Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանութեան Օր

November 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ բերքահաւաքն ու գոհաբանութիւնը հնադարեան արմատներ ունեցող արարողութիւններ են, որոնք կապուած են մարդ արարածի ամէնէն խոր զգացումներուն հետ։

Երբ հողին ընծայաբերած բերքը կը լեցնէ շտեմարանները, հողագործին սիրտը կը լեցուի խոնարհ երախտագիտութեամբ, իսկ մարդը կը կանգնի Արարիչին առջեւ՝ շնորհակալական աղօթքով։ Գոհաբանութեան օրը այս հոգեւոր կեցուածքի կենդանի արտայայտութիւնն է, օր մը, որուն մէջ կը հանդիպին հողը, քրտինքը, օրհնութիւնը եւ աղօթքը։ Պիտի փորձեմ լուսարձակի տակ առնել Գոհաբանութեան օրուան ծագումն ու պատմական զարգացման ընթացքը, անոր հոգեւոր խորհուրդն ու հայ համայնքներուն մէջ ունեցած իր առանձնայատուկ տեղը։

Գոհաբանութեան օրուան ծնունդն ու արմատները կ՛երկարին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմութեան առաջին տարիներուն։ 1621 թուականին, ուխտաւոր գաղթականները Պլիմութի մէջ, ներկայ Մասաչուսեց նահանգին տարածքին, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեցին գոհութենական խնճոյք մը տեղացի բնիկ ցեղախումբին հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով առատ բերքին եւ նոր բարեկամութեան համար։ Այս հանդիպումը կ՛ընկալուի իբրեւ համակեցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան խորհրդանիշ մը այն դժուարին պայմաններուն մէջ, որոնցմէ կը փորձէին ելք գտնել նոր աշխարհ հաստատուած գաղթականները։

Հետագային՝ 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն, ամերիկեան զանազան նահանգներ առանձին-առանձին կը նշէին Գոհաբանութեան օրերը՝ իբրեւ օրհնութեան եւ աղօթքի առիթներ։ Սակայն այդ տօնը համազգային բնոյթ ստացաւ քաղաքացիական պատերազմի բոցերուն ընդմէջէն, երբ 1863-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ապրահամ Լինքըն, նկատի ունենալով միասնութեան եւ խաղաղութեան կարիքը, նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթին հռչակեց իբրեւ ազգային Գոհաբանութեան օր։ Այս քայլը ոչ միայն կրօնական-հոգեւոր, այլեւ քաղաքական իմաստով կոչ մըն էր՝ ազգին վերամիաւորումին եւ յոյսի վերականգնումին։

20-րդ դարուն՝ 1941-ին, Քոնկրեսին որոշումով Գոհաբանութեան օրը պաշտօնապէս սահմանուեցաւ նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթի օրը, եւ այդ թուականէն ի վեր ան դարձաւ ամերիկեան հասարակութեան անբաժանելի աւանդութիւն մը՝ ընտանեկան հաւաքներու, աղօթքի, սիրոյ սեղանի եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններու օր։

Քանատայի մէջ եւս Գոհաբանութեան օրը տարածուեցաւ 19-րդ դարու վերջին։ 1957-ին Քանատայի խորհրդարանը պաշտօնապէս սահմանեց Գոհաբանութեան օրը հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ երկուշաբթին՝ իբրեւ շնորհակալութիւն արտայայտելու միջոց առ Աստուած՝ երկրին առատ բարիքներուն համար։ Ան օրինական պետական արձակուրդ մըն է գրեթէ ամբողջ երկրին մէջ՝ բացառութեամբ Փրինս Էտուարտ կղզիին, Նիւ Պրունզուիքին եւ Նովա Սքոշիային։

Գոհաբանութեան օրը հոգեւոր ցնծութեամբ կը նշուի նաեւ հայկական համայնքներուն մէջ՝ պահելով բերքահաւաքի եւ գոհաբանութեան իր խորհուրդը։ Այս տօնին առիթով հաւատացեալները իրենց հաւաքած բերքը՝ պտուղները իբրեւ գոհաբանական ընծայ կը նուիրեն եկեղեցւոյ խորանին։ Այս սովորութիւնը յատկապէս կենդանի է ծննդավայրիս՝ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած աստուածընծայ բերքը կը տրամադրուի Հայկական կուրանոցին՝ ի նշան երախտագիտութեան Աստուծոյ բաշխած օրհնութիւններուն ու համայնքային համերաշխութեան։ Իսկ ընտանեկան օճախներուն մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած ընտանիքի անդամները կը բաժնեկցին օրուան օրհնութիւնը, կը գոհանան եւ շնորհակալական խօսքերով կը բարձրացնեն իրենց աղօթքը առ Աստուած։

Գոհաբանութեան այս բարեբաստիկ տօնին առիթով եւ միշտ, մեր Տէրը առատապէս թող օրհնէ քրիստոնէութեան ակունքներէն բխած բերքահաւաքի եւ գոհաբանութեան այս տօնը, որ խորապէս առնչուած է մարդ արարածի կեանքին ու աշխատանքի պտղաբերութեան։
Գոհաբանական տօնը՝ օր մըն է նաեւ, երբ մարդ արարածը  խոնարհ երախտագիտութեամբ կը կանգնի Աստուծոյ առջեւ՝ տարուան ընթացքին իրեն շնորհուած առատ բերքին, հողին պտղաբերութեան եւ քրտնաջան աշխատանքի պարգեւին համար։
Այո՛, բերքահաւաքը ոչ միայն բնութեան պարգեւներուն արտայայտութիւնն է, այլ նաեւ հոգեւոր վերամիաւորում, ուր ընտանիքն ու ժողովուրդը կը միանան գոհութեան եւ օրհնութեան քրիստոսակեդրոն աղօթքով։
Թող բարեբաստիկ այս եզակի տօնը երախտագիտութեան, խաղաղութեան ճամբայ բանայ համայն մարդկութեան, ամբողջ հայութեան, մեր հայրենիքին, սփիւռքին եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն առջեւ։
Բարի Գոհաբանութեան օր:

Թորոնթօ
26 նոյեմբեր 2025

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Այլ Տեսակի Ներկայացումներ

Յաջորդը

Հաւատոյ Հանգանակ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.