Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրական Մտահոգութիւններ

September 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից Վարուժան արքեպիսկոպոսի յօդուածաշարքին տեղ կու տանք` միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը բարձրաստիճան եկեղեցականներու դէմ կը յատկանշուի ապօրինի որոշումներով, յատկապէս  անոնցմէ ոմանց դէմ կիրարկուած ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութիւններով: Պէտք է արձանագրել, որ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ իրաւապահ մարմիններու առած քայլերը հիմնովին կը հակասեն սահմանադրութեան, որուն համապատախան յօդուածները կը շեշտեն եկեղեցի-պետութիւն անջատ ըլլալը, հետեւաբար ալ` եկեղեցւոյ գործունէութեան անկախութիւնը:

«Ա.»

Վերջերս Հայաստանը Արշակաւան է բառին բուն իմաստով: Անկախութենէն ի վեր պատկերը, առաւել կամ նուազ, նոյնն էր: Տարբեր մակարդակներու եւ տարբեր փուլերու իշխանութիւնները` անհոգ, անտարբեր, իրենց քիթին ծայրէն անդին չտեսնող կամ տեսնել չուզող արարածներ: Եսամոլ, եսակեդրոն, անձնասէր, փառասէր, հաճոյակատար, անկուշտ դրամապաշտ անձեր, որոնք պատճառ դարձան, որ հայրենիքը պարպուի, ազգային արժէքները գունաթափին: Ժողովուրդը, որուն նկարագիրը խեղաթիւրուած էր արդէն մէկ կողմէ խորհրդային իշխանապետութեան տակ եւ միւս կողմէ` օտար միջավայրերու ազդեցութեան տակ, առաւել եւս կը խաթարուի, նոր, բայց անխոհեմ ու անհեռանկար ղեկավարներու  մենատիրական հիւանդագին ձեռքերուն տակ:

Հայաստանի մէջ այսօրուան այլանդակ եւ ստուգապէս հայասպան շարժումները ուրիշ բան ցոյց չեն տար, եթէ ոչ` հոգեպէս լրիւ սնանկացած կամ վաճառուած մարդիկ, որոնք իշխանութեան գլուխ անցած փանջունիական ոգեւորութեամբ… աւերներ կը գործեն:

Վճռորոշ արարի մը առջեւ կանգնած է հայ ժողովուրդը` իր արդէն իսկ վիրաւոր հոգեկան էութեամբ, հայրենիքի  թէ սփիւռքի մէջ:

Հայաստանի մէջ կայ քիչ յայտնի, ընդհանրապէս ծածուկ գործելակերպ մը, որ սողունի մը պէս կը գործէ, կը կրծէ  եւ որեւէ ժամանակէ աւելի վատ գործելակերպերէն անդին անցած է եւ ազգը մատնած` մտահոգիչ գահավիժումի: Մեր պատմութեան մէջ շատ քիչ ղեկավարներ ունեցած է այս ժողովուրդը: Ղեկավար, որ իր հոգերը ստանձնէ, ցաւերը ամոքէ եւ իր ու իր երկրին իրավիճակը ապահովէ եւ բարելաւէ:

Ճիշդ է, իբրեւ փոքր ածու` այս ժողովուրդը օժտուած է նաեւ արութեան ձեռքբերումներով, սակայն անոնց կողքին ձախողութիւնները եղած են շատ աւելի գերակշիռ:

Մեծանուն Յ. Պարոնեան շատոնց անդրադարձած է այս ախտին եւ` հեղինակաւոր կերպով արձանագրած, որ մենք «Տիրացու ազգ» ենք: Ցաւալի, բայց իրաւ: Եղած ենք օտարամոլ ազգ մը, աւելի օտարին ծառայած, քան` մենք մեզի: Եղած ենք իրերամերժ ազգ մը, այլասէր, իր ազգակցին նախանձող, մատնիչ, դաւաճան: Եղած ենք չէրչի ազգ մը, նիւթապաշտ, նիւթով ծախուելու պատրաստ, նիւթով ծախելու մենք մեզ, մեր սրբութիւնները: Եղած ենք ազգ մը` զիրար չհասկցող, զիրար ոտնահարող, զիրար արհամարհող, դիմացինը նուաստացնելը հերոսութիւն համարող: Եղած ենք ազգ մը` դիմացինի կարծիքին վրայ թքնող, ուրիշին հետ խորհրդակցիլ չհանդուրժող, եսամոլ, գոռոզ, անձնապաշտ: Առաջին քրիստոնեայ ազգը, որ Աւետարաններէն քիլոմեթրերով հեռու մնացած է եւ կը մնայ: Յատկապէս` ազգին ղեկավար, ընտրանի տարրը:

Եղած ենք ազգ մը, որ քիչ ատեն ունեցած է Ազգային խորհրդարան, ազգին ընտրեալներու խորհրդակցական սրահ: Բայց շուտով զայն վերածած է գինետունի վայել, փողոցի զբօսարան սրճարանի, գռեհիկ, վարնոց արտայայտութիւններով ճոխ եւ այլանդակ  թատերաբեմի:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

(Շար. 1)

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ` Այնճարի Մէջ. Պարոյր Սեւակ Բանաստեղծ

Յաջորդը

Հեռակայ Հորիզոններ. Ֆրանսական Հին-Նոր Ժապաւէն

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.