Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՄՕ-ի Տնօրէնը Այցելեց «Ազդակ»

March 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Ան ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի թուային արխիւին: Խորհրդակցութիւններ եղան ելեկտրոնային արխիւի առաւել հասանելիութեան ուղիներուն, արհեստական բանականութիւնը  մամուլի մատենագիտական աշխատանքներուն օգտագործելու եղանակներուն  մասին:

Մարի Լու Փափազեան յայտնեց, որ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը կը վերադառնայ Պէյրութ` աւելի մեծ եւ ամբողջութեամբ անվճար կեդրոնով, որ նախնական փուլին  կը հիւրընկալէ 1500 ուսանող:

Ապա ան տուաւ բացատրութիւններ Պէյրութի կեդրոնի մասին: Կեդրոնը կը գտնուի Պուրճ Համուտի մայրուղիի դիմաց եւ իր դռները կը բանայ  12-18 տարեկան Պէյրութի բոլոր բնակիչներու համար` շնորհիւ Միհրան եւ Ալին Հազարեաններու աջակցութեան: Անիկա կը ներառէ հմտութիւններու բազմազան ոլորտներ` արհեստագիտութեան ոլորտներէն, ինչպիսիք են` համակարգչային ծրագրաւորումը, արհեստական բանականութիւնը եւ ռոպոթաշինութիւնը, մինչեւ արուեստի եւ ձեւաւորումի ուղղութիւններ, ներառեալ` ժապաւէններու արտադրութիւնը, գծագրային ձեւաւորումն ու  թուային երաժշտութեան ստեղծումը:

ԹՈՒՄՕ  Պէյրութը պիտի գործէ լիբանանցի ճարտարապետ Պեռնար Խուրիի նախագծած եզակի կառոյցին մէջ, որ կը համատեղէ բաց, ինքնուսուցման տարածքներ եւ վարպետութեան դասերու սենեակներ` ներառելով երաժշտական ձայնագրման բաժին, ռոպոթաշինութեան գիտաշխատանոց եւ այլ ենթակառուցուածքներ: Կեդրոնին դիրքը զայն կը վերածէ հասանելի Մեծն Պէյրութի տարբեր թաղամասերուն, ստեղծելով հանդիպման վայր` մշակութային, աշխարհագրական եւ ընկերային-տնտեսական տարբեր միջավայրերէն եկող երիտասարդներու համար: Շինարարական աշխատանքները կը սկսին յառաջիկայ ամիսներուն, իսկ կեդրոնը կը նախատեսուի բանալ 2026-ի աշնան:

Հայաստանի մէջ իր հիմնադրութենէն ի վեր ԹՈՒՄՕ-ն տարածուած է աշխարհի մէջ` եւրոպական մայրաքաղաքներէն, ինչպիսիք  են` Փարիզը, Պերլինը եւ Ամսթերտամը, մինչեւ Ճափոն, Հարաւային Ամերիկա եւ Միացեալ Նահանգներ: Այս տարի կը նախատեսուի հասնիլ հարաւային Ասիա եւ Ափրիկէ:

ԹՈՒՄՕ-ն վերջերս իր դռները բացաւ  Կապան քաղաքին մէջ եւ շուտով կը սկսի նոր կեդրոններու կառուցումը` Վանաձորի, Մարտունիի, Արմաւիրի եւ այլ շրջաններու մէջ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ կը յաճախեն ամէն շաբաթ  աւելի քան 30.000 ուսանող, եւ այս թիւը կ՛ակնկալուի կրկնապատկել յառաջիկայ երկամեակի ընթացքին:___եկան Պէյրութի բոլոր բնակիչներու համար` շնորհիւ Միհրան եւ Ալին Հազարեաններու աջակցութեան:

Նախորդը

ԶՈՄ-ը Հանդիպում Ունեցաւ Ղովմի Կուսակցութեան Երիտասարդական Ներկայացուցիչներու Հետ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.