Հինգշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ գերբաժակի կիսաւարտականի առաջին մրցումը՝ ախոյեան Նափոլիի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ։Նափոլի 2-0 արդիւնքով յաղթեց շնորհիւ Տաւիտ Ներեշի եւ Ռասմուս Հոյլունտի կոլերուն։ Երկու խումբերն ալ բացականեր կային, ուր ախոյեան Նափոլիէն կը բացակայէին Քեւըն Տը Պրույնէ, Ֆրանք Անկիսա, Պիլի Կիլմուր եւ բերդապահ Ալեքս Մերեթ, մինչ Միլանէն կը բացակայէին Ռաֆայէլ Լէաօ, Սանթիակօ Խիմենես եւ Մաթէօ Կապիա։
Առաջին կիսախաղին Անթոնիօ Քոնթէի Նափոլին աւելի լաւ կը խաղար, բայց Բ. կիսախաղին Մասիմիլիանօ Ալեկրի բաւական լաւ ձեւով պատրաստած էր Միլանը, որ սակայն կոլ չկրցաւ նշանակել։
Աւարտականին Նափոլի պիտի մրցի Ինթեր Միլան-Պոլոնիա մրցումին յաղթականին դէմ։


