Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցավարութիւնը մասնագիտական շրջանակներու մէջ առանձին քննարկումներու նիւթ է, որովհետեւ կարծիք կայ, որ նոյնիսկ ՎԱՐ-ի հետ իրավիճակը չի փոխուիր: Սակայն «Փրեմիեր լիկ»-ի ղեկավարութիւնը այլ կարծիք ունի:
Թոնի Սքոլզ յայտարարած է, որ ՎԱՐ-ի միջոցով հիմնական որոշումներու ճշգրտութիւնը 96 տոկոսը անցած է, մինչ սխալներու թիւը նուազած է 13 տոկոսի:
Չորս դէպքերու ընթացքին խօսքը ՎԱՐ-ի սխալ միջամտութեան մասին է, իսկ մնացեալ 9 դէպքերուն ՎԱՐ-ի միջոցով սխալներու մասին է:
Միեւնոյն ժամանակ, Սքոլզ չի կարծեր, որ ՎԱՐ-ի միջամտութենէն ետք որոշումներու մասին համակիրներուն տեղեակ պահելը լաւ գաղափար է:
Վերջերս շատ քննադատութեան արժանացած էր իրաւարար Անթոնի Թէյլըր, որ 4 յունուարին Արսենալի դէմ փենալթի մը սուլած էր ի նպաստ Պրայթընի, եւ ՎԱՐ-ը չէր միջամտած:


