Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պէյնի Պազըրպիթըրը Պարտութեան Մատնեց Պլէյզըրզը

Նոյեմբեր 12, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումները ընդհանրապէս հետաքրքրական եւ «տաք» էին: Ֆլորիտայի մէջ Օրլանտօ Մեճիք 14 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք երրորդ մասի վերջերուն կրցաւ դիմանալ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի 4-րդ մասի ճնշումին եւ շնորհիւ Տեզմընտ Պէյնի 3 կէտնոց կողովին յաղթեց:

Փորթլենտ, որ 11-0 յաջորդական կէտեր նշանակելով մրցումի վերջին վայրկեաններուն կրցած էր հաւասարեցնել արդիւնքը 112-ի վրայ, անակնկալի եկաւ Պէյնի 3 կէտնոց կողովէն, որուն պատասխան չէր կրնար տալ: Կողովէն 8,5 մեթր հեռուէն անակնկալ հարուածէն ետք իրաւարարը մրցումի աւարտի սուլիչը (պազըրը) սուլեց, բայց գնդակը օդին մէջ կը գտնուէր եւ բոլորը կը դիտէին կողով ուղղուող գնդակը, որ եղաւ վճռական: Պէյնի 22-րդ կէտն էր, որ վճռեց Օրլանտոյի 5-րդ յաղթանակը, մինչ Փորթլենտ կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը:

Փաուլօ Պանչերօ 28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտոյի, մինչ Փորթլենտի լաւագոյն մարզիկն էր Տենի Աւտիճա (27 կէտ):

Մայեմի Հիթ իր դաշտին վրայ պէտք ունեցաւ երկարաձգման եւ պազըր պեթըրի` յաղթելու Արեւելեան շրջանի անցեալ տարուան լաւագոյն խումբին` Քլիվլենտ Քեվելիրզին: Մրցումը վերջ գտած էր հաւասարութեամբ` 128-րդ կէտին վրայ, բայց երկարաձգումին Էնտրու Ուիկրնզի ալէյ-ուփ տանքը պազըրի պահուն վերջ դրաւ 138-138 հաւասարութեան:

Անցեալ տարեշրջանին Քլիվլենտ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Մայեմին փլէյ օֆի առաջին հանգրուանին, բայց այս տարի Մայեմի աւելի լաւ կը թուի ըլլալ եւ իր դաշտի 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է` միանալով 2012-2013 տարեշրջանի (երբ ախոյեան դարձաւ) եւ 2019-2020 եղանակի (երբ աւարտական հասաւ) խուբերու յաջողութիւններուն:

Նորմըն Փաուըլ 33 կէտ նշանակեց, Քելել Ուեր (14 կէտ եւ 20 ռիպաունտ), Էնտրու Հիկինզ (23 կէտ) եւ Քայմէ Խաքես (22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) բարձր մակարդակի մրցում ունեցան ի նպաստ Մայեմիի, խումբի մը դէմ, որ 65 3 կէտնոց կողով փորձեց նշանակել: 21 յաջող 3 կէտնոց կողովներով հանդերձ Քլիվլենտ չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը, մանաւանդ որ 3-րդ մասին Տարիըս Կարլենտ անգամ մը եւս վիրաւորուեցաւ: Տոնավըն Միչել (28 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), Տիանտրէ Հանթըր (23 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) լաւ ելոյթ ունեցան, բայց ասիկա բաւարար չէր յաղթելու Մայեմի Հիթին: Երկու խումբերը վաղը անգամ մը եւս իրար դէմ պիտի մրցին Մայեմիի մէջ:

Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա իր 38 կէտերէն 18-ն նշանակեց 4-րդ մասին եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզը առաջնորդեց 121-117 արդիւնքով յաղթանակի` Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ:

Ուեմպի 12 ռիպաունտ եւ 5 պլոք ալ ձեռք ձգեց խումբի մը դէմ, որ միայն 19 կէտ կրցաւ նշանակել 4-րդ մասին:

Սան Անթոնիօ 2021-ի մարտէն ի վեր չէր կրցած յաղթել Շիքակոյի դաշտին վրայ:

Ուեմպի դարձաւ առաջին մարզիկը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը նշանակէ եւ կը կատարէ առնուազն 35 կէտ, 10 ռիպաունտ, 5 էսիսթ, 5 պլոք եւ 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ:

Տ՛Արոն Ֆոքս 21 կէտ նշանակեց իր 2-րդ մրցումին` Սփըրզի հետ, մինչ Սթեֆըն Քեսըլ (19 կէտ եւ 11 էսիսթ) եւ Լուք Քորնեթ (16 կէտ) մեծ դեր ունէին Սփըզի յաղթանակին մէջ:

Շիքակօ իր 6-րդ մրցումին 5-րդ անգամ ըլլալով պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ եւ խաղցաւ առանց Ճոշ Կիրտիի, որ վիրաւոր էր:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Չարլոթ Հորնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 111-121
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 137-135
Օրլանտօ Մեճիք – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 115-112
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 140-138
Շիքակօ Պուլզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-121
Տալաս Մեւրիքս – Միլուոքի Պաքս 114-116
Ֆինիքս Սանզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 121-98
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-120
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Աթլանթա Հոքս 102-105

Նախորդը

Երանելի Օրերու Սպասումով…

Յաջորդը

Թրքական Ֆութպոլի Ամօթալի Վիճակը

RelatedPosts

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը  Ներկայացուած Է Բարեգործական Աճուրդին
Մարզական

Մխիթարեանի Մարզաշապիկը Ներկայացուած Է Բարեգործական Աճուրդին

Նոյեմբեր 12, 2025
Ճատրակ.  Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները
Մարզական

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Յաջող Ելոյթները

Նոյեմբեր 12, 2025
Բռնցքամարտ.  Յարութիւն Յակոբկոխեան Եւ Մանուէլ  Պետրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յարութիւն Յակոբկոխեան Եւ Մանուէլ Պետրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?