Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 17, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդանանց ճակատամարտի տօնախմբութիւնը լոկ հաւատքի եւ հայրենիքի համար զոհուած մեր սուրբերուն յիշատակումէն անդին` մեր քրիստոնէական ուխտի վերանորոգումն ու դարաւոր մշակոյթին վերապրումն է, որովհետեւ ճակատամարտէն բխած պատգամները կ՛ոռոգեն մեր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան մատուցեց սուրբ պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան ընդգծեց, որ մեծագոյն սէրը մարդուն` իր բարեկամներուն սիրոյն կատարած զոհաբերութիւնն է: Ան նշեց, որ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, մեզմէ իւրաքանչիւրիս պատուէրն է մեր կեանքը մեր նմանին համար տալ` բացայայտելով սիրոյ գերագոյն չափանիշը: Սրբազան հայրը աւելցուց, որ Քրիստոս Իր կեանքը տուաւ նոյնիսկ զինք խաչողներուն համար` յիշեցնելով, որ սէրը զգացում չէ, այլ նուիրում եւ ինքնազոհողութիւն է: Մանրամասնելով օրուան խորհուրդը` քարոզիչ սրբազանը յայտնեց, որ Վարդանանց սրբազան յիշատակը անցեալի հերոսական դէպք մը ըլլալէ անդին` կենդանի աւետարանական ճշմարտութիւն եւ վկայութիւն է այն մասին, որ անձ մը կրնայ ապրիլ ու վերածնիլ, երբ հաւատքը իր կեանքի առանցքն է: Ան ընդգծեց, որ չկայ աւելի մեծ սէր, քան` բարեկամներու համար անձնազոհութիւնը. «Այս խօսքը խաչի ճշմարտութիւնն է, եւ Վարդանանք այս խօսքին հետեւորդներն են», ըսաւ ան:

Սուրբ պատարագի աւարտին վեհարանի դահլիճին մէջ, դպրեվանքի աշակերտութեան ղեկավարութեամբ, տեղի ունեցաւ վարդանաշունչ երգերու հաւաքական երգեցողութիւն:

Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս յղեց իր պատգամը` ներկաներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ան ըսաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտը հայու ինքնութեան վերահաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայ ազգին ազատօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու վճռակամութեան ճակատամարտն էր: Ան աւելցուց, որ Վարդանի սուրով եւ Ղեւոնդ Երէցի խաչով մղուած պատերազմը, ուր Եկեղեցի ու հայրենիք, հաւատք ու պետութիւն իրարու հետ սերտօրէն շաղախուեցան եւ ճամբայ բացին հայ ժողովուրդի  գոյութեան յաւերժութեան: «Եւ այսպէս, Վարդանանց պատերազմով ներշնչուած, Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք հաւատքով թրծուած եւ ազատօրէն ապրելու հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքով պրկուած` տեղի ունեցան մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու յայտնի թէ՛ անյայտ պատերազմները` վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Այս հաւատքի դաւանանքը եւ ազգային դաւանախօսական սկզբունքը դարձան ուղեցոյց մեր ժողովուրդի դարաւոր տագնապալից պատմութեան»:

Ապա վեհափառը ընդգծեց, որ արդարօրէն ըսուած է, թէ Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի այսօր. «Անցեալը յիշել` կը նշանակէ անցեալը ապրիլ` իր տագնապներով, հաւատքով, ոգիով ու տեսլականով: Անցեալը յիշել` կը նշանակէ անցեալը յիշեցնել` իր տեսլականով ու պատգամով: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ անցեալը կը նկատէ անցած` իր ոգիով, հաւատքով, տեսլականով ու յանձնառութեամբ: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ անցեալէն եկող եւ սուրբերու ու նահատակներու աղօթքով շաղախուած խորհրդանիշները, իտէալները, տեսլականները եւ հաւատքը կը պահէ փոշիներու տակ ծածկուած: Ազգ մը կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ` իր սրբազան հաւատքով, իր ազգային վեհ իտէալներով եւ իր ազգակերտ ու հայրենակերտ խորհրդանիշներով»:

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը եզրափակեց` ըսելով. «Այսօր, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց յիշատակը նշել մեր ժողովուրդին համար, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը նշանակէ հաւատարիմ գտնուիլ վարդաններու ու ղեւոնդներու սրբազան կտակին: Որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր մեր ազգը հրամայական կարիքը ունի նոր իմն վարդաններու եւ ղեւոնդ երէցներու` սուրով եւ խաչով, այլ խօսքով` հաւատքո՛վ, հայրենիքին համար կռուելու կամքով, Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը ամէն բանէ վեր նկատող մեր հաւաքական կամքով կռուելու եւ արիւն թափելու սրբազան նախանձախնդրութեամբ: Այսպէ՛ս եղան Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք: Այսօր ա՛յս է պատգամը ղեւոնդներու ու վարդաններու` ապրի՛լ, գործե՛լ, ստեղծագործե՛լ` վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ վեհափառ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Նախորդը

«Արցախը Եղե՛ր Է, Արցախը Կա՛յ Եւ Արցախը Պիտի Մնա՛յ»

Յաջորդը

Մենք Մեր 135 Տարուայ Տէրն Ենք, Դուք Ձեր 8 Տարուայ Համար Պատասխան Տուէք

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.