Աշխարհի թիւ 17-րդ դասուած հայազգի Կարէն Խաչանով, Հոնկ Քոնկի թենիսի մրցաշարքին ձախողելէ ետք անհատական մրցումներուն (Մայքըլ Էմմոհէն` 7-6, 7-6), զոյգի մրցումներուն աւելի յաջող ելոյթ ունեցաւ Անտրէ Ռուպլեւի հետ:
Արդարեւ, Խաչանով – Ռուպլեւ զոյգը կրցաւ դուրս ձգել 4-րդ դասուած Նուզա – Ռիքըլ զոյգը (7-6, 3-6 եւ 11-9), ապա Արիպաժ – Օլիվեթթի զոյգը (6-3, 3-6 եւ 10-4) եւ Քիրքով – Սթիվընզ զոյգը (7-5, 3-6 եւ 10-8)` հասնելով աւարտական:
Աւարտականին 6-4 արդիւնքով կորսնցնելէ ետք առաջին սեթը, Խաչանով-Ռուպլեւ զոյգը 6-2 արդիւնքով կրցաւ յաղթել իտալացի զոյգին` Միւզեթթի-Սոնեկոյին: Սակայն վճռական թայպրէյքի սեթին անոնք զիջեցան իտալացի զոյգին դիմաց` 10-1 արդիւնքով:
Անտրէ Ռուպլեւ անհատական մրցումներուն հասած էր կիսաւարտական, ուր պարտուած էր Լորենցօ Միւզեթթիի դէմ 6-7, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով, բայց Միւզեթթի (որ թիւ 1 դասուած էր) աւարտականին պարտութիւն կրած էր 2-րդ դասուած Ալեքսանտր Պուպլիքէն` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով:


