Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Վիճակաձգութեան` Ֆրանսա Եւ Նորվեկիա` Նոյն Խմբակին Մէջ

December 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ 2026-ի մոնտիալի վիճակաձգութիւնը, Ուաշինկթընի մէջ: Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալը ժամերու բաւական տարբերութեան պիտի հանդիպի` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանէն Արեւելեան շրջան արդէն իսկ 3 տարբեր ժամային գօտիներ են, եւ ՖԻՖԱ ստիպուեցաւ ուսումնասիրել մրցումներու ժամերու տարբերութիւնը, եւ եւրոպական երկիրներու պարագային մրցումները տեղի պիտի ունենան գիշերուան ժամը 8:00-էն 12:00-ի միջեւ: Անշուշտ առաւօտեան ժամերուն ալ մրցումներ տեղի պիտի ունենան ժամը 2:00-էն 6:00-ի միջեւ:

Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան գիշերուան ժամը 10:00-ին, 11:00-ին, կէս գիշերին եւ առաւօտեան 4:00-ին:

Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան ժամը 10:00-ին, մինչ 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կէս գիշերին, իսկ աւարտականը` ժամը 10:00-ին:

12 խմբակներու մէջ բաժնուեցան 42 խումբերը, մինչ մնացեալ 6 մասնակիցները պիտի յստականան մարտին տեղի ունենալիք փլէյ-օֆի մրցումներէն ետք:

9-րդ խմբակին մէջ Ֆրանսա իր դէմ պիտի ունենայ Էրլինկ Հաալանտի Նորվեկիան, Սենեկալը, ինչպէս նաեւ փլէյ-օֆէն շահած խումբ մը: Սուրինամ – Պոլիվիա մրցումին յաղթականը պիտի մրցի ընդդէմ Իրաքի, այնուհետեւ վերջնական յաղթականը պիտի միանայ 9-րդ խմբակին:

Հետաքրքրական կը թուին ըլլալ Սպանիոյ եւ Պրազիլի խմբակները, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ խմբակը:

Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Ուրուկուէյը, 8-րդ խմբակին մէջ, մինչ Պրազիլ Գ. խմբակին մէջ ունի Մարոքը: Այլ թեկնածու մը` Անգլիա, 12-րդ եւ վերջին խմբակին մէջ իր դէմ Խրուաթիան, Կանան եւ Փանաման պիտի ունենայ:

Վերջին Մոնտիալի ախոյեան (2022) Արժանթին թուղթի վրայ «դիւրին» մրցակիցներ ունի Ժ. խմբակին մէջ Ալճերիոյ, Յորդանանի եւ Աւստրիոյ հետ, մինչ Գերմանիա, Փորթուգալ եւ Նետերլանտներ համեմատաբար դիւրին մրցակիցներ ունին:

Մինչ այդ, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, որ ամիս մը առաջ «ստեղծած» էր խաղաղութեան մրցանակ մը, առանց ՖԻՖԱ-ի խորհուրդի քննարկման առանց անուանակարգերու, թեկնածուներու եւ նոյնիսկ քուէարկութեան, այդ մրցանակը յանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Ըստ երեւոյթին Թրամփը ամէն ձեւով գոհ պահելու համար Ինֆանթինօ այս մրցանակը «նուիրեց» անոր` իբրեւ փոխհատուցում, մանաւանդ որ ան «կ՛երազէր» ստանալ Նոպելեան մրցանակը եւ յուսախաբ դարձած էր` Նոպելեան կոմիտէին կողմէ անտեսուած ըլլալուն համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք վիճակաձգութեան արդիւնքները.

Ա. ԽՄԲԱԿ
Մեքսիքա, Հարաւային Ափրիկէ, Հարաւային Քորէա, ինչպէս նաեւ եւրոպական փլէյ-օֆի (Իրլանտա, Չեխիա, Դանիա կամ Մակեդոնիա) յաղթականը:

Բ. ԽՄԲԱԿ
Քանատա, Քաթար, Զուիցերիա եւ փլէյ-օֆի եւրոպական յաղթականը (Իտալիա, Հիւսիսային Իրլանտա, Կարես կամ Պոսնիա):

Գ. ԽՄԲԱԿ
Պրազիլ, Մարոք, Հայիթի եւ Սկովտիա:

Դ. ԽՄԲԱԿ
Միացեալ Նահանգներ, Փարակուէյ, Աւստրալիա, փլէյ-օֆի յաղթական (Թուրքիա, Ռումանիա, Սլովաքիա կամ Քոսովօ):

Ե. ԽՄԲԱԿ
Գերմանիա, Էքուատոր, Փղոսկրեայ Ափունք եւ Քուրասաօ:

Զ. ԽՄԲԱԿ
Նետերլանտներ, Ճափոն, Թունուզ եւ փլէյ-օֆի յաղթական (Ուքրանիա, Շուէտ, Լեհաստան կամ Ալպանիա):

Է. ԽՄԲԱԿ
Պելճիքա, Եգիպտոս, Իրան, Նոր Զելանտա:

Ը. ԽՄԲԱԿ
Սպանիա, Քափէ Վերտէ, Սէուտական Արաբիա, Ուրուկուէյ:

Թ. ԽՄԲԱԿ
Ֆրանսա, Սենեկալ, Նորվեկիա եւ փլէյ-օֆի յաղթական (Իրաք, Պոլիվիա կամ Սուրինամ):

Ժ. ԽՄԲԱԿ
Արժանթին, Ալճերիա, Աւստրիա, Յորդանան:

ԺԱ. ԽՄԲԱԿ
Փորթուգալ, Ուզպեքիստան, Քոլոմպիա եւ փլէյ-օֆի յաղթական (Նոր Քալետոնիա, Ճամայքա կամ Քոնկօ):

ԺԲ. ԽՄԲԱԿ
Անգլիա, Խրուաթիա, Կանա, Փանամա:

 

 

Նախորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» Բագրատունեան Յաղթանակով Վերադարձաւ «Ռինկ»

Յաջորդը

Ֆիտան. «Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժի Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Ներառեալ Անոր Լիազօրութեան Եւ Գործողութիւններու Կանոններուն Շուրջ»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.