Վիարէալի դէմ մրցումին, Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն վիրաւորեց իր ծունկի ետեւի կապերը եւ երկար ժամանակով հեռու պիտի մնայ դաշտերէն:
Թեր Շթեկընի աջ ծունկին ետեւի կապը ամբողջովին պատռուած է եւ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, բան մը, որ առնուազն 6 ամիսով կրնայ հեռու պահել զայն կանաչ դաշտերէն: Ասիկա շատ գէշ լուր մըն էր Գերմանիոյ ազգային խումբին համար ալ, մանաւանդ որ երկար տարիներ մնալէ ետք Մանուէլ Նոյըրի շուքին տակ, Թեր Շթեկըն եղած էր Գերմանիոյ թիւ 1-ը, Նոյըրի ազգային խումբը լքելէն ետք:
Անբախտ Թեր Շեկըն, որ 42 անգամ կրած է Գերմանիոյ ազգային խումբին շապիկը, Ազգային լիկայի բաժակի 2 մրցումներուն մասնակցած էր Նակըլզմանի մարզած ազգային խումբին հետ: «Մարքի վիրաւորուելուն լուրը ծանր էր մեզի համար: Ազգային խումբին համար վատ լուր էր ասիկա, եւ մենք իր բացակայութենէն պիտի ազդուինք դաշտին վրայ կամ դաշտէն դուրս: Անոր բարի ապաքինում կը մաղթենք եւ շուտափոյթ վերադարձ: Մենք միշտ պատրաստ ենք հետը ըլլալու` մինչեւ իր վերադարձը», ըսաւ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըլզման:
Այժմ առիթ է Ալեքսանտր Նուպելի (Շթութկարթ) եւ Օլիվըր Պաումանի (Հոֆենհայմ) համար, որ իրենց մակարդակը ցոյց տան ազգային խումբին հետ, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոչ մէկը հագած է ազգային խումբին շապիկը:
32 տարեկան Թեր Շթեկըն Պարսելոնայի խմբապետներէն մէկն է եւ Պարսելոնայի 7 մրցումներուն մասնակցած էր: Անոր կիրակի օրուան ելոյթը Վիարէալի դէմ իր 289-րդն էր Պարսելոնայի հետ եւ գրաւեց Պարսելոնայի պատմական բերդապահ Անթոնի Ռամալեթցի դիրքը (3-րդ դիրքի վրայ)` ակումբին պատմութեան առաւելագոյն ելոյթ ունեցող բերդապահներու դասաւորման մէջ:
Թեր Շթեկընի փոխանորդը Ինիաքի Փենիան է, բայց հաւանական է, որ Պարսելոնա փորձառու բերդապահի կարիք ունենայ, եւ նիւթ կայ, որ Քլաուտիօ Պրաւօ վերադառնայ ֆութպոլը լքելու իր որոշումէն` օգնելու Պարսելոնային:


