Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դահուկարշաւ. Մոսէսով Շահեցաւ Պոսնիոյ Մէջ

January 29, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դահուկորդ Գլեբ Մոսէսով յաջող ելոյթ ունեցաւ Պոսնիոյ միջազգային մրցաշարքին` շահելով երկու մետալներ:

Քանի մը օրերու վրայ տեղի ունեցած մրցումներու ընթացքին Մոսէսով (որ ծնած է Ռուսիա) կրցաւ բաւական կայուն եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրել:

Ան առաջին օրը (23 յունուարին) 50 մասնակիցներու հսկայ սլալոմի մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց: Յաջորդ օրը, 40 մասնակիցներու կողքին նոյն տեղը (հսկայ սլալոմ) 5-րդ դիրքը գրաւեց: Աւելի ուշ պարզ սլալոմի մրցումներու 40 մասնակիցներուն մէջ ան գրաւեց 2-րդ դիրքը: Նոյն օրը այլ բլուրի վրայ ան գրաւեց 3-րդ դիրքը: Վերջին օրուան մրցումներուն հսկայ սլալոմի փակման մրցումին 66 մասնակիցներու մէջ Մոսէսով գրաւեց 7-րդ դիրքը: Այսպիսով, հայ մարզիկը միջազգային մրցաշարքին ձեռք ձգեց երկու մետալ` հաստատելով իր բարձր մակարդակը տարեշրջանի գլխաւոր մրցումներէն առաջ:

Նշենք, որ Գլիբ Մոսէսով արդէն իսկ իր անունը արձանագրած է հայկական դահուկարշաւի մարզաձեւի պատմութեան մէջ` դառնալով Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ կրցած է հասնիլ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուան: 2025-ին ան երկու ձեւերուն (սլալոմ եւ հսկայ սլալոմ) ալ մասնակցած էր աշխարհի ախոյեանութեան: Այս արդիւնքները անոր կարելիութիւն ընձեռած են շահելու ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու մասնակցելու իրաւունք` ապահովելով Հայաստանի մասնակցութիւնն ալ 2026-ի ձմեռնային Ողիմպիականին:

Հակառակ այս բոլորին, Ողիմպիական կոմիտէին հրապարակած մասնակիցներու ցանկէն կը բացակայէր Մոսէսովի անունը: Անոր փոխարէն նշուած էր մէկ այլ հայ մարզիկի` Յարութիւն Յարութիւնեանի անունը: Այս տեղեկատուութիւնը կը պահանջէ լրացուցիչ հաստատում:

Հայաստանէն Ողիմպիական խաղերու մասնակից մարզիկներու կարգին են Միքայէլ Միքայէլեան, Կայտա Գալստեան եւ սառոյցի վրայ պարող զոյգ Կարինա Յակոբովա – Նիքիթա Ռախմանին:

2026-ի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան Միլանի եւ Քորթինա տ՛Ամպեցցոյի մէջ, 6-էն 22 փետրուար:

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Կը Շարունակէ Յաղթել

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ` 92-56

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.