Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագրին

March 6, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակին, 31 յունուարէն 7 փետրուար 2026-ին կայացաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու (ոչ քաղկեդոնական) երիտասարդ հոգեւորականներու յատուկ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծանօթացման (Study Visit of Young Priests and Monks of oriental Orthodox Churches) 6-րդ տարուան ծրագիրը: Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յիշեալ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկու երիտասարդ հոգեւորականներ` դպրեվանքի հսկիչ ու մայր տաճարի դպրապետ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն` Սան Ֆրանսիսքոյի հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան: Ծրագիրին մասնակցեցան Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու հոգեւորականներ եւս:

Երկու Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագրին
Երկու Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագրին

Երիտասարդ հոգեւորականները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի հովանիին տակ գործող զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն եւ հանդիպում ունեցան անոնց պատասխանատուներուն հետ: Ծրագիրը նաեւ ընդգրկեց զանազան եկեղեցիներու, վանքերու, համալսարաններու եւ մատենադարաններու այցելութիւններ: Այս առիթով հոգեւորականները մասնակցեցան նաեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պապական տաճարին մէջ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին, որ մատուցուեցաւ նորին սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապին ձեռամբ:

Այցելութեան օրակարգին մէջ յատուկ տեղ գրաւեց պապին հետ հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին ան ողջունեց ներկայ հոգեւորականները: Խօսելով Արեւելեան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց մասին` ըսաւ, որ մեր բազմազանութիւնը միութեան սպառնալիք մը չէ, այլ պարգեւ մը` Սուրբ Հոգիէն, որով կը հարստացնէ ընդհանրական եկեղեցին: Հանդիպման աւարտին իւրաքանչիւր հոգեւորական առիթ ունեցաւ պապին օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով մեր Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները հաղորդեցին պապին:

Նշենք նաեւ, որ կիրակի, 1 փետրուար 2026-ի առաւօտուն Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին քարոզեց եւ օրուան պատգամը յղեց Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան:

 

Նախորդը

Վատիկան. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Նուիրուած Յիշատակի Օր Վատիկանի Մէջ

Յաջորդը

Համաշխարհային Յայտնի Առաջնորդներ, Որոնք Սպաննուած Են

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.