Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Պատարագ` Այնթուրայի Դպրոցի Եկեղեցւոյ Մէջ

May 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, Այնթուրայի դպրոցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, զոր մատուցեց հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան` ի ներկայութեան բազմաթիւ հաւատացեալներու, ոգեկոչելու համար 300 հայ որբուկներու յիշատակը, որոնք թուրքերուն կողմէ ամէնէն վայրագ վարուելակերպին ենթարկուած էին այս դպրոցին մէջ` 1914-ի մեծ պատերազմի ընթացքին: Սրբազան ծէսի արարողապետն էր եղբ. Ճոնի Պլպլէն, երգեցողութիւնը կատարեցին մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը եւ Զմմառու վանքի ժառանգաւորները` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մանուէլ սրկ. Քէշիշեանի: Յաւելեալ երգեր ալ պատրաստած էր այս առիթով Ղազար Պետրոսեան: Զալքայի եւ Էշրեֆիէի ՀԿՄ պատանեկանը հսկեց կարգ ու կանոնին վրայ, Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներուն պատրաստած մեծ պաստառները ցուցադրուած էին եկեղեցւոյ մուտքին: Նաեւ այս առիթով հայ որբուկին նուիրուած խոշոր պաստառը կախուած էր սոյն վարժարանի մուտքին:

Այս առիթով պատարագիչ մեծաւոր հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երբ ցեղային եւ կրօնային ջարդեր տեղի կ՛ունենան տարբեր տեղեր, միթէ՞ աշխարհը լաւ կ՛ըլլայ: Երբ մէկուկէս միլիոն հայ խոշտանգուի, արդեօ՞ք միջազգային կարծիքն ու աշխարհը խիղճ կ՛ունենայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ծրագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ, կը նկատուի մարմնացում եւ իրականացում մշակուած ծրագիրի մը: Բոլոր մտածուած միջոցները գործադրուեցան, որոնց ըմբռնումը մարդկային միտքը չի կրնար տանիլ: Սակայն անոնք իրենց նպատակին չհասան, իբրեւ փաստ` մեր ներկայութիւնը այստեղ, մեր քրիստոնեայ հաւատքը, մեր գրիչը, խօսքը, մեր տրոփուն սիրտը, հայապահպանումը եւ մեր աւանդութիւններուն տէր կանգնիլը»:

«Ո՛վ լիբանանցի հայ, դուն չես կրնար կտրուիլ քու անցեալէդ եւ չես կրնար զայն մոռնալ: Իսկ եթէ մոռնաս, կը կորսնցնես քու ինքնութիւնդ, ինչ որ թուրքերը չկրցան ընել: Չես կրնար ուրանալ կրօնդ, որովհետեւ այն ազգը, որ ունեցած է նման քաջարի նահատակներ, չի կրնար անտարբեր մնալ», ընդգծեց Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան:

Յիշատակելի է փոքրիկի մը վկայութիւնը, թէ մենք չենք մոռնար մեզ նման փոքրերու խոշտանգումը այս վայրին մէջ, սակայն մենք տակաւին կանք ու պիտի մնանք հայ քրիստոնեայ: Յաւարտ Ս. պատարագին բոլորը իրենց ձեռքերը կարմիր կանթեղներ ու վարդեր բռնած թափօրով ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է խաչքար մը հայ որբուկներու գերեզմանին վրայ, եւ զանոնք հոն զետեղեցին, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2011-2012 Տարեշրջանը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։