ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն վաստակաշատ անդամ, Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի մէջ երկար տարիներ ծառայած, Ազգային Նուպարեան, ապա Ազգային Աբգարեան վարժարանի մէջ ուսուցչութիւն կատարած Իզապէլ Գազանճեանի յիշատակին կիրակի, 25 յունուար 2025-ին Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ Ազատամարտ ակումբին մէջ:
Ամիսներ առաջ այցելութեամբ Քանատա մեկնած Իզապէլ Գազանճեան առողջական հարցերու պատճառով չկրցաւ վերադառնալ եւ 13 յունուար 2026-ին մահացաւ Քանատա, թէեւ, ինչպէս կը վկայեն շրջանի կառոյցներու պատասխանատուները, ան պատասխանատու պաշտօններու վրայ էր եւ միշտ պատրաստակամ` շարունակելու ազգային ծառայութիւնը:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իզապէլ Գազանճեանի հարազատներուն, ընկերներուն եւ անոր հետ գործած մեծաթիւ անձերուն, որոնք պիտի զգան անոր բացակայութիւնը, որովհետեւ ան լի էր եռանդով եւ աշխատելու կորովով: Ան ըսաւ, որ հաւաքին նպատակն է յարգել Ի. գազանճեանի յիշատակը եւ անոր մասին վկայութիւններ լսել:
Այս առիթով ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ցաւ յայտնեց բարի, աշխատասէր եւ արժանապատուութեամբ Իզապէլ Գազանճեանի առյաւէտ բաժանումին համար:
«Ան իր ամբողջ կեանքը անցուց ազնիւ աշխատանքով, համբերութեամբ եւ պարտաճանաչ նուիրումով: Ան ծառայութիւնը կը նկատէր ոչ թէ պարտականութիւն, այլ կոչում. ծառայել ուրիշին, ծառայել միութեան եւ ծառայել կուսակցութեան` լուռ ու առանց ակնկալութեան: Թէեւ կեանքի պայմաններու բերումով ան առանձին մնացած էր, սակայն իր առանձնութիւնը երբեք մինակութիւն չէր, որովհետեւ ան լեցուած էր արժէքներով, ներքին լոյսով ու մարդկային ջերմութեամբ: Ան լեցուն էր նախ իր աշակերտներով, ապա իր ընկերներով-ընկերուհիներով եւ մանաւանդ` մեծաթիւ ծանօթ- բարեկամներով», վկայեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան:
Ան ըսաւ, որ Իզապէլ Գազանճեան մնայուն ներկայութիւն էր կուսակցական թէ միւթենական կեանքի մէջ` գործով եւ օրինակով, չէր սիրեր բարձրաձայն խօսքեր, այլ կը նախընտրէր օգտակար ըլլալ` իր աշխատանքով, իր ժամանակով եւ իր սրտի լայնութեամբ: Իր աշխատասիրութիւնը եւ ծառայասէր ոգին դարձան կեանքի լուռ, բայց ամուր սիւներ:
Շ. Գառնէշեան-Մխճեան դիտել տուաւ, որ Ի. Գազանճեան նաեւ մանկավարժ էր իր կոչումով եւ հոգիով: «Ան իր աշակերտներուն սոսկ գիտելիք չէր փոխանցեր, այլ մարդ կը կերտէր: Սիրով եւ համբերութեամբ դաստիարակեց սերունդներ` անոնց մէջ սերմանելով աշխատասիրութիւն, արժանապատուութիւն մարդասիրութիւն»:
Աւարտին, Իզապէլ Գազանճեանի առյաւէտ հեռացումին վիշտը ծանր նկատելով հանդերձ, ան դիտել տուաւ, որ հանգուցեալը կերտեց սիրով եւ ծառայութեամբ լեցուն այնպիսի յիշատակներ, որոնցմով պիտի յիշուի եւ մխիթարութիւն փոխանցէ, մանաւանդ որ ան գործեց առանց ցուցադրութեան, բայց եւ այնպէս, խոր ու մնայուն դրոշմ ձգեց իր սիրելիներուն, գաղափարակիցներուն եւ բոլոր ծանօթներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Ս. Յակոբ եկեղեցոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Էքմեքճեան, որ հաստատեց, թէ Իզապէլ Գազանճեանը ունէր մարդկային իւրայատուկ տուեալներ` ազնուութիւն, համեստութիւն, ընկերային նկարագիր եւ անսպառ ծառայասիրութիւն, որուն լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանան անոր ստանձնած պաշտօնները, որոնք բոլորն ալ կատարած է նուիրուածութեամբ: «Եղաւ բոլորին ընկերուհին, քոյրը, երբեմն նաեւ մայրը` օգտակար դառնալով բոլորին», նշեց ան:
Յ. Էքմեքճեան յայտնեց, որ Գազանճեան մնայուն ներկայութիւն էր նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, որուն բարերարներէն մէկն էր` լուռ ու քուլիսներու ետին, իսկ որոշ շրջան մըն ալ ստանձնեց քարտուղարութիւնը: Իզապէլ Գազանճեան միշտ գնահատող էր, նաեւ` քննադատող, որպէսզի աւելի լաւին ձգտինք ու կատարեալը ընելու ճիգ ի գործ դնենք: Ան յիշեց, որ նախորդ տարի, երբ դպրեվանքի սաները իրենց տեսուչ հայր սուրբին` Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեանի հետ մասնակցեցան Մեծ պահոց հսկումին, արարողութեան յաջորդած ընթրիքին ընթացքին հայր Պարոյր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ Իզապէլ Գազանճեան եղած է իր մանկութեան ուսուցչուհին` գուրգուրանք, գիտութիւն եւ բծախնդիր մօտեցում փոխանցելով իրեն:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Նորայր Նաճարեան, որ ըսաւ, թէ վերջին տարիներուն Իզապէլ Գազանճեան միացաւ մասնաճիւղին, սակայն ան տպաւորեց` իր ճշդապահութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, ստանձնած գործին նկատմամբ ամբողջական գիտակցութեամբ եւ մնայուն պատրաստակամութեամբ: Ան վկայեց, որ երկար ատենէ Ի. Գազանճեանի նման ծառայող չէ ունեցած մասնաճիւղը, եւ ան գնաց Քանատա` վերադառնալու եւ աշխատանքը աշխուժութեամբ շարունակելու, սակայն առողջական հարցերը այլ ձեւով տնօրինեցին:
Ընտանիքին անունով խօսք առաւ անոր զարմիկը` Գէորգ Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ գերդաստանին անդրանիկ թոռնիկը ըլլալով` Իզապէլ Գազանճեան բոլորին մեծ քոյրն էր, որ մնայուն կերպով լուսաւորեց իր շրջապատը, սակայն ինք հալեցաւ: Ան միշտ ալ քաջութեամբ դիմագրաւած է իրեն դիմաց ցցուած տարբեր դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, յաճախ առանձին, սակայն իր բարութեան շնորհիւ` միշտ ալ գտած էր իրեն նեցուկ կանգնող ու ցաւը բաժնեկցող:
Իր վկայութիւնը տուաւ նաեւ Իզապէլ Գազանճեանին հետ մանկութենէն ընկերութիւն հաստատած, միութենական թէ ակմբային կեանքին մէջ տարբեր գործունէութիւն ծաւալած Մոսիկ Պարսումեան, որ ըսաւ, թէ չկար առիթ մը, որուն մասնակից չէր ան, այնքան ներկայութիւն էր ակումբին մէջ, որ կը թուէր իր իսկական տունը հոն ըլլար: Պարսումեան յիշեց, որ լիբանանեան պատերազմական օրերուն երեկոները կը յանձնարարէին աղջիկներուն եւ կիներուն տուն վերադառնալ, բայց եւ այնպէս, Իզապէլ Գազանճեան միշտ կ՛ընդդիմանար, կը մնար ակումբը գիշերող տղոց կողքին` յայտարարելով, որ իր ճակատագիրը անոնցմէ տարբեր պէտք չէ ըլլայ: Պատերազմի թէժ տարիներուն ան միշտ պատրաստ էր` առաջին գիծի վրայ ըլլալու, հասնելու հիւանդներուն ու վիրաւորներուն, վտանգաւոր վայրերու մէջ գտնուողներուն հաց եւ ուտելիք տանելու: Մ. Պարսումեան ըսաւ, որ Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդներէն եղած է Իզապէլ Գազանճեան, որուն հետապնդումով եւ քաջալերանքով ալ ինք միացած է միութեան, որուն երդիքին տակ միասնաբար գործած են երկար տարիներ: Ան կը հաւատար ակումբ, դպրոց, եկեղեցի երրորդութեան կարեւորութեան, զայն անսասան պահելու հրամայականին, այդ պատճառով ալ ծառայեց բոլորին, իր կարելին ըրաւ` մասնակից դառնալու անոնց բարգաւաճման ու գոյատեւման: Պարսումեան յայտնեց, որ յաճախ իրեն խորհուրդ կը տրուէր ճամբորդելու եւ միանալու հարազատներուն, սակայն ան կ՛ուզէր մնալ իր սիրած միջավայրին մէջ, որուն մէկ իսկական մասնիկն էր: Խօսքի աւարտին ան ցաւ յայտնեց, որ կեանքի վերջին փուլին կարելի չեղաւ կարեկցիլ Իզապէլ Գազանճեանին, անոր կողքին գտնուիլ, ուժ ու կորով տալ անոր, որուն համար ներողութիւն խնդրեց անկէ` հաստատելով, որ հանգուցեալը արժանի է ամէն յարգանքի ու արժեւորման:


