Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Մեսսի Դէպի Արժանթի՞ն

February 6, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիոնել Մեսսի կրնայ անակնկալի բերել բոլորը` վերադառնալով իր պատանեկան տարիներու Նիուելզ Օլտ Պոյզ ակումբը:

38 տարեկան Մեսսի վերջերս «Միրըր»-ի լուրերէն մէկուն մէջ նշած էր, թէ կրնայ վերադառնալ Արժանթին, ուր 7 տարիներ բոլորած էր  պատանեկան օրերուն` 13 տարեկանին Պարսելոնային միանալէն առաջ:

Մեսսի, որ անցեալ հոկտեմբերին նոր պայմանագրութիւն ստորագրած էր Ինթեր Մայեմիի հետ, միշտ ունեցած է Նիուելզ Օլտ Պոյզի հետ խաղալու երազը:

Արժանթինցին 234 կոլեր նշանակած է Նիուելզի պատանեկան խումբերուն հետ եւ նոյնիսկ մարզադաշտին մէջ իր անունով կոչուած թրիպիւն մըն ալ ունի: Ըստ երեւոյթին մօտիկ ապագային ան դաշտ ալ պիտի ներկայանայ անոնց շապիկով:

Նոյնիսկ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ակումբի փոխնախագահ Խուան Մանուէլ Մետինա հաստատած էր որ բանակցութիւններ կը վարեն Մեսսին ձեռք բերելու մօտիկ ապագային (2027-ի առաջին մասին): Այս ծրագիրը Նիուելզէն աւելի վեր բան մըն է: Ասիկա Ռոզարիօ քաղաքի ընդհանուր ծրագիրներէն մէկն է, որ կրնայ յառաջացնել ամբողջ շրջանի ենթակառոյցը ի մարզական ապագան», նշած է «Միրըր»-ի լուրը:

Միւս կողմէ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ըստ երեւոյթին իր բողոքի արարքը պիտի շարունակէ յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով:

Երէկ 41 տարեկան դարձած Ռոնալտօ երկուշաբթի օր մերժած էր դաշտ ներկայանալ Ռիատ խումբին դէմ մրցումին, Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամը այպանելով, որ նոյնքան հոգ չի տանիր Նասր ակումբին, որքան Հիլալին:

Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամը (Փի. Այ. Էֆ.), որ սեփականատէրն է Հիլալի, Նասրի, Ահլիի եւ Իթթիհատի, փոխանցումներու ժամանակ ոչ մէկ մարզիկ ձեռք բերած էր ի նպաստ Նասրի, բան մը, որ զայրացուցած էր Ռոնալտոն: Աւելի՛ն. Քարիմ Իթթիհատը լքելով միացած էր Հիլալին, բան մը, որ աւելի եւս «կատղեցուցած» էր Ռոնալտոն, որ միշտ ալ կը նկատէր, որ Ֆետերասիոնը Հիլալին «տարբեր աչքով կը նայի»:

Այսօր Նասր Իթթիհատի դէմ մրցում ունի կատարելիք: Յաղթանակի պարագային Նասր պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը:

«Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պիտի շարունակէ նստիլ արհեստի աթոռներուն վրայ եւ նոյնիսկ լքելու մասին կը մտածէ, եթէ ան խոստումներ չստանայ ապագայի քայլերու գծով: Ան հաստատ խոստումներ կ՛ուզէ լսել «Փի. Այ.Էֆ.»-էն վարչական փոփոխութիւններու գծով, թէ ոչ ան յունիսին կրնայ լքել խումբը: Հակառակ մեծ թիւով կոլեր նշանակելուն,  Նասր տակաւին չկրցաւ ախոյեան դառնալ»,  կը գրէ «Միրըր»:

Նշենք, որ Ռոնալտօ 2023-ի յունուարին միացած էր Նասրին` անոր հետ կատարելով 95 մրցումներ եւ նշանակելով 91 կոլեր:

– Սպանիոյ Աթելթիքօ Մատրիտ ակումբը լրջօրէն հետաքրքրուած է Թոթենհամի արժանթինցի յետսապահ Քրիսթիան Ռոմերոյով:

Ռոմերօ վերջերս խստօրէն քննարկած էր Թոթենհամը ոչ բաւարար թիւով մարզիկներ ունենալուն համար:

Մարզիչ Թոմաս Ֆրանք միայն 4 մարզիկներ ունէր պահեստի աթոռներուն վրայ, մինչ մնացեալ մարզիկները երիտասարդներու խումբին մաս կը կազմէին Մանչեսթըր Սիթիի դէմ մրցումին:

«Լա Լիկա»-ի լաւագոյն ակումբներէն Աթլեթիքօ անցեալ ամրան չէր կրցած նիւթական աղբիւրներ գտնել հովանաւորելու այդ փոխանցումը:

Անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր, Ճեսի Լինկարտ Սէուլ Ֆ. Ք. ակումբը լքելէ ետք առանց ակումբի կը մնայ: Նետերլանցի Ռոպին Վան Փերսի կրնայ զինք միացնել Ֆեյենուրտ ակումբին:

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ին Ֆեյենուրտ կը հանդիսանայ այդ ակումբներէն մէկը, որոնք կապի մէջ մտած են Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ուեսթ Համի նախկին միջնապահ Ճեսի Լինկարտի հետ: 33 տարեկան անգլիացի մարզիկը այս շաբաթավերջին հաւանաբար վերջնական որոշում տայ իր ապագային գծով:

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Փորթուգալ Եւ Սպանիա Հասան Աւարտական

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Դանիէլ Կիրակոսեանի Պատմական Թրիփըլ-Տապըլը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.