Աւստրալիոյ թենիսի տղոց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր մրցումին, Նովաք Ճոքովիչ «կը սուրար» դէպի… տուն, երբ իր իտալացի մրցակից Լորենցօ Միւզեթթի 3-րդ սեթին վիրաւորուեցաւ եւ կիսատ ձգեց մրցումը:
23 տարեկան թիւ 5 թենիսմեն Միւզեթթի 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթած էր առաջին երկու սեթերուն, երբ 3-րդ սեթին սկսաւ սրունքի մկանի ցաւ զգալ: Ան 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր երրորդ սեթին, եւ արդիւնքը 15-40 էր, երբ սերվիս պիտի տար, բայց ան մօտեցաւ դաշտի կեդրոն եւ ձեռնուեցաւ 38 տարեկան Ճոքովիչի (թիւ 4) հետ ու հեռացաւ դաշտէն: Ճոքովիչ իր ասպարէզին ընթացքին 13-րդ անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտական, բայց ուրախ չէր. «Չեմ գիտեր ինչ ըսեմ, բայց շատ ցաւալի է իրեն համար: Ան շատ աւելի լաւ կը խաղար, եւ ես տուն կ՛ուղղուէի այս գիշեր… Այս բաները կը պատահին, հետս ալ պատահած են քանի մը անգամ: Բայց կրան շլեմի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին 2 սեթեր շահելէ ետք եւ տիրապետելով, շատ անբախտ վիճակ մըն է: Չեմ գիտեր ինչ ըսեմ… Շուտափոյթ ապաքինում: Ինք պէտք էր յաղթէր այսօր անկասկած», ըսաւ կրան շլեմի պատմութեան առաւելագոյն տիտղոսներ շահած թենիսմեն Ճոքովիչ: Թիւ 1 դասուած Քարլոս Ալքարաս իր կարգին հասած էր կիսաւարտական` 2 ժամ 18 վայրկեանի ընթացքին, յաղթելէ ետք աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաորին (թիւ 6)` 7-5, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ թիւ 3 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւ, որ 3 ժամ 13 վայրկեան պայքարէ ետք դուրս ձգեց 20 տարեկան ամերիկացի Լէրնըր Թիենը (թիւ 29)` 6-3, 6-7, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն, թիւ 5 դասուած Էլինա Ռիպաքինա (Ղազախստան) շատ դիւրութեամբ պարտութեան մատնեց թիւ 2 լեհ թենիսվումըն Իկա Շվիանթեքը` 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով:
Ռիպաքինայի կիսաւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլա (թիւ 6), որ դուրս ձգեց իր համաքաղաքացի Ամանթա Անիսիմովան (թիւ 4)` 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով, մինչ թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա պիտի մրցի թիւ 12 դասուած Էլինա Սվեթոլինայի դէմ: Սվեթոլինա (թիւ 12) դուրս ձգած էր թիւ 3 Քոքօ Կաֆը (6-1 եւ 6-2), մինչ Սապալենքա դուրս ձգած էր 18 տարեկան Իվա Եովիչը (6-3 եւ 6-0 արդիւնքով):


