Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«9 Յունուար 2025-ը Պէտք Է Ըլլայ Լիբանանեան Պետութեան Նոր Ապագայ Մը Կերտելու Անկիւնաքարը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

December 11, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ զարգացումներուն, Լիբանանի մէջ հաստատուած զինադադարին եւ յետպատերազմեան շրջանին կատարուելիք աշխատանքին ու լուծումներու կարօտ տարբեր տագնապներուն:

Սուրիոյ մէջ արագընթաց զարգացումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը յանկարծակի եւ սրընթաց կերպով կատարեց այդ յարձակումը եւ այսպէս ըսուած «ազատագրում» կատարեց, «սակայն եթէ տագնապին խորքը թափանցենք, ապա պիտի տեսնենք, որ անակնկալ գոյութիւն չունի: Բոլորիս համար յստակ է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը իշխանութեան եւ յատկապէս նախագահ Պաշշար Ասատի ու անոր վարչակարգին դէմ է, սակայն հարցականը այն է, թէ զինեալ այս խմբաւորումները Թուրքիոյ դրօշը կը բարձրացնեն Հալէպի բերդին վրայ,  հակառակ անոր որ Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ ինք ոչ մէկ կապ ունի զինեալ ընդդիմութեան շարժումներուն հետ: Միւս կողմէ, զինեալ գործողութիւնները ղեկավարող Ժուլանին, որ կը գտնուի ահաբեկիչներու ցանկին վրայ, «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյց կ՛ունենայ, մինչդեռ երկիրներու նախագահներ եւ վարչապետեր, որոնք ահաբեկիչ չեն, դժուար թէ հիւրընկալուին «Սի. Էն. Էն.»-ի կողմէ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Թուրքիա ամբողջական զօրակցութիւն կը տրամադրէ շրջանին մէջ թրքական ծաւալապաշտական ծրագիրը գործադրող ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ մասնատումը կրնայ առաջնորդել ամբողջ շրջանին բաժանումին` ընդգծելով, որ Լիբանան կրնայ չբացառուիլ այդ ծրագիրէն: Բաժանումի կրնան ենթարկուիլ Սուրիան, Իրաքը, Յորդանանը, Լիբանանը եւ թերեւս նաեւ այլ շրջաններ: Անոնք կրնան բաժնուիլ փոքր գոյացութիւններու, որոնց ներքին հարցերուն միջամտութիւնը կրնայ շատ դիւրին ըլլալ:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ հաստատուած զինադադարին` Յ. Բագրատունի զայն նկատեց խախուտ եւ մտահոգիչ` շեշտելով, որ Իսրայէլ միշտ կը խախտէ զինադադարը:

Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերու բնակիչներուն տունդարձ չկատարելու իրականութեան, կասկած արտայայտելով, որ արդեօք Իսրայէլ մտադիր է վերստի՞ն յարձակում շղթայազերծել Լիբանանի դէմ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի համեմատաբար աւելի մեղմ եւ ճկուն յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը արդէն իսկ սկսած է իր ընթացքին արժեւորումը կատարել` ճշդելու համար իր արձանագրած դրական եւ ժխտական կէտերը:

«Այս մէկը անպայմանօրէն չի նշանակեր, որ Հըզպալլա իր գործունէութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ, սակայն վերարժեւորումը կը կատարէ: Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է խորհրդակցին` Լիբանանի պետութիւնը կերտելու շուրջ եւ երկրին պետական բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները ամրապնդեն` օրինական զէնքը դարձնելով բանակին սեփականութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք Հըզպալլայի ապազինումը կը պահանջեն, պէտք չէ մոռնան, որ այդ թղթածրարը զուտ լիբանանեան չէ, այլ` շրջանային: ՊԷտք է հանդարտ կերպով մտածել Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակը տակաւին գոյութիւն ունի», հաստատեց ան:

9 յունուար 2025-ի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան նոր ապագայ մը կերտելու եւ մէկ ու միակ պետականութեան մտայնութիւնը վերահաստատելու անկիւնաքարը:

«Այս շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդատու Մասաատ Պուլոսի կատարած յայտարարութիւնը, թէ լիբանանցիները երկու տարի սպասեցին եւ կրնան քանի մը ամիս ալ սպասել, կասկածներ յառաջացուցած է: Ինչո՞ւ պէտք է սպասենք», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ցարդ ոչ միայն նախագահական համախոհական թեկնածու մը չկայ, այլ` դժուարութիւն կայ անձնաւորութեան մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու: «Դժբախտաբար նաեւ կայ այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը միայն խորհրդարանի անդամներուն քուէով չէ որ պիտի ընտրուի, այլ` միջազգային զօրակցութեամբ», հաստատեց ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը մաղթեց, որ շրջանային զարգացումները պատճառ չդառնան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու, եւ Հայկական Ս. Ծնունդէն ետք` 9 յունուարին յաջողինք ընտրել հանրապետութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Իզէտտին. «Դիմադրութեան Համբերութիւնը Սահման Ունի»

Յաջորդը

Հանդիպում` Հալէպի Ռազմական Կառավարման Պատասխանատուներուն Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.