ՖԻՖԱ լրջօրէն մտահոգուած է եւ 2026-ի մոնտիալին գծով Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունենալիք մրցումները կը մտածէ տեղափոխել այլ երկիր մը, այս ընթացքին ալ պէտք է վերջնականապէս յայտնի դառնան մրցաշարքի մասնակիցները:
Հարցականի տակ են զտումի մրցումներէն անկախ Մոնտիալի մրցումները, որոնք նախատեսուած էին Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքոյի մէջ:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, խաղերու վայրի փոփոխութիւնը կը կիրարկուի իբրեւ վերջին քայլ միայն այն պարագային, եթէ անվտանգութեան մարմինները լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեն անվտանգութեան ապահովումի վերաբերեալ: Այժմ Մեքսիքօ ծայրայեղ լարուած վիճակի մէջ կը գտնուի թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան պարագլուխներէն մէկուն սպանութենէն ետք, այդ պատճառով ալ երկրին մէջ զանգուածային անկարգութիւններ ծագած էին: Զինեալներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները վերածուած են ջարդերու եւ փոխադարձ հրաձգութիւններու:
Նշենք, որ Մոնտիալի զտումի փլէյ օֆի գծով Ժամայքայի, Քոնկոյի եւ Նոր Քալետոնիոյ ազգային խումբերու մրցումները ծրագրուած էին Մեքսիքոյի մէջ 26-էն 31 մարտին: Հարցը այն է, որ տասնեակ հազարաւոր համակիրներ արդէն իսկ տոմսեր գնած են, ինչպէս նաեւ պանդոկներու մէջ իրենց ամրագրումները կատարած: Մրցումները տեղափոխելու պարագային, ՖԻՖԱ-ն ստիպուած փոխհատուցում պէտք է կատարէ համակիրներուն կրած նիւթական վնասներուն դիմաց:


