Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ` յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23, Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը:
Սուրբ Սարգիսը հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրելի սուրբերէն է. ան ազգութեամբ յոյն էր եւ հռոմէական բանակի զօրավար էր:
Սուրբ Սարգիս, զինուորական իր պարտականութիւններուն կողքին եւ օգտուելով Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր թոյլտուութենէն, Աւետարանը կը քարոզէր, մեհեանները կը քանդէր եւ եկեղեցիներ կը կառուցէր, ինչպէս նաեւ աղքատներուն կ՛օգնէր եւ տկարները կը պաշտպանէր:
Յուլիանոս Ուրացող կայսեր գահակալութենէն ետք` 361-ին, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներ սկսան: Սուրբ Սարգիս իր որդի Մարտիրոսի հետ հեռացաւ Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն, նախ Հայաստան ապաստան գտաւ, ապա Պարսկաստան գնաց:
Սուրբ Սարգիս պարսկական բանակին մէջ ալ համբաւաւոր դարձաւ իբրեւ քաջ զօրավար: Պարսիկ զինուորներէն շատեր անոր քարոզչութեան շնորհիւ քրիստոնեայ դարձան:
Շապուհ արքայ Սուրբ Սարգիսի եւ անոր զաւկին` Մարտիրոսի հրամայեց ատրուշաններուն զոհ մատուցել: Սուրբ Սարգիս մերժեց:
Մոգերը եւ ամբոխը յարձակեցան Սուրբ Սարգիսին ու Մարտիրոսին վրայ եւ ծեծեցին զանոնք: Մարտիրոս ընդունեց մարտիրոսութեան պսակը:
Շապուհ թագաւոր Սուրբ Սարգիսը բանտ նետել տուաւ, ապա գլխատման վճիռ արձակեց:
Գլխատման պահուն երկնային լոյս մը ծագեցաւ եւ իր ցոլքերով շրջապատեց անոր մարմինը:
Պարսիկ տասնչորս զինուորներ, որոնք հաւատարիմ էին Սուրբ Սարգիսի, վերցուցին անոր մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին` թաղելու համար: Բայց Շապուհ թագաւորին հրամանով անոնք եւս գլխատուեցան:
* * *
Սուրբ Սարգիս ընտանիքներու եւ սիրահարներու պահապանն է, արագահաս եւ ամենահաս օգնական ու ապաւէն: Ան նկատուած է Հայաստան աշխարհի եւ հայութեան պահապանն ու հսկողը, որ իր հրեղէն սպիտակ ձիով իր տօնին նախորդող ուրբաթ գիշերը կը սլանայ Հայկական լեռնաշխարհի վրայէն:
Մուրազատու Սուրբ Սարգիս շնորհաբաշխ է յատկապէս Առաջաւորաց շաբաթապահքը պահողներուն նկատմամբ:
Առաջաւորաց շաբաթապահքը, Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ` երկուշաբթիէն ուրբաթ, հաստատուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք, իբրեւ նշանակ Հայաստանի հոգեւոր լուսաւորութեան: Առաջաւորաց կոչուած է իբրեւ ազդարար Մեծ պահքին, իբրեւ հայոց առաջին ազգային պահք:
Առաջաւորաց պահքի ընթացքին օրական մէկ անգամ` երեկոյեան, աղ ու հաց եւ բանջարեղէն կ՛ուտեն, իսկ շատեր երեք օր լման ծոմ կը պահեն, առանց ուտելու եւ առանց խմելու:
Աւանդութեան համաձայն, տօնին նախորդող ուրբաթ երեկոյեան աղջիկներ միասին մէկուն տունը կը հաւաքուին եւ աղի բլիթ կը ճաշակեն` հաւատալով, որ իրենց ապագայ կողակիցէն երազին մէջ ջուր կը ստանան: Աղջիկներ գիշերը բակը կամ տանիքը ամաններու մէջ լեցուած փոխինդ կը դնեն, որպէսզի Սուրբ Սարգիս անոր վրայ իր ձիու պայտին հետքերը ձգէ: Առաւօտուն անոնք իրարու կը պատմէին, որ իրենց երազին մէջ որմէ ջուր ստացան:



