Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը 39 Ուսանողներու Մասնակցութեամբ Բացուած Յայտարարեց 2024-2025 Կրթական Տարեշրջանը

November 18, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան  հիմնական աղբիւրը:

Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, երկուշաբթի, 4 նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ (Ֆանար) տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը:

Յիշենք, որ Հայագիտական կեդրոնը արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը գործէ շաբաթական եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, կրթական յստակ ծրագիրով:

2024-2025 կրթական տարուան վերամուտը կեդրոնը դիմաւորեց 39 ուսանողներով, 21 Լիբանանէն, 18` առցանց (Գերմանիա, Քուէյթ, Սուրիա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա):

Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան յայտնեց, որ Խորէն Ա. կեդրոնը այսուհետեւ կը դառնայ գիտութեան եւ լոյսի կարօտ հայորդիներու տունը: Ան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցչական կազմին ու ուսանողներուն` շեշտելով, որ հայագիտական նիւթերու հանդէպ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը մեծագոյն բարիքը պիտի դառնայ հայապահպանութեան մեր աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ընդգծելով, որ տասնամեակէ մը աւելի գործող Հայագիտական կեդրոնը վառ ապացոյցն է մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան հանդէպ հայրապետին նախանձախնդրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ` Հայագիտական կեդրոնի յանձնախումբին, միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնց հաւաքական եւ համատեղ ջանքերով հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւոր կեդրոնի մը վերածուած է այս կեդրոնը:

Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Իր Տարբեր Ծրագիրներով Կը Միտի Առկայծ Պահել Հայկականութիւնն Ու Կենդանի` Հայոց Լեզուն

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Եկեղեցւոյ Զանգը` Հիմք Կազմաւորման

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.