Ռիատի մէջ տեղի ունեցող Իսլամական երկիրներու համերաշխութեան մարզական խաղերու մրցումներուն ծիրին մէջ, լիբանանահայ Ծովակ Քէօշկերեան Մուայ Թայի մարզաձեւի մրցումներու 3-րդ դիրքը գրաւեց պրոնզէ մետալ շահելով:
Արդարեւ, 45-50 քկ կշիռի մրցումներուն, Ծովակ Քէօշկերեան դուրս ձգելէ ետք եգիպտացի Զայնապ Իտրիսը եւ սէուտցի Հաթան Սէյֆը, կիսաւարտականին պարտութիւն կրեց աշխարհի թիւ 1 դասուած Ֆարաշթա Հասանզատէի դէմ եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
Քէօշկերեանի կողքին կը գտնուէր Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Սալման Աշքար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական յանձնախումբի փոխնախագահ կրանտմասթըր Սամի Քիպլաուի:


