Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով. Պահպանե՛նք Հայու Տեսակը, Ազգային Արժէքները Եւ Դարաւոր Ժառանգութիւնը

September 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դպրոցը ունի յստակ ազգային առաքելութիւն: Այսօր լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու պարտքն է պատրաստել գիտութեամբ ու մարդկային արժէքներով զինուած հայեր, որոնք վաղը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր ընկերութեան զարգացման եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հայրենիքի բարգաւաճման ճիգերուն մէջ:

Անցնող տարիներու մեր ազգի դիմագրաւած նոր տագնապները` Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Արցախի յանձնումը, ապազգային մօտեցումները, հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած «բարեկամութիւնները», հոգեւոր-ազգային արժէքներու նկատմամբ անպատասխանատու եւ աւերիչ մօտեցումները, ազգային գաղափարախօսութեան սնանկացման ճիգերը եւ հայու մէկութիւնն ու տեսակը փճացնելու քայլերը ներկայիս առաւել եւս կ՛իմաստաւորեն դերը հայ դպրոցին:

Այսօրուան մեր իրականութեան մէջ հայու տեսակը` ոգին, դարաւոր ժառանգութիւնը եւ ազգային շունչը պահելու խնդիր ունինք, եւ այս առնչութեամբ հայ ուսուցիչները, կրթական մշակները եւ պատասխանատուները ստանձնած են մեծ պատասխանատուութիւն, որովհետեւ ազգերու գոյատեւման հիմքը դաստիարակութիւնն է, եւ դաստիարակութեան փոխանցման հիմնական, անփոխարինելի եւ ամբողջական կառոյցը է եւ կը մնայ հայ դպրոցը:

Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անունով կը մաղթենք, որ 2025-2026 կրթական տարեշրջանը ըլլայ մեր արժէքներու գոյատեւման տարի, եւ այս շրջագիծին մէջ կը յուսանք, որ մեր կառոյցներն ու դպրոցները կը նախաձեռնեն այլազան ծրագիրներու ու ձեռնարկներու` ստեղծելու համապատասխան մթնոլորտը:

Արցախի Պապիկն ու Մամիկը, հայութեան խորհրդանիշներէն անփոխարինելի մեր սարը` Արարատը, Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջը, Ծիծեռնակաբերդի հրեշտակները եւ մեր անմահ ու քաջարի նահատակները պէտք է դառնան մեր աշակերտներու ուշադրութեան կեդրոնը:

Բարի, ուրախ, արդիւնաւէտ ու հայկական վերամուտ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

Հայ Դատի Ամառնային Համալսարանի Երկրորդ Շրջանը Մարսէյի Մէջ

Յաջորդը

Հունգարիոյ Ազգային Խումբի Վիրաւորները Կ՛աւելնան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.