Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահէ-Շաբթին Կը Մնայ

January 31, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

«Երբ մեռնինք, մեր հետքերը կը շարունակեն
այս կեանքին եւ ուրիշ մարդոց մէջ մնալ»:

Թենի Արլեն

Կաթոլիկ ընկերս` Վահէն (Էլմաճեան) այն նուիրեալ երախտաւորներէն էր, որոնք ըստ արժանւոյն չեն գնահատուած, թէեւ ինք ակնկալութիւն բնաւ չէ ունեցած:

Խոնարհ հերոս մը, որ շուրջ չորս տասնամեակ հայկական վարժարաններու մէջ (Լիբանան եւ Քանատա) պաշտօնավարած է որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն. այս արդէն ինքնին ամէն բան կ՛ըսէ:

Վահէին ծանօթանալու բախտը ունեցած եմ 1970-ականներու երկրորդ կէսին, երբ միասին Պուրճ Համուտի Համազգայինի գրական յանձնախումբին, ապա վարչութեան մաս կազմեցինք, եւ ինք ատենապետ եղաւ: Ժողովներուն Ասատուրը, Պետիկը եւ ես երբեմն չափազանցուած, անտեղի կատակներ, թեթեւսոլիկութիւն կ՛ընէինք, Վահէն ատենապետի պատշաճութիւնը, լրջութիւնը կը պահէր անգլիական շատ նուրբ սրամտութեամբ եւ ֆրանսական կազմաւորումով մը:

Զայն կ՛անուանէինք մեր «կաթոլիկ ընկերը», սակայն Վահէն չէր նեղուեր. լաւ գիտէր, որ մենք այդ նեղմտութիւնը չունէինք եւ ամէնէն կարեւորը` ինքնավստահ էր:

Համազգայինի ընդհանուր ժողովներուն մենք միշտ իր անունը կ՛առաջարկէինք, որպէս շրջանային կամ կեդրոնական վարչութեան մեր թեկնածուն, հաւատալով, որ ինք մշակութային այդ ենթահողը եւ պատրաստութիւնը ունէր, նաեւ` մտածելով, որ Պուրճ Համուտի Համազգայինի մասնաճիւղին համար պատիւ մը պիտի ըլլար անոր ներկայութիւնը այդ կազմերուն մէջ:

Վահէն ընկերային մեր կեանքին մասնակից էր եւ միշտ ներկայ կ՛ըլլար հաւաքներուն: Զ.Եագուպեանին վանին մէջ կը թխմուէինք եւ ամէն շաբաթ հարաւէն հիւսիս կը շրջագայէինք` առանց մտածելու, որ որեւէ պահու կրնար ռմբակոծում սկսիլ:

Օր մը այցելեցինք վարչութեան մեր անդամներէն Նազիկին քրոջը տունը` Զահլէ: Շատ պատուական ընտանիք մըն էր: Ամուսինը կարծես անգլիացի լորտ ըլլար: Մեծ հաճոյքով մեզ ընդունեց եւ պնդեց, որ գիշերը հոն մնանք: Ընթրիքի ատեն սկսանք սիրային, ժողովրդական, հայրենասիրական երգերու մեր ռեփերթուարը, հասանք յեղափոխական երգերու` ծածանեցինք արիւնոտ դրօշը, գրաւեցինք Պանք Օթոմանը, Ստամպուլը արեան ծով ըրինք եւ… հանգստացանք: Տնեցիները խանդավառուեցան եւ մեզի հետ երգեցին, ապա խնդրեցին, որ յաճախ այցելենք:

Քանի մը օր ետք Զոհրապ Համազգայինի ակումբին մէջ այլայլած ըսաւ.

– Ծօ՜, մարդը Զահլէի ռամկավարներուն պատասխանատուներէն է եղեր:

Վահէն թուքը կլլելով` հրահանգեց.

– Ասկէ ետք հոն միայն սիրային երգեր երգեցէ՛ք. «Սէրս գաղտնի թող մնայ» եւ այլն:

Վահէն այդ տարիներուն «թեթեւ» էր, աւելի ուշ «ծանրացաւ», ընտանիք կազմեց: Երբ կ՛առաջարկէինք կրկին միանալ  վարչութեան, կ՛ըսէր. « Հիմա տանս վարչականն եմ»:

Պէտք է նշել, որ Վահէի ատենապետութեան շրջանին Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը նախաձեռնեց երաժշտական-նուագարանային դասընթացքի, որ ապա Շրջանային վարչութիւնը որդեգրեց` հիմնելով «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը:

Մեր հասարակական կեանքին մէջ Վահէն այն անձնաւորութիւններէն էր, որոնք ազգային գործունէութեան մէջ որեւէ թերացումի մասին` առանց բառերը ծամծմելու, առանց հաշիւի, հրապարակաւ կ՛ըսեն, կը գրեն` միայն ու միայն սրբագրելու նպատակով:

Վահէին հայկականութիւնը, հայրենասիրութիւնը հռետորական, պոռոտախօս զեղումներ չունէր, այլ ներքին արմատացած ապրում էր` լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան խոր ճանաչումով, ընկալումով:

Վերջին տարիներուն  ան կը բնակէր Պիքֆայա, ուրկէ շաբաթը անգամ մը`  երեքշաբթի, կ՛իջնէր իր սիրելի Նոր Մարաշ փողոցը` հարազատները եւ բարեկամները տեսնելու: Կը հանդիպէինք Ապունայեան վաճառատան մէջ, ուր երեքշաբթին անուանակոչած էին` Վահէ-շաբթի:

Այժմ, երբ այլեւս Պիքֆայայէն բարձրացած է շատ աւելի վերեւ, ուրկէ այլեւս պիտի չիջնէ իր ծննդավայրը` Պուրճ Համուտ, մեզի համար երեքշաբթիները Վահէ-շաբթի կը մնան:

 

Նախորդը

Սահմանների Բացում` Առանց Խաղաղութեան. Վտանգներու Քարտէս

Յաջորդը

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.