Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչո՞ւ «Է»-ն եւ ոչ թէ ուրիշ մը… Խօսքը չի  վերաբերիր այն դրօշակներուն եւ  զինանշաններուն, որոնք պետութիւնը կը խորհրդանշեն, այլ անոնց, որոնք, իբրեւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ, իբրեւ ազգային սրբութիւն կը զետեղուին նաեւ պետական դրօշներու եւ զինանշաններու վրայ:

Էջմիածին, 1978. Յունուար

Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետ

«Թարգմանչաց տօներ»-ու ծիրին մէջ տարին երկու անգամ, տիկիններու եւ  ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ Վազգէն Ա. վեհափառին կ՛այցելէինք` մէկը յունուարին, Ծննդեան տօնին, միւսը` մայիսի սկզբին Համբարձման տօնին առիթներով, որոնց պարտադիր միշտ ներկայ կ՛ըլլար նաեւ` Խորհրդային Հայաստանի Կրօնից նախարարը: Վեհափառ հայրապետը այնքան ջերմութեամբ ու մտերմաբար կ՛ընդունէր ու կը հովանաւորէր մեզ, որ նոյնիսկ իր ներկայացուցիչները կը ղրկէր  «Թարգմանչաց տօներ»-ու նախաձեռնութիւններուն: Երբեմն մեզի հետ կու գար նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանը, որ շատ մօտ էր վեհափառին: Այդ օր, երբ պատահաբար Կրօնից նախարարը ներկայ չէր, վեհափառը իր հիւրասրահին մէջ ըստ արժանւոյն ընդունելէ ետք մեզ, տարաւ եւ ցոյց տուաւ վեհարանի նախասրահի պատին մէջ ամրացուած, միջին մեծութեամբ (մօտաւորապէս 70×50 սմ.) եւ իր պատուէրով իրագործուած կիրառական արուեստի երկու գեղեցիկ նմոյշներ, որոնցմէ առաջինը խաչքար մըն էր, իսկ երկրորդը` այբուբենը, երկուքն ալ ոսկեձոյլ ու ադամանդակուռ թանկագին քարերով նաշխազարդ: Սակայն մեզի համար մեծագոյն անակնկալն ու առաւել ցնցիչը այն եղաւ, որ վեհափառը մեզ ցոյց տուաւ նաեւ համեմատաբար փոքր (մօտաւորապէս 14 կամ 15սմ. բարձրութեամբ) բրգաձեւ ոսկեձոյլ առարկայ (obelisk) մը, որուն վրայ եւս ուղղահայեաց կերպով դրոշմուած էր այբուբենը, դարձեալ նաշխազարդուած` ադամանդակուռ թանկագին քարերով: Մենք համախմբուած էինք իր շուրջ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէր աւելի մօտէն տեսնել այդ փոքր մասունքը: Վեհափառ հայրապետը բացատրեց, թէ Պոլսոյ պատրիարքարանը այցելելու առիթով, օրուան պատրիարքը նուիրեր է իրեն այդ բրգաձեւ այբուբենը` ըսելով. «Տար Էջմիածին, փրկէ այս մասունքը, որովհետեւ ասիկա նախաձեռնած ու շինել տուած են Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն, Ռուբէն Սեւակն ու անոնց ընկերները, այբուբենի ստեղծման 1500-ամեակի առիթով»: Վեհափառը` ատկէ ներշնչուած, Էջմիածնի գանձատան մէջի գոհարեղէնները կը հաւաքէ ու կ՛որոշէ շինել տալ ոսկեձոյլ խաչքարն ու այբուբենը: Մեր տպաւորութիւնը մեծ էր ու ոգեշնչող, մենք կախարդուած էինք…: Յանկարծ, այդ գերլարուած պահուն, ան կանգ առաւ, գլուխը բարձրացուց, թեթեւ մը մօրուքը շփեց ու նշանակալից հայեացք մը պտտցնելէ ետք ներկաներուն  վրայ, մատնացոյց ընելով «Է» տառը ըսաւ.

«Թարգմանչաց տօներ» շարժման անդամները Վազգէն վեհափառին եւ Սիլվա Կապուտիկեանին հետ

– Մեր ոսկերիչ արուեստագէտները, աւելի քնքշութեամբ ու նրբութեամբ են հիւսել 7-րդ տառը` «Է»-ն, որովհետեւ դա մեր ազգային հոգեւոր արժէքների ու հաւատքի Էութիւնն է, սուրբ է ու խորհրդանշում նաեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ… :

Յանկարծ յիշեցի, որ Էջմիածնի Եղեռնի յուշարձանին վրայ նոյնպէս «Է» տառը կայ: Չկրցայ ինքզինքս զսպել եւ ընդմիջելով հանդերձ զինք, ըսի.

– Վեհափառ տէ՛ր, վանքի բակում զետեղուած Եղեռնի յուշարձանի վրայ եւս «Է» տառը քանդակուած է… ի՞նչ կապ ունի Ցեղասպանութեան հետ…:

Անգամ մը եւս իր պատկառելի հայեացքը պտտցուց մեր վրայ, խոր շունչ քաշեց ու ամենայն հանդարտութեամբ շարունակեց.

– Այո՛, Եղեռնի յուշարձանի վրայ «Է» տառը դրուել է, որովհետեւ յանուն «Է»-ի,  յանուն մեր ազգային հոգեւոր արժէքների ու ինքնութեան, յանուն մեր հաւատքի ու էութեան պահպանման, մէկուկէս միլիոն զոհ տուինք 1915-ին: «Է»-ն դրոշմուած է նաեւ Սուրբ Էջմիածնի խորանի ճակատին, որ մեր եկեղեցին պահպանել ու պաշտպանել է  դարերու ընթացքին, որպէս ազգային Սրբութիւն սրբոց:

Այդ օրը միայն տօնական չէր մեզի համար, այլ վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ կայացած խորհուրդներով լի հոգեպարար պահ մը… բախտով:

Եղեռնի նուիրուած յուշարձան Էջմիածինի բակին մէջ

Հոգեպէս լիացած, հաւատքով ամրապնդուած ու աստիճան մը աւելի հայացած, թէեւ հրաժեշտ տուինք վեհափառ հօր, այնուամենայնիւ ան դուրս եկաւ մեզի հետ, տարաւ Եղեռնի յուշարձանի դիմաց, եւ բացատրելէ ետք անոր վրայ պատկերուած «Է»-ի Կենաց ծառին, Արծիւին իմաստն ու բովանդակութիւնը, ցոյց տուաւ մեզի յուշարձանին կողքին զետեղուած եւ Խրիմեան Հայրիկի յիշատակին նուիրուած կոթողը եւս եւ մեր ուշադրութիւնը հրաւիրեց անոր վրայ փորագրուած հայրենի հողին վերաբերող մասին մակագրութեան, զոր նոյնութեամբ կը մէջբերեմ.

«Ահա թողում ձեզ մշտախօս կտակ, որ հայն իր հայրենատուր հողէն չբաժնուի, զի հողն պէտք է: Կենաց եւ մահու օր պինդ գրկէ Հողն» – Հայրիկ:

Ապա վեհափառը աւելցուց.

– Հայրիկի այս խօսքերից յետոյ նրա «Երկաթէ շերեփի» պատգամը աւելի իմաստալից ու այժմէական է հնչում…:

Այսպէս էր Վազգէն վեհափառը, որ իր  ջինջ հայրենասիրութեամբ, ջրդեղուած ամուր անհատականութեամբ, բանիմացութեամբ ու հայրական վարուելակերպով յարգանք ու ակնածանք «կը պարտադրէր»  մեզի… եւ ոչ միայն մեզի…:

Այս բոլորէն ետք, ինծի կը մնար ուսումնասիրել «Է» տառին իմաստն ու դերը հայ մշակոյթին մէջ:

Այդպէս ալ ըրի: Պարզուեցաւ, որ Ուխտասարի եւ Գեղամայ լեռներու ժայռապատկերներու վրայ պարբերաբար կը հանդիպինք «Է» տառին, սակայն մեզի համար ամէնէն յատկանշականը Մեծամօրեան ժայռապատկերներու վրայ դրոշմուած «Է»-ն է, պատկերուած` այլ երկու կարեւոր խորհրդանշաններու (եռանկիւնի եւ հաւասարակողմ վարդեակի) կողքին:

Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է տեղեկացնեմ հետեւեալը: Երբ Երեւանի  «Նեմեսիս» յուշարձանի զետեղումը նախաձեռնող տղաքը` Արմէն Գէորգեանն ու Կարէն Արիստակէսեանը խնդրեցին ինձմէ «Է» տառը մեկնաբանել, չէի կրնար մերժել: Անոնք Նեմեսիսէն ետք որոշած են  կառուցել այս անգամ Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը, որուն մանրակերտը պատրաստ է արդէն տաղանդաւոր քանդակագործ` Յակոբ Ճանպազեանի հեղինակութեամբ, այդ կոթողի ճիշդ ճակատին դրոշմած է «Է» տառը: Որովհետեւ յատուկ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ «Է» տառը հանգամանօրէն վերլուծելն ու մեկնաբանելը, որոշեցի անգամ մը եւս այցելել Էջմիածին ու Մեծամօրեան ժայռապատկերներ:

«Է» տառը Մեծամօրի ժայռապատկերներուն վրայ

Թանգարանի կառուցումէն ետք, Հայաստանի մշակոյթի նախկին փոխնախարար` Նարինէ Թուխիկեանի հետ փորձած էինք այցելել Մեծամօր, սակայն իշխանութիւնները թոյլ չէին տուած… «ապահովական» նկատառումներով: 2024-ի յունիսին դարձեալ Նարինէի հետ էի, նախ այցելեցինք Էջմիածին լուսանկարելու համար Եղեռնի յուշարձանն ու Վազգէն վեհափառի դամբարանը, ապա ուղղուեցանք դէպի Մեծամօր: Այս անգամ հեշտութեամբ տեղ հասանք: Թանգարանը լաւ կազմակերպուած էր ու ներկայանալի: Մեզ ընդունեցին ջերմութեամբ, բացատրելէ ետք ամէն ինչ ցոյց տուին նաեւ ժայռապատկերներու տեղը: Ի՜նչ ըսեմ, սրտի կսկիծով պիտի նշեմ, որ ժայռապատկերները կիզիչ արեւու ու հողմերու քմայքին տակ լքուած վիճակի մէջ են, եւ անյապաղօրէն ֆիզիքապէս զանոնք պաշտպանելու ու փրկելու կարիքը կը զգացուի… յատկապէս «Է» տառը իր յարակից երկու միւս խորհրդանշաններով… :

Վազգէն Ա. վեհափառի դամբանաքարին վրայ պատկերուած «Է» հայկական խաչին վրայ

Հետագային իմացանք, որ Վազգէն վեհափառը այնքան բարձր կը գնահատէր «Է» տառի սրբութիւնը ու կ՛առնչէր զայն հայ քրիստոնէական հաւատքին, որ իր կտակին մէջ կը թելադրէ իր մահէն ետք իր դամբանաքարին վրայ փորագրեն խաչը,  իսկ խաչին վրայ քանդակեն «Է» տառը: Իսկ 2016-ին, երբ Զանգեզուր գացինք տիկնոջս` Էլոյին, եւ լաւ ընկերներէն` հնագէտ-պատմաբան Վազգէն Գէորգեանի հետ, այցելելու համար Քարահունջի հազարամեայ աստղադիտարանն ու Ուխտասարի ժայռապատկերները, Վազգէնը Գորիսէն դէպի Մեղրի տանող ճանապարհին կանգնեցուած յուշարձան խաչքար մը ցոյց տուաւ մեզի, անոր վրայ եւս «Է» տառը կար: Մեր միջնադարեան բազմաթիւ ու բազմատեսակ խաչքարերու վրայ յաճախ կը հանդիպինք տարբեր ոճաւորումներով «Է» տառերու, սակայն այս մէկը իւրայատուկ էր ու յատկանշական, որովհետեւ խաչքարը զետեղուած էր Վազգէն վեհափառի այդ տարածաշրջանը այցելելուն առիթով, իսկ «Է» տառը անոր վրայ դրոշմուած էր իր յատուկ թելադրանքով: Այո՛, Վազգէն վեհափառը այսքա՜ն բարձր կը գնահատէր ու կ՛արժեւորէր «Է» տառն ու անոր խորհուրդը: Եւ բնաւ պատահական չէ, որ մինչեւ այսօր «Է» տառին կը հանդիպինք բազմաթիւ, թէկուզ ժամանակակից կոթողներու վրայ եւս… իբրեւ ազգային միասնականութեան խորհրդանշանի:

Մովսէս Հերկելեան Մեծամօրի աւերակներուն վրայ

Թէեւ այլ խորհրդանշաններ եւս (ինչպէս` Արարատ լեռը, նուռը, անմահութեան նշանակը, վիշապաքարը, խաչքարը, որդան կարմիրը…) կարելի է առաջարկել իբրեւ հայկականութեան ազգային խորհրդանիշ, այնուամենայնիւ սակայն իր իմաստային բովանդակութեամբ, ցեղային պատկանելիութեամբ, եւ մանաւա՛նդ իր ուրոյն բնոյթով յարմարագոյնը «Է» տառը կը թուի ըլլալ: Հակառակ անոր որ «Է»-ն հինէն ի վեր, պատմական խորքերէն` մեր ցեղային արմատներէն բխող, ազգային մեր գոյութեան գրաւականն ու մեր հաւատքի էութիւնն իսկ հանդիսացած է, դեռեւս կը շարունակէ լուսանցքի վրայ մնալ… մեր մշակոյթի մէջ: Չես գիտեր ինչո՛ւ շատերու կողմէ նոյնի՛սկ կ՛անտեսուի… ու մոռացութեան կը մատնուի:

Ինչո՞ւ Քանատայի (Մէյփըլ ծառի տերեւը), Թուրքիոյ (Հինգթեւանի աստղը), Սինկափուրի (Օրգիտէ ծաղիկը) եւ կամ  Լիբանանի (Մայրի ծառը) նման խայտաբղէտ ազգաբնակչութիւն ունեցող երկիրներ, առանց ազգային պատմական հիմքի կրցած են ունենալ իրենց միասնականութիւնը ամրապնդող խորհրդանշան մը, իսկ մենք` ոչ…

Ապարանի շրջանի Եղիպատրուք գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ճիշդ ճակատին պատկերուած է «Է» տառը

Ինչո՞ւ պատմութեան ընթացքին հայութեան նման հալածուած ու տառապած, նորակազմ պետութեան տէր, սակայն աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը` հրեաները, պիտի կարողանան ունենալ իրենց ազգային միասնական խորհրդանշանը իսկ մենք` ոչ… հակառակ անոր որ պատմականօրէն մենք շատ աւելի հարուստ ենք ազգային եւ հոգեւոր խորհրդանշաններով, քան` իրենք:

Հակառակ անոր որ հրեաներու ազգային պատկանելիութիւնը առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, պայմանաւորուած է կրօնքով` Մովսիսականութեամբ, անոնք իրենց կրօնական խորհրդանշաններէն որեւէ մէկը (Matzevot. Challah, Mezuza, Shofar, Torah, Memorah…) չորդեգրեցին իբրեւ ազգային միասնութեան խորհրդանշան: Այլ որդեգրեցին Դաւիթ թագաւորի զինուորներուն վահանին վրայ պատկերուած վեց թեւանի աստղը` (իրարու մէջ ագուցուած երկու հաւասարաթեւ եռանկիւնին), որ  Սողոմոն Իմաստունի կնիքին վրայ եւս ի յայտ կու գայ: Հակառակ անոր որ պատմականօրէն հրեական ազգային խորհրդանշանը չէ եղած եւ նոյնիսկ Հին Կտակարանի` «Թանախ»-ի մէջ եւս չի յիշուիր վեց թեւանի աստղը, անոնք 17-րդ դարուն   յատուկ որոշումով ընդունեցին զայն իբրեւ «Դաւիթի աստղ», որ ոչ միայն դարձաւ իրենց ազգային միասնականութեան խորհրդանշանը, այլ երբ անկախութիւն ձեռք բերին, զետեղեցին զայն նաեւ իրենց պետական դրօշին վրայ: Այսօր հրեաները փոխան խաչի կամ մահիկի իրենց վիզէն կը կախեն «Դաւիթի աստղ»-ը, որ կը խորհրդանշէ. «Աստուծոյ փոխարէն Աստուծոյ օծեալի թագաւորութիւնը ամբողջ աշխարհի եւ ողջ մարդկութեան վրայ»: Անոնք նոյնի՛սկ կրցան վերականգնել իրենց մեռած մայրենի լեզուն: Ի՞նչը կը խանգարէ մեզ, որ մենք կարողանանք ընդունիլ «Է» տառը, իբրեւ մեր ազգային հաւատամքի եւ աստուածային Էութեան  խորհրդանիշ, իբրեւ ազգային միասնականութեան սիմպոլ, զետեղել զայն ՀՀ պետական  դրօշի վրայ ու հպարտութեամբ կախել զայն նաեւ մեր վիզերէն…  Թէկուզ հայկական խաչի վրան… ինչո՛ւ չէ նաեւ` զիրար ճանչնալու համար: Մանաւանդ որ պատմականօրէն ապացուցուած է, որ մեր ցեղային արմատներէն` դարերու խորքերէն յառնած «Է» տառը մեր եկեղեցին ընդունած է իբրեւ Սրբութիւն սրբոց, եւ իբրեւ աստուածային լոյս կը դրոշմէ զայն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորաններու ճի՛շդ ճակատին, եւ կամ եկեղեցիներու մուտքի ճակտոնապատին, եռանկիւնի մէջ, որմէ կը ճառագայթէ տիեզերաստեղծ աստուածային Լոյսը, որ սակայն արեւը չէ: Տիեզերական այն լոյսն է, որ ուղիղ կը համեմատի քրիստոնէական վարդապետութեան, որովհետեւ քրիստոնէական տիեզերաստեղծ աստուածութիւնը եւս, իր երրորդութեամբ հանդերձ, համակ լոյս է, սէր ու բարութիւն.. :

Հաստատելու համար «Է»-ի աստուածային բնոյթը, մեր մեծագոյն մատենագիրներէն մէջբերենք քանի մը վաւերական վկայութիւններ:

Ա.- Կրնա՞յ պատահական ըլլալ Մեծն Նարեկացիի կարծիքը, որ ուղղակիօրէն կ՛ըսէ.

«Ինքնագոյ «Է»-ի անունը Աստուած է»:

Բ.- Մոլեռանդ հակահեթանոս եւ քրիստոնէական ջինջ հաւատքի տէր` Եզնիկ Կողբացին եւս կը յիշէ, որ.

«Է- տառը եւ մի էութիւնը մշտնջենական է եւ բոլորի գոյացման պատճառը»:

Գ- Իսկ իր ժամանակի մեծագոյն գիտնականներէն ըլլալով հանդերձ, Անանիա Շիրակացին կ՛աւելցնէ

«Ի սկզբանէ Էր «է»-ն, անխզելի եւ բացարձակ…»:

Եւ ի վերջոյ մեր միջնադարեան հոգեւորականները հետեւեալ կերպով կը բացատրեն ու կ՛իմաստաւորեն «Է»-ն:

«Է տառը անեղ (անեղծանելի)է ու անսկիզբ, անծին ու անժամանակ, անեզր եւ անմահ»:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ «Է» տառը մինչեւ հիմա մեր հոգեւոր հայրերու կողմէ կը գնահատուի ու կը մեծարուի իբրեւ ազգային հաւատքի Սրբութիւն սրբոց…

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան յանուն  Սրբութիւն սրբոց «Է»-ին:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ, հայ արդարահատոյց հերոսները ոչ միայն ձեռնարկեցին պատժել ու ոչնչացնել «չար»-ն ու աշխարհը վնասազերծել «չարութենէ», այլ նաեւ` պահել ու պահպանել աստուածային սիրոյ եւ բարութեան մարմնացումը հանդիսացող` Սրբութիւն սրբոց  «Է»-ն, որ մեր ազգային հաւատքն ու  ինքնութիւնն է…:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ, «Է»-ն արդարօրէն զետեղուած է նաեւ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին վրայ, որուն մանրակերտը պատրաստ է արդէն. կը մնայ նախաձեռնել ու իրագործել զայն:

Մոնթրէալ, 2024 ապրիլ

Յ.Գ.- «Է»- տառի եւ կամ առհասարակ «Է» հնչիւնի մասին եղած վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները այսքանով չեն սահմանափակուիր: Եթէ խորանանք հարցին մէջ, պիտի նշմարենք, որ «Է»-ի մեծարանքն ու պաշտամունքը տարածուած կը թուին ըլլալ նաեւ այլ մշակոյթներու մէջ: Օրինակի համար Շումեր-Աքքատական Էրիտու, Էնգին, Էյա կամ Հայա աստուածութիւնները, հին յունական Դելփեան սրբարանի մէկ պատին վրայ փորագրուած է «E ydos» բառը, որ կը նշանակէ «Ծանիր զքեզ «Է» ով»: Եւ կամ հին կտակարանի եբրայերէն այն նախադասութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Էհիա Աշիր Եէհիա», որ կը թարգմանուի. «Ես այն եմ, որ Է-ն է»: Այս բոլորը եւ ուրիշներ եւս իրենց հնչիւնագիրներով ու իմաստներով` թէ ի՞նչ կապ կամ առնչութիւն կրնան ունենալ«Է»-ի հետ, մանրազնինն եւ մասնագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտին: Յատուկ ուսումնասիրման ու մեկնաբանման կը կարօտին նաեւ հին յունարէն «Ego», լատիներէն «Elementa», եւ հայերէն Էակ, Էգ, (արարած իմաստով), Էութիւն, Էական, Էացում եւ Անէացում բառերը. յատկապէս վերջին երկուքը, որոնց հոմանիշները գոյութիւն չունին այլ լեզուներու մէջ, ինչպէս կը հաստատեն հայ լեզուաբաններէն շատեր: Նոյնիսկ գոյութիւն ունի բաւականին բարդ ու կնճռոտ ընկալելի «էիզմ» կրօնափիլիսոփայական (իմաստասիրական) հասկացութիւնը, որուն մասին գրուած են բազմաթիւ յօդուածներ, մենագրութիւններ եւ նոյնի՛սկ գիրքեր: Այս մասին գուցէ այլ առիթով մը անդրադառնանք… հանգամանօրէն:

Նոյնը

 

Նախորդը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.