Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 69-րդ Առցանց Լսարան. «Երկլեզու Դրութիւնը Հիմնովին Կը Նպաստէ Ճանաչողական Հմտութեան Զարգացման». Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան

July 12, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 69-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 յուլիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով 18:00-ին: Դասախօսն էր ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ խօսեցաւ «Արեւմտահայերէնի կենսունակացում. խնդիրներ, առաջարկներ եւ հեռանկարներ» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նիւթը ներկայացուց` խօսելով ընկերալեզուաբանական գործօններուն, նիւթին առնչուած հետազօտութեան կորիզին ու անհետացող, վտանգուած եւ ապահով լեզուներու միջազգային դասակարգումներուն մասին:

Այնուհետեւ դասախօսը կեդրոնացաւ կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութեան վրայ, ներկայացուց իւրաքանչիւր միջավայրի իւրայատկութիւնները եւ իր կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզերու արդիւնքներէն տուաւ օրինակներ:

Խօսելով երկլեզու դրութեան մասին եւ հիմնուելով  մասնագիտական տարբեր  եզրակացութիւններու վրայ` դասախօսը հաստատեց, որ զուգահեռ ընթացող երկլեզուի տիրապետումը ճանաչողական հմտութեան հիմնովին նպաստող ազդակ կը համարուի:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկում, որուն ընթացքին լսարանին մասնակցողները, իրենց զանազան փորձառութիւններէ  մեկնած,  փորձագիտական լիցք հաղորդեցին թեմայի արծարծման: Յատկապէս լուսարձակի տակ առնուեցան` պետութեան ունեցած կամ չունեցած դերակատարութիւնը, արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը ազգային մեծ օրակարգերէն անջատելու եւ միայն անոր վրայ կեդրոնանալու մօտեցումը, սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման ու գործածական լեզուի վերածելու համար հնարաւոր ուղիները:

69-րդ լսարանի տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութոպեան ալիքին վրայ` https://youtu.be/Xstfq6oxckA

Նախորդը

Ակնարկ. 1701-ի Ուրուագծումներ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Յուլիս 2024)

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.