Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Սուրիոյ Ապագան Կախեալ Է Թել Աւիւի Հետ Ապահովական Համաձայնութենէն»

December 12, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք, մեկնաբանելով Կազայի մէջ բազմազգեան ուժին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, նշեց. «Կը կարծեմ, որ կրնայ օգնել: Անիկա Համաս շարժումը դիմակայելու կարողութիւններ ունի»:

«Թուրքիան Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական քաղաքականութիւն չունի, եւ Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումը վերջին բանն է, որուն մասին կը մտածէ», նշեց ան:

Պարրաք իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր առաջարկը այն էր, որ թրքական ուժերը կրնան կացութեան հանդարտեցման նպաստել»:

«Կը հասկնամ, թէ Իսրայէլը ինչո՛ւ ատոր չի վստահիր, սակայն այո՛, կը կարծեմ, որ ատիկա կրնայ օգնել», աւելցուց ան:

«Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Ասիկա շատ տրամաբանական է», ըսաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու հարցին` ան նշեց. «Իսրայէլ կտրուկ եւ խիստ կերպով ատոր դէմ է, եւ ատիկա անոնց տեսակէտէն դիտուած հասկնալի է»:

Պարրաք Իսրայէլին պատգամ մը յղեց` ըսելով. «Կարելի չէ ձեզ շրջապատող իւրաքանչիւր երկրի դէմ պատերազմիլ եւ յարձակում գործել: Կը հաւատամ, թէ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութեան պիտի հասնինք: Ատիկա իսրայէլեան շահերէն կը բխի»:

«Սուրիան կը գիտակցի, թէ իր ապագան կախեալ է Իսրայէլի հետ ապահովական համաձայնութենէն եւ սահմանային գօտիէն, եւ զինք յառաջ մղողը Իսրայէլի դէմ յարձակում գործելը չէ», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:

Պարրաք իսրայէլեան գործելաոճը գործնապաշտ որակելով նշեց. «7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Իսրայէլ ոչ ոքի կը վստահի: Խնդիր չկայ, օգտագործման միացեալ կեդրոնի շրջանակներ պիտի ստեղծեն: Այստեղ հրթիռներ չկան, եւ այդտեղ ալ նռնականետեր, իսկ ձայնի արագութենէն արագ եղող օդանաւերը հսկողութեան ենթակայ են: Սուրիացիները անհաւատալի ձեւով ասոր պատրաստ են»:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ջնջեց «Սիզըր»-ի Օրէնքը

Յաջորդը

Ուքրանիան Խաղաղութեան Ծրագիրի Վերջին Տարբերակին Վերաբերեալ Իր Պատասխանը Փոխանցած Է Միացեալ Նահանգներուն

RelatedPosts

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Միջազգային

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք.  Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն
Միջազգային

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն

November 9, 2026
Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային  Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող  Առանցքային Երթուղի Է»
Միջազգային

Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.