Միջազգային քաղաքականութեան մէջ մեծ տէրութիւնները պետութեան մը հովանաւորութիւնը վայելող խմբաւորումի մը հարուածումը կ՛արտօնեն` նշեալ պետութեան փոխանցելու համար յստակ պատգամ մը. «Եթէ խօսք մտիկ չընես, յաջորդը դուն ես»:
Իրաքեան ուժերը 4 հոկտեմբեր 1990-ին գրաւեցին Քուէյթը, եւ մերժեցին այնտեղէն հեռանալ հակառակ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու պահանջներուն: Վերջինս 1990 թուականին Սուրիոյ արտօնեց ներխուժել Լիբանանի այն շրջաններ, որոնք կը գտնուէին լիբանանեան բանակի, Իրաքի աջակցութիւնը վայելող զօր.Միշէլ Աունի հրամանատարութեան տակ գտնուող զօրամասերու վերահսկողութեան տակ:
Սուրիական բանակը 13 հոկտեմբեր 1990-ին գրաւեց Պաապտայի պալատը, իսկ զօր.Աուն Ֆրանսայի օժանդակութեամբ երկրէն փախուստ տալով` ապաստանեցաւ Փարիզ:
Այս մէկը յստակ զգուշացում մըն էր` ուղղուած Իրաքի ղեկավար Սատտամ Հուսէյնին, որ սակայն չհասկցաւ, մերժեց հասկնալ, կամ անտեսեց այդ զգուշացումը: 24 փետրուար 1991-ին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ 42 դաշնակից ուժեր ձեռնարկեցին Քուէյթի ազատագրման գործողութեան: Դաշինքը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր կազմուած մեծագոյն զինուորական դաշինքն էր:
Պաղտատ դարձեալ մերժեց ամերիկեան պայմանները: Հետեւանքը եղաւ այն, որ 20 մարտ 2003-ին ամերիկեան բանակը, ընկերակցութեամբ բրիտանական, աւստրալական եւ լեհական ուժերու, ներխուժեց Իրաք եւ ի վերջոյ տապալեց երկիրի պաասական վարչակարգը, որուն ղեկավար Սատտամը 2003-ին ձերբակալուեցաւ եւ 2006-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ:
Իրան-Իսրայէլ պատերազմը կը յիշեցնէ Իրաքի օրինակը: 23 սեպտեմբեր 2024-ին իսրայէլեան օդուժը ձեռնարկեց Լիբանանի վրայ օդային յարձակումներու շարքի մը` հարուածելով Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինուորական ու ղեկավարական դիրքերը:
Իսրայէլեան օդուժը 27 սեպտեմբեր 2024-ին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում մը գործելով` ահաբեկեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սայետ Հասան Նասրալլան: Ի վերջոյ, 27 նոյեմբերին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար գոյացաւ: Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնը Թեհրանին ուղղուած առաջին զգուշացումն էր:
Շատ չանցած` 8 դեկտեմբեր 2024-ին Իրանի մէկ այլ դաշնակից մը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, ապա ամերիկեան բանակը 15 մարտէն 6 մայիս ռմբակոծեց Եմէնի մէջ Իրանի դաշնակից հուսիները: Բայցեւայնպէս, Թեհրան Օմանի միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններուն ընթացքին չբաւարարեց Ուաշինկթընի պայմանները:
Դիւանագիտական լուծումի մը համար ամերիկեան իշխանութիւններուն ճշդած 60- օրեայ պայմանաժամի աւարտէն հազիւ մէկ օր ետք, Իսրայէլ անակնկալ քայլով մը ձեռնարկեց Իրանի վրայ յարձակումներու, որոնք տեւեցին 12 օր:
Այստեղ գոյութիւն ունի ուշագրաւ իրողութիւն մը. պատերազմի 10-րդ օրը Ուաշինկթըն միջամտեց պատերազմին եւ ռմբակոծեց Իրանի հիւլէական կայանները: Երկու օր ետք զինադադար գոյացաւ: Զուգադիպութի՞ւն: Անշուշտ թէ ոչ: Իրանցիները պարզապէս անդրադարձան, թէ Սատտամի ուղիով կ՛ընթանան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ 25 յունիսին «Փոլիթիքօ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց.«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով, Թեհրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը հաւանական է, եթէ անոր ղեկավարնեը շարունակեն նոյն ուղղութեամբ ընթանալ»:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ, իր կարգին, 24 յունիսին յայտնեց, թէ Սպիտակ տան ղեկավարը երկխօսութիւն կ՛ուզէ, սակայն եթէ Իրանի կառավարութիւնը այդ ուղին չընտրէ, իրանցի ժողովուրդը, իմա` ամերիկեան կողմը, կրնայ իշխանութիւնը վարչակարգէն խլել: Անոր խօսքը հազիւ ծածկուած սպառնալիք էր:
Թրամփ զինադադարի հաստատումէն ետք արդէն յայտարարած էր, թէ վարչակարգի փոփոխութիւն չ՛ուզեր, որովհետեւ «վարչակարգի փոփոխութեան քաոս կը հետեւի, եւ իտէալապէս, չենք ուզեր այդ քաոսը տեսնել»: Այլ խօսքով, ան կ՛ըսէր. «Վարչակարգը չենք ուզեր տապալել, այլ` միայն մեր փափաքներու իրականացումը: Սակայն եթէ ստիպէք, հարցը կը փոխուի»:
Այժմ Իրանն ու Իսրայէլը իւրաքանչիւրը իր յաղթանակը կը յայտարարէ, ինչ որ զարմանալի չէ, որովհետեւ զինադադարի համաձայնութիւնները կը գոյացուին այնպիսի տարազով մը, ուր պարտուածներ ու վարկաբեկուածներ չկան, եւ իւրաքանչիւր կողմին կ՛արտօնէ պնդել, թէ յաղթանակ արձանագրած է:
Ատենոք` 1977-1978 թուականներուն, գոյութիւն ունէր «Լ՛էքոլ տէ ֆան» անունով ֆրանսական պատկերասփիւռի յայտագիր մը, որուն ընթացքին մանուկներ շաբթուան արուեստագէտին երգերը երգելով` իրարու դէմ «կը մրցէին», եւ յայտագիրի վերջաւորութեան հաղորդավարը` Ժագ Մարթանը, կը յայտարարէր. «Բոլորը յաղթած են»:
Իրանն ու Իսրայէլը նոյն տրամաբանութեամբ իրենք զիրենք յաղթական կը նկատեն, սակայն ներկայ փուլին իսկական յաղթականը Միացեալ Նահանգներն են, որոնք իրենց խաղի կանոնները կը պարտադրեն Միջին Արեւելքի մէջ, ուրկէ դուրս մղեցին ռուսերը, եւ իրանցիներուն ալ թեւերը կապուեցան:
Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ հարցը այսքանով պիտի աւարտի՞, թէ՞ իրաքեան բեմագրութիւնը շարունակուելով` կիսատէն դէպի ամբողջական կրկնութիւն պիտի ուղղուի:



