Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիսուսի Կենդանարար Մարմնոյ Հանդիսաւոր Թափօրով Պուրճ Համուտը Կը Ցնծայ Ուրախութեամբ

June 23, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը հոգեւոր անսահման ուրախութիւն ապրեցաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ին, ականատես ըլլալով խորհրդաւոր իրադարձութեան մը` չորս սրբակենցաղ մեծանուն հայերու` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Երանելի Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի խճապատկերներու օծման հանդիսաւոր արարողութեան, ձեռամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի: Այս խճապատկերները, որոնք հարստացուցին մեր եկեղեցին, ոչ միայն արուեստի գեղեցիկ գործեր են, այլեւ կենդանի յիշեցումներ` մեր ժողովուրդի հոգեւոր վերելքին, հաւատքի անսասանութեան եւ նահատակ ազգի Աստուծմով գոյատեւման վկայութեան:

Իւրաքանչիւր աշխարհահռչակ հայ սուրբ իր ուրոյն տեղը ունի Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ` Նարեկացին իր խորիմաստ աղօթքներով, Շնորհալին իր հոգեւոր եւ գրական ժառանգութեամբ, իսկ Մալոյեանն ու Քէօմիւրճեանը իրենց նահատակութեամբ` իբրեւ հաւատքի խիզախ վկաներ:

Խճապատկերներու բարերարներն էին` Մուրատեան, Նաճարեան, Պոզեան եւ Պօղոս ընտանիքները:

Սուրբ Յիսուսի սրտին նուիրուած այս օրը, Անոր սուրբ սրտին մօտիկ սուրբերու պատկերներու օծմամբ, մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է վերանորոգելու իր հաւատքը, ոգեշնչուելու այս մեծ սուրբերուն նուիրական կեանքերէն եւ Յիսուսի սրտին հարազատ ու մօտիկ կեանք ապրելու:

Սրբապատկերներու օծման յաջորդեց ս. պատարագ, զոր մատուցանեց Գրիգոր եպս. Պատիշահ առընթերակայութեամբ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի եւ Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի, ջերմեռանդութեան մասնակցեցան` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեան, փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ Կարապետ վրդ. Գըլընճեան, մայրավանքի եկեղեցւոյ լուսարար Վարդան վրդ. Ճալուֆ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Արամ վրդ. Աբրահամեան, Զմմառու ժառանգաւորները, պետական, միութենական, հայրենակցական, մշակութային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ, հաստատութիւններու տնօրէններ եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ:

Ս. խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին «Յիսուսի բարեկամ»-ները` արարողապետութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Նշան կիս. Մարաշլեանի:

Պատարագէն ետք սուրբ հաղորդութեան հանդիսաւոր թափօրը շրջեցաւ հայաբնակ Պուրճ Համուտի թաղերը` օրհնելով անոր բնակիչները «Ս. Մեսրոպ»-ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ, Յիսուսի Ս. սրտին կերպարը ներկայացնող արձանն ու խաչվառը կը տարուէին ուսամբարձ:

Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Պօղոս Արիս պողոտայ հասնելէ ետք, թափօրը թեքուեցաւ դէպի «Սարդարապատ» ակումբին թաղը եւ այնտեղէն ուղղուելով` անցաւ Արաքսէն դէպի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակը:

Մեսրոպեանի բակին մէջտեղ պատրաստուած ս. խորանի բազմոցին վրայ զետեղուեցաւ Ս. Հաղորդութիւնը եւ անոր դիմաց երկրպագութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի ս. մարմինին: Ապա հոգեւորական դասը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, իսկ հաւատացեալները շարունակեցին աղօթքը, որմէ ետք մատաղ բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խաղաղութեան Անել Խաչմերուկ

Յաջորդը

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.