Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ` 109-105

March 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Շիյահի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը հիւրն էր Պէյրութ Ֆըրս խումբին, ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի գծով մրցումին:

Թուղթի վրայ Պէյրութ շատ աւելի զօրաւոր խումբ մըն էր, եթէ նկատի ունենանք ազգային խումբի մարզիկներ Սերժիօ Տարուիշը, Ալի Մըզհերը, Մարք Խուրին, Ալի Հայտարը, ինչպէս նաեւ վեթերան Ալի Մահմուտը, առանց մոռնալու օտար մարզիկներ Ռիքի Լետոն, Քենեթ Քաճին եւ Քուինսի Միլըր Սքոթը:

ՀՄԸՄ, որ աւելի կը վստահի իր հիմնական հնգեակին` Ճորտըն Սթիվընզ, Եոաթ Ալոք, Աքսել Թուփան, Կապրիէլ Աճէմեան եւ Կերի Չիւիչեան, բաւական լաւ սկսաւ մրցումը` քայլ պահելով Պէյրութի հետ, մինչեւ կիսախաղ:

Շատ լաւ վիճակի մէջ էր Ճորտըն Սթիվընզ, որ 5 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` մինչեւ կիսախաղ ընդամէնը նշանակելով 31 կէտ: Առաջին մասին 1 կէտով ետ մնացած (28-27) ՀՄԸՄ 32-29 արդիւնքով տեղի տուաւ Պէյրութի դիմաց, որ կիսախաղ մտաւ 60-56 արդիւնքով:

Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը, Պէյրութ 6-7 կէտով հեռանալէ ետք ՀՄԸՄ-էն տղաքը իրենք զիրենք գտան եւ մինչեւ 3-րդ մասի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ կրցան հաւասարիլ 69-ի վրայ:

Ճորտըն Սթիվընզի լաւ ելոյթը շարունակուեցաւ եւ նշանակելով իր 43-րդ կէտը կէտերու հաշիւը հասաւ 75-79-ի ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 4-րդ մասէն առաջ:

4-րդ մասին սուր պայքարը շարունակուեցաւ, Ճորտըն Սթիվընզի 3 կէտնոց կողովներն ալ, որոնց հաշիւը հասաւ 9-ի:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը 5 կէտի առաւելութիւն ունէին մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան 38 երկվայրկեան առաջ, սակայն Պէյրութի փորձառութիւնը մեծ դեր ունէր, որ վերջինս առաջ երթայ 108-103 արդիւնքով, եւ վերջին փորձին Կապրիէլ նշանակեց 2 կէտ, որմէ ետք Սերճիօ Տարուիշ 1 կէտ աւելցուց ազատ հարուածով, եւ մրցումը վերջ գտաւ 109-105 արդիւնքով ի նպաստ Պէյրութի:

Ճորտըն Սթիվընզ 59 կէտ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն:

Կապրիէլ Աճեմեան եւ Եոաթ Ալոք 14-ական կէտեր աւելցուցին, մինչ Աքսել Թուփան 9 կէտ նշանակեց: Կերի Չիւիչեան 7 կէտ եւ Պասել Հարֆուշ 2 կէտ աւելցուց ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն: Ալոք 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սթիվընզ 11 էսիսթ իրագործեց 59 կէտերուն կողքին:

Պէյրութի լաւագոյն մարզիկն էր Սերճիօ Տարուիշ, որ 36 կէտ նշանակեց, ինչպէս նաեւ 9 էսիսթ կատարեց:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Կարեւոր Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Նափոլիի Դաշտին Վրայ. Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Յաջորդը

Քաց. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Հարաւային Սուրիան Հարաւային Լիբանանի Պէս Ըլլայ»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.