19 տարեկան թենիսմեն Դանիիլ Սարգսեան առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դրօշին տակ` մասնակցելով «Այ. Թի. Էֆ. Մոնասթիր» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Թունուզի մէջ:
Իր առաջին մրցումին, թիւ 1.094 դասուած Սարգսեան 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի թենիսմեն Նիքոլա Թեմմահաքը (թիւ 765): Սակայն իր երկրորդ մրցումին` սպանացի Պեռնարտօ Մունք Մեսայի դէմ, Սարգսեան տեղի տուաւ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Նախապէս Դանիիլ յայտնած էր, որ կ՛ուզէր մարզական քաղաքացիութիւնը փոխել ռուսականէն հայկականի: Մոնասթիրի մէջ այդ տեղի ունեցաւ, եւ ան այլեւս պիտի ներկայացնէ Հայաստանը միջազգային բոլոր մրցաշարքերուն:


