Վաղը ժամը 14:15-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց խումբը պիտի կատարէ տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը` առաջին դիրքը գրաւող Ժալիլ Քանայի դէմ:
Առաջին դիրքը գրաւող Ժալիլ Քանա իր երկու մրցումներն ալ յաղթած է (2-1 Ահլի Սայտայի դէմ եւ 3-1 Թաուֆիրի դէմ), մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը յաղթելէ ետք Թաուֆիրին (1-0), անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Իժթիմահիէն 4-2 արդիւնքով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կը մնայ յաղթել իր մրցակիցին` աւելի վեր բարձրանալով 5-րդ դիրքէն, անշուշտ վերջին մրցումի սխալները չկրկնելով:
Առաջին խմբակին մէջ Նահտա Այն Պաալ իր կարգին 2 յաղթանակներով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ ՀՄՄ Գ. խմբակին մէջ իր առաջին երկու մրցումները յաղթելով կը գրաւէ խմբակին առաջին դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Սաֆայի դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, որոնք պիտի կատարեն տարուան վերջին մրցումը:
3-րդ յաջորդական մրցումն է Սաֆայի դաշտին վրայ, եւ վաղուան մրցումէն ետք ՀՄԸՄ պիտի մեկնի հիւսիս` մրցելու Հարաքեթ Շապապի դէմ` 3 յունուարին (եթէ չփոխուի օրը):


