւն ստեղծելու իր ճարտարութեամբ, Լենան` իր ֆոթոքոփիներու անվերջանալի շարքով, պրն. Շանթ Տեմիրճեանը` իմ փասուըրտերու գանձապահս ու թեքնիք հարցերու պատրաստակամ ու արագ լուծումներ գտնող, ինչպէս նաեւ մեր աշակերտներուն արհեստագիտութեան մտահորիզոնը զարգացնող իր հմտութիւններով. խանդավառ, սիրուն ու բարդ գործերը կատակով, բայց բծախնդրութեամբ կատարող Մարիա Ադամեանը, մեր ազնիւ ու համբերատար հիւանդապահուհիները` Ալինան ու ապա Լիզան, որ ամբողջ քորոնայի ընթացքին մէկ առ մէկ աշակերտներուն տաքութիւնները չափելով բեռնաւորուած էր. ընկերային ու նիւթական դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներով զբաղող Ալինը, Սոնա Հնոյեանը իրեն յատուկ «հելլօ»-ով, ուղղավարժ Շաղիկ Կոկոնեանն ու հոգեբան Բալիկ Խտրլարեանը ու դեռ շատեր, որոնք երբեմն հպանցիկ անցած են մեր քոլեճէն, կամ եղած են մանկապարտէզի ուսուցչուհիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն յիշատակ մը ունիմ հոգիիս խորը:
Դարձեալ ծանր օրեր են Լիբանանի համար: Անապահովութիւնը կը սպառնայ դպրոցական բնականոն տարեշրջանին… նոյն յիսնամեայ պատերազմական գլանը կը շարունակէ թաւալիլ…
Սիրելի, շա՛տ սիրելի պաշտօնակիցներ, այս աշխարհի մէջ թէ անդին, մեր դպրոցին մէջ` թէ այլուր, գիտեմ, որ այս տողերը բնաւ պիտի չկարենան լիիրաւ պատկերացնել մեր ուսուցչարանի համն ու հոտը, կամ ձեզմէ իւրաքանչիւրին հետ եղած անձնական կապը, սակայն Ուսուցչաց տօնին առիթով ընդունեցէք իմ սրտագին բարեմաղթութիւններս` իբրեւ երախտագիտութեան փունջ մը:
Ձեր բոլորին վա՛րձքը կատար:






