Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) կը շարունակէ իր փայլուն ելոյթները «Փի. Տապըլեու. Էլ. Ինտիա» ախոյեանութեան ընթացքին, ուր արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը:
Հնդկաստանի արհեստավարժ ըմբշամարտի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին, Թեւանեան մրցում ունեցաւ Անուշ Քումարի դէմ: Գօտեմարտը անցաւ ամբողջութեամբ հայ ըմբիշի տիրապետութեան տակ եւ վերջ գտաւ 12-0 արդիւնքով:
Աւելի կանուխ, Թեւանեան նոյնպէս տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրած էր ազրպէյճանցի մարզիկ Ալի Ռահիմզատէի, աշխարհի ախոյեանութիւններու երկու անգամ մետալակիր մոնկոլ Դումուր Դուլկա Օչերի, ինչպէս նաեւ հնդիկ Վիշալ Քալիրամանի դէմ: Հայ ըմբիշը կը ցուցադրէ կայուն եւ արդիւնաւէտ գօտեմարտ` հաստատելով իր կարգավիճակը իբրեւ իր կշիռի լաւագոյններէն մէկը:


