Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդօ Աղբարիկը

June 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Շուտով անցաւ տարի մը Անդոյին մահուան վրայէն: Իր հարազատներուն համար առնուազն, այո՛, շատ արագ անցաւ տարին: Եւ անցնող տարուան ընթացքին չեղաւ օր մը, որ չյիշէինք զինք: Ասի լաւագոյն ցուցանիշն է այն ազդեցութեան, որ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մեր վրայ:

Մահը ցաւազերծ ըրաւ Անդոն, իսկ մեզի համար` ցաւաստեղծ կամ ցաւի շարունակութիւն: Տեւաբար կը մտաբերենք ցաւերը, տառապանքը եւ իր հակազդեցութիւնը անոնց: Անդոն ոչ մէկ ցաւի արտայայտութիւն ցուցաբերեց: Ազնուական մնաց մինչեւ կեանքին վերջը, լուռ, ինչպէս իր կեանքը համակ, այլասէր` իր հարազատներուն եւ իրեն այցելութիւն տուող ընկերներուն ու բարեկամներուն որեւէ մտահոգութիւն չպատճառելու նախանձախնդրութեամբ: Իսկ այս տրամադրութիւնը մեզի կը պատճառէր աւելի ցաւ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ու կը յիշեմ հիւանդանոցի օրերը. այս հանդարտաբարոյ տղան, մնայուն շարժումի մէջ էր`   ձեռքերը, ոտքերը, գլուխը` պրկումներով եւ քերուըտուքով հանդերձ:

Ամէն մարդ կրնայ ունենալ ցաւի փորձառութիւն: Բոլորին պէս Անդոն ալ ունեցաւ այդ փորձառութիւնը: Բայց մարդ կրնա՞յ ունենալ արդեօք մահուան փորձառութիւն, այսինքն` ան-գոյի փորձառութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է ունենալ նմանօրինակ փորձառութիւն, երբ ո՛չ կը շնչէ, ո՛չ կը խօսի, ո՛չ կը շօշափէ, ո՛չ կը զգայ եւ ո՛չ կը հոտոտայ: Ինչպէ՞ս ունենալ այդ փորձառութիւնը, թէ ոտքի պիտի չելլէ ա՛լ:

Ես խորապէս կը հաւատամ, որ այո՛, Անդոն ունեցաւ  մահուան փորձառութիւն: Այդ իսկ պատճառով չեմ հաւատար անոր ամբողջական մահուան: Ներքնապէս կը զգամ, որ ան դրախտի մէջ կը գտնուի տարիէ մը ի վեր: Կարծէք դրախտը շօշափելի բան մը կը թուի Անդոյին հաշուոյն, եւ ինք շրջապատուած է մարդոցմով, որոնք գիտեն դպչիլ այլ մարդոց սիրտին, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող մարդոցմով, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հետ միաձուլուած եսամերժ մարդոցմով: Վերջապէս` իրեն պէս մարդիկ, որ բացարձակապէս չունին չարութիւն, բարի են եւ իրենք իրենց անձը չեն այլեւս, այնպէս, ինչպէս ինք ապրեցաւ այս խենէշ, նախանձով լեցուն, յափշտակող, անարդար եւ շահագործող այս աշխարհին մէջ:

Հո՛ն, այդ արտաշխարհին մէջ, Անդոն` իր գերագոյն ու մնայուն երջանկութեան հասած, պիտի հանդիպի իր ծնողքին. հայրը` խորհրդանիշ լռութեան, զոր փոխանցեց իր անդրանիկ տղուն, իսկ Անդոն` խօսակցութեան բռնուած իր մօրը հետ: Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ չէր խօսեր Անդոն: Պիտի տեսնէիք զինք, երբ խօսք կը բանար մօրը հետ` զայն շփացնելու տրամադրութեամբ: Որքա՜ն կը հրճուէր Անդոն այդ վայրկեաններուն, երբ կ՛ուրախացնէր մայրը` գուրգուրալից, մեղմ եւ ժպտուն բառերով:

Ու մենք ալ կը հրճուէինք` ի տես այդ հրճուանքին:

* * *

Երբ քաղաքապետ եղաւ Անդոն, շատ մարդիկ քննադատեցին զինք, որ յատկանշական ուսում չունի ան: Արագ եւ շուտիկ քննադատութիւն մը, որ չարամտութիւն ունէր իր մէջ` վարկաբեկելու զինք: Արդարեւ, մեր ժողովուրդին մէջ ընդհանրացած մտայնութիւն է, որ բարձրագոյն աստիճանի ուսեալը կ՛ունենայ նաեւ համապատասխան բարձր զարգացում: Բամբասանքը եւ զրպարտութիւնը քննադատութեան հետ շփոթող մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս կ՛անգիտանայ, որ գիտելիքի ամբարումը եւ զարգացումը այնքան ալ կապ չունին իրարու հետ: Մէկը ուսումնառութիւն է դպրոցին ու համալսարանին մէջ, միւսը` նկարագիրի գիծերուն հետ առնչութիւն ունի: Բայց մեր ժողովուրդին համար ուսեալն է, որ բարձր դիրքերու պէտք է հասնի:

Մարդկութեան պատմական հոլովոյթին մէջ, կողք-կողքի եղած են անհատը եւ ընկերութիւնը: Զարգացած անձնաւորութիւնը` անհատը, չի կրնար ապրիլ առանց ընկերութեան, այնպէս, ինչպէս կեանք չ՛ունենար ձուկը ջուրէն դուրս: Ճիշդ է, որ Անդոն ուսեալ չէր, բայց զարգացած էր: Իրողութիւնը այն է,  որ շատ մարդիկ մեր եւ համաշխարհային պատմութեան մէջ զարգացման բարձր մակարդակի կրնան հասնիլ առանց դպրոց կամ համալսարան յաճախած ըլլալու: Յետոյ, ո՞վ ըսաւ, թէ համալսարանական բարձրագոյն ուսում ունեցող մարդը անպայման զարգացած կրնայ ըլլալ:

Անդոն ոչ այլ ինչ էր` եթէ ոչ իր միջավայրի հարազատ ծնունդը: Ունէր մարդկային հրաշալի եւ մաքուր նկարագիր մը, կամքի տէր անհատականութիւն մը, որուն ներաշխարհին պատկերը բնաւ չէր բացայայտուեր: Անդոն նկարագիրի գիծերով իր դրոշմը դրաւ մեր ընկերութեան վրայ` իբրեւ ծայրայեղօրէն այլասէր, եսականութենէ փարսախներով հեռու եւ բոլորանուէր անձնաւորութիւն մը: Այս առումով, Անդոյին բացակայութիւնը էապէս զգալի է մեր հաւաքականութեան մէջ:

Մարդ անհատին եւ ընկերութեան յարաբերութիւնները` փոխազդեցութեան հիմքի վրայ, վիճարկելի հարց եղած են բազմաթիւ ընկերաբաններու եւ փիլիսոփաներու կողմէ: Գոյութիւն ունեցող երկու տեսակէտներն ալ ունին իրենց հիմնաւորումներն ու փաստարկումները: ԺԹ. դարու մեծ փիլիսոփաներէն եւ պատմաբաններէն` անգլիացի Թոմըս Քարլայլ կը յայտնէ, որ ազդեցիկ ու մեծ մարդիկը կը նմանին երկինքէն երկիր հասած կայծակին (դրական իմաստով գործածուած), որ կը բռնկէ մարդկային զանգուածը, որուն կու տայ ամէն ինչ` առանց անկէ չնչին բանով մը իսկ օգտուելու, որ կու տայ առանց դոյզն ակնկալիքի եւ, վերջաւորութեան, ինչպէս պիտի հաստատէր նաեւ Մեծ Մակեդոնացին` Աղեքսանդրը, երբ ամէն բան կ՛աւարտի, մարդկային հաւաքականութեան կը ձգէ այն, ինչ որ կատարած է այս աշխարհին մէջ: Անդոն ահա այս կայծակը (դրական իմաստով), այս տիպարը եղաւ, որ ինքնուրոյն անհատականութեամբ եւ անձնական օրինակով կատարեց այն բոլորը, զորս ներքնապէս կուտակած էր իր մէջ ընկերային ուժերու մղումով:

Անդոն մէկն էր` բոլորի՛ն: Աղբարիկը` իր հարազատներուն:

Լափալիսեան ճշմարտութեան պէս բան է, որ ուսեալ չէր Անդոն: Վկայականը, արդարեւ, կրնայ լաւ ասպարէզ կամ պատուաւոր տեղ տալ ընկերութեան մէջ, բայց ատով չի վերջանար հարցը: Կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք զարգացման բարձր մակարդակի հասած են` առանց դպրոց կամ համալսարան յաճախած ըլլալու, որովհետեւ մա՛րդ են, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Հակառակն ալ ճիշդ է: Բազմաթիւ համալսարանականներ կան մեր շուրջը` բարձրագոյն վկայականներով, որոնք անհրաժեշտ զարգացումը չունին, մարդ չե՛ն, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը:

Անդոն մա՛րդ էր:

Մարդկային հրաշալի եւ գերազանց վարմունք ունէր: Եւ բո՛ւն կրթութիւնը կը գտնուի վարմունքի զարգացման մէջ: Ինծի համար այդպիսի վարմունք մը, Անդոյին ունեցածին պէս, շատ աւելի նախընտրելի է «կտոր մը թուղթ» ունեցողներէն: Այդ վարմունքն էր, որ յարգանք եւ հեղինակութիւն շնորհեց Անդոյին: Այդ վարմունքն էր, որ մղիչ ուժ հանդիսացաւ իրեն` ժողովուրդին ծառայելու համար: Հանրային պատասխանատուութեան վրայ գտնուած մարդը կախեալ պէտք չէ ըլլայ իր պատկանած կրօնքէն կամ համայնքէն, կեանքին մէջ իր ունեցած դիրքէն եւ ունեցուածքէն, ոչ ալ իր քաղաքական հայեացքներէն կամ անդամակցած կուսակցութենէն, այլ կախեալ պէտք է ըլլայ իր մարդկային վարմունքէն, այնքան ատեն որ հանրութեան կը ծառայէ, որ է` ինչպէ՞ս կը վարուի մարդոց եւ հաւաքականութեան հետ:

Անդոն` քաղաքապետի պատասխանատուութեան վրայ, ծառայեց բոլորին առանց խտրութեան, իսլամին ու քրիստոնեային, հնչակեանին ու ռամկավարին, մեծին ու պզտիկին: Ան գործը կատարեց խղճմտօրէն, բա՛ն մը, որ իրեն փնտռել տուաւ նոյնիսկ անծանօթ մարդոց կողմէ: Յարաբերութիւն հաստատեց պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Իր բոլոր արժանիքներուն եւ ամբողջ վաստակին ի տես, ո՞վ արտայայտուեցաւ անոր ուսեալ ըլլալուն կամ չըլլալուն մասին, ո՞վ անդրադարձաւ անոր: Անդոյին մարդկային վարմունքն է, որ կը պակսի յաճախ – եւ հետզհետէ կը պակսի ու կը պակսի – մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ այդպիսի մօտեցումն է, որ ձեւ կու տայ մեր մտածումներուն եւ կեանքի դառն իրականութեան:

Մարդիկ կրնան մոռնալ կամ չյիշել Անդոն, բայց անպայման պիտի գայ տեղ մը, պահ մը, երբ կեանքի զանազան փորձութիւններու դիմաց պիտի ըսեն անվարան. «Անդոյի՛ն պէս»:

* * *

Կ՛ուզեմ տարբերութիւնը տեսնել Անդոյին խօսքին ու գործին միջեւ: Տարբերութիւն մը չափելու կամ կշռելու համար, երկու հասկացութիւնները – խօսք եւ գործ – նիւթական-շօշափելի առումով, պէտք է ունենան որոշ եզր: Բայց Անդոն խօսելիք չունէր, որ տարբերութիւն տեսնէինք խօսքին ու գործին միջեւ:

Չի՛ բաւեր ըսել, որ Անդոն լուռ էր եւ չէր խօսեր: Անդոն սքանչելի կարողութիւն ունէր մտիկ ընելու: Շատ մարդիկ իրենց զրուցակիցին խօսած ատեն կը մտածեն, թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տան եւ ի՛նչ պիտի խօսին: Անդոն կեդրոնացած մտիկ կ՛ընէր, ինչ-որ յարգանք, հասկացողութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ դիմացինին նկատմամբ. արժանիք մըն է այս, որ կ՛աւելնար իր ունեցածներուն վրայ: Լռելն ալ պատասխանատուութեան ստանձնումի արտայայտութիւն էր Անդոյին համար:

Անդոյին ուրբաթախօս ըլլալը կը համընկնի յոյն ստոյիկեան փիլիսոփայութեան 97-րդ օրէնքին, որ առաւելաբար կը յենի Եպիկթեթուս փիլիսոփային հետեւեալ բանաձեւումին վրայ. «Լուռ կեցիր մեծ չափով, կամ, եթէ պիտի խօսիս` ըսէ ինչ որ անհրաժեշտ է, եւ քիչ բառերու մէջ»: Ասիկա լաւագոյնս կ՛արժեւորէ լռութիւնը, ինչպէս նաեւ բառերու ընտրութիւնը խօսելու ատեն կամ ճիշդ տեղին խօսիլը, to the point, ինչպէս կ՛ըսեն անգլիացիները: Ստոյիկներուն համար լռութիւնն ալ հաղորդակցութեան միջոց մըն էր, որ յարգանք, համբերութիւն եւ խորունկ մտածողութիւն կը պարտադրէ: Չեմ գիտեր, թէ արդեօք Անդոն գաղտնօրէն յաճախա՞ծ էր Լէոնարտօ տա Վինչիի դպրոցին այն դասարանը, որուն մուտքի դրան վրայ քանդակուած էր հետեւեալ խօսքը. «Ոչ մէկ բան կրնայ զօրացնել հեղինակութիւնը, որքան լռութիւնը»: Արդարեւ, Անդոն կը խօսէր իր լռութեամբ, որուն շնորհիւ, այլ բաներու կարգին, ան վաստկեցաւ հեղինակութիւն` հեռու իշխանութիւն ունենալու կիրքէն ու մոլուցքէն, որ երբեք չունեցաւ: Որովհետեւ` անգամ մը որ իշխանութեան կիրքը մտնէ մարդկային ուղեղին մէջ, ան կը դառնայ թշնամի ճշմարտութեան, այսպէս կը հաստատէ քսաներորդ դարու մեծագոյն գիտնականը` Ալպըրթ Այնշթայն:

Անդոն այնպիսի ձեւով մտիկ կ՛ընէր, որ խօսակիցները կը սիրէին խօսիլ իրեն հետ, եւ, խօսելու պարագային, կը խօսէր այնպիսի ձեւով, որ իրեն հետ զրուցողները կը սիրէին մտիկ ընել իրեն: Բոլոր պարագաներուն, Անդոն լռութեամբ մեկնեցաւ մեզմէ անդարձ, կանուխ առաւօտ մը, առանց ձայն-ծպտուն հանելու:

* * *

Անդոյին կատարած բարիքներուն ու ծառայութիւններուն մասին չեմ ուզեր արտայայտուիլ: Շատ մարդիկ կը խօսին ատոնց մասին: Մինչեւ այսօր սակայն, չեմ կրցած հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Անդոյէն միայն բարիք ստացած մարդոցմէն ոմանք հաւանաբար կը շահագործէին զինք կամայ եւ գիտակցաբար: Շատ խօսած եմ իրեն հետ այս մասին, բայց երբեք կարեւորութիւն չէ տուած նմանօրինակ խօսքերու եւ իր բնաւորութենէն մազաչափ իսկ չէ փոխած: Գիտնալով եւ զգալով հանդերձ մարդոց շահագործելու չար դիտաւորութիւնը, Անդոն շարունակեց օգտակար ըլլալ այդ մարդոց եւ բարիք ընել: Վստահաբար, իր այս բնաւորութիւնը կարելի է մեկնաբանել ծայրայեղ միամտութեամբ, կը համարձակիմ ըսելու խռբոյութեամբ, բայց ինք երբեք չհրաժարեցաւ անկէ եւ չփոխեց զայն: Ինծի համար, մինչեւ հիմա ոչ միայն հասկնալի, այլ նաեւ ընդունելի չէ իր այս բնաւորութեան գիծը: Բայց ինք կը հրճուէր ու կ՛ուրախանար, երբ կու տար ու կու տար: Իրմէ բարիք ստացողներէն շատեր նոյնիսկ ներկայ չգտնուեցան իր մահուան հոգեհանգիստին եւ զլացան մոմ մը իսկ վառել անոր հոգւոյն հանգստութեան համար: Վստահաբար ինք պէտք ալ չունէր այդ մոմին, որովհետեւ այնքան հանգիստ էր իր հոգին այս երկրին վրայ: Այդ մարդիկը բացակայեցան նաեւ իրեն նուիրուած յիշատակի հանդէսէն, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան հոկտեմբերին:

Անդոյին այս բնաւորութիւնը որոշ չափով ինծի կը յիշեցնէ Ուիլիըմ Սարոյեանի մէկ տիպարը, որ նկարագրուած է «Մարդկային կատակերգութիւն» ինքնակենսագրական վէպին մէջ: Թաղերէն մէկուն փոքր տղաքը ամէն ամրան ծիրանի գողութեան կ՛երթային իրենցմէ ոչ շատ հեռու պարտէզէ մը: Այդ տարին կանուխ գացած էին, երբ ծիրանը հազիւ պիտի սկսէր հասուննալ, բայց այս կամ այն ծառին վրայ կարելի էր գտնել հասուն ծիրան: Պարտէզին տէրը լաւ գիտէր, որ ամէն տարուան պէս այդ տղաքը պիտի գան իր պարտէզը` ծիրան գողնալու: Ան գաղտնաբար կը հետեւէր տղոց շարժումներուն եւ տղայական անմեղ խօսակցութեանց` անտեսանելի վայրէ մը: Երբ տղաքը քանի մը ափ հասուն ծիրան քաղած կ՛ըլլան` տէրը կը յայտնուի տղոց եւ պատճառ կ՛ըլլայ, որ տղաքը խուճապի մատնուին ու փախուստ տան: Տէրը այդպէս կ՛ընէր, որպէսզի տղաքը երկրորդ անգամ, երրորդ անգամ եւ շատ անգամ գան իր պարտէզը, եւ ինք դիտէ անոնց բոլոր շարժումները, մտիկ ընէ անոնց երեխայական խօսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ականատես ըլլայ անոնց փախուստի «մարտավարութեան», որոնցմէ հաճոյք կ՛առնէր ան:

Կը թուի, թէ Անդոն, ահա, ծիրանի պարտէզին տէրն էր: Հո՛ն էր իր կեանքի մէկ երեսը, որմէ հաճոյք կ՛առնէր: Ուրեմն, մարդոց կարծածին չափ ալ միամիտ չէր Անդոն:

* * *

Անդոն ո՛չ անհատական եւ ո՛չ ալ հաւաքական կեանքին մէջ այլամերժ էր: Անհատական կեանքի մէջ մարդիկ կրնան այլամերժ ըլլալ, ասիկա մարդու տեսակ է, ապրելու յատուկ ոճ: Սակայն հաւաքական կեանքին մէջ, մանաւանդ պատասխանատու դիրքերու վրայ, այլամերժութիւնը հաւաքականութեան կամ ընկերութեան մէջ կրնայ ստեղծել անիշխանութիւն, ոչ միայն հաճելի չէ, այլ նոյնիսկ աղէտալի է:

Անդոն բացարձակապէս կը մերժէր այլամերժութիւնը, որովհետեւ ՄԵՆՔն էր, որ կը գերիշխէր իր նկարագիրին եւ մտային աշխարհին վրայ: Եսէն դէպի ՄԵՆՔ փոխակերպուելու հարց չկար, միայն ՄԵՆՔ էր ան, իրեն շնորհուած երկնառաք առաքինութիւն մը, գերազանցօրէն մարդկային:

Անդոյին այլամերժութեան ժխտումը, այլ բացատրութեամբ իր այլասիրութիւնը կամ ՄԵՆՔեան մտածողութիւնը, կը տեսնուէր թէ՛ իր անհատական կեանքին, եւ թէ հաւաքական պատասխանատուութեան գործունէութեան մէջ: Երբեք չանձնականացուց քաղաքապետութեան կամ ստանձնած այլ յանձնառութեանց իրագործումները: Քաղաքապետութեան կողմէ հոս-հոն կատարուած նուիրատուութիւնները, որ շատ են թիւով, երբեք չեղան քաղաքապետին անունով: Միշտ ՄԵՆՔն էր,  միշտ քաղաքապետութիւնն էր յաջողութիւններուն, նուիրատուութիւններուն եւ իրագործումներուն հեղինակը: Բայց մենք գիտենք, որ մեծ է իր ներդրումը եւ մասնակցութիւնը այդ բոլորին մէջ:

* * *

Անդոն իր գործերուն մէջ հետեւողականութիւն ունէր` ինքնակրթանքի, հետապնդելու կարողութեան եւ զոհողութեան ոգիի ուժով ամրացած: Այս յատկութիւնները, առաւել իր համբերատարութիւնը` երկար ժամանակի վրայ աշխատելու, իրեն տուած էին ինքնավստահութիւն: Ա՛յդ է պատճառը, որ ինքզինք երբեք մրցակից չնկատեց ոեւէ մէկուն: Իր աշխարհը ունէր: Գիտէր նախապատուութեան կարգ ճշդել իր գործերուն մէջ, երկրորդական նկատուող գործերը անջատել առաջնակարգ գործերէն:

Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս քաղաքապետութեան վերաբերող ժողովներուն կամ սեմինարներուն, Անդոն կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ: Այդպէս չըրաւ, այդ իր գործելակերպը չէր, ՄԵՆՔեան չէր, ԵՍական էր: Ամէն ինչ իր ձեռքով կամ անձամբ չուզեց կատարել: Լիազօրութիւններ կու տար քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, որպէսզի անոնք ալ փորձառութիւն ունենան պատասխանատուութիւն ստանձնելու մէջ: Նոյն անձը չէր, որ կը լիազօրուէր միշտ. կարգ հաստատած էր իր գործակիցներուն մէջ, որպէսզի միշտ յաղթական դուրս գայ ՄԵՆՔը: Այս գործելակերպին շնորհիւ, Անդոն ինքզինք շրջապատեց այնպիսի ատակ գործակիցներու խումբով, որ կազմուեցաւ դանդաղօրէն, ժամանակի ընթացքին: Ան կը հաւատար, որ հաւաքական պատասխանատուութիւն պահանջող աշխատանքի մէջ յաջողութիւնը կը կայանայ խմբակային գործելակերպին մէջ:

Անդոյին այլասիրութեան լաւագոյն ցուցանիշներէն մէկը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ մեծութիւններ եւ արժէքներ կը տեսնէր այլ մարդոց մէջ, բա՛ն մը, որ, հակառակն է եսակեդրոն գործելակերպ ունեցող պատասխանատուներուն, որոնք արժէքներ կը տեսնեն ընդհանրապէս իրենք իրենց մէջ:

ՄԵՆՔեան գործելակերպը սքանչելիօրէն կը դրսեւորէ նաեւ իր խոնարհ խառնուածքը, ինչ որ շեշտուած մնաց իր հիւանդութեան ամէնէն ծանր օրերուն: Նոյն այլասէր տղան մնաց, ըստ նախնոյն, խորապէս մարդկային տրամադրութեամբ ու փափկանկատութեամբ:

* * *

Անդոն խորապէս կը վստահէր իր ներհայեցողութեան: Ատով էր, որ կ՛առաջնորդէր իր արարքները, որոնց միջոցով կ՛ուզէր հասնիլ նպատակին: Այս չի նշանակեր, թէ այլոց տեսակէտը չէր առներ կամ սխալներ չէր գործեր: Իր ներհայեցողութիւնը որեւէ ձեւով չէր ցոլանար իր դէմքին վրայ, որուն գիծերը վստահելի աղբիւր չէին իր ներաշխարհի ալեկոծումները կամ գոհունակութիւնը բացայայտելու:

Անդոն կը ձգտէր կատարեալին. կատարելապաշտ էր, բայց նաեւ գործնապաշտ: Վախ չունէր, որ պիտի չկրնայ իրագործել իր ծրագրումները: Վախը պատճառ մը չէր, որ չդիմէ գործնական քայլերու: Կը սորվէր սխալներէն, բայց խորքին մէջ միշտ կը հաւատար, որ յառաջդիմութիւնը կը սկսի գործի անցնելով, գործելով, գործնական ըլլալով եւ ոչ միայն ծրագրելով. շարունակական եւ յարատեւ գործելով, յարմարեցումներ կատարելով իր մշակած ծրագիրներուն, միշտ սորվելով, միշտ քաջալերելով գործակիցները:

Անդոն լայն հորիզոն ունէր, որ, այլ բաներու կարգին, հանրային գետնի վրայ օգտակար անձնաւորութեան մը վերածած էր զինք: Այդպէս է, որ լիովին ի սպաս դրաւ իր ներքին բոլոր ուժերը ծաղկեցնելու իր միջավայրը, որուն զարգացման ու բարձրացման կը հաւատար ամբողջ էութեամբ, անվերապա՛հօրէն: Որքա՜ն կ՛ուրախանար մարդոց յաջողութիւնները տեսնելով, մանաւանդ անոնց, որոնց օգտակար եղած էր բարոյապէս ու նիւթապէս:

Անդոյին համար մարդ արարածը մարդո՛վ մարդ էր: Ան կը հաւատար, որ մարդկօրէն ապրիլ կարենալու համար, ամէն բանէ առաջ` պէտք է ապրիլ մարդկութեամբ,

Որ եղաւ իր կեանքը համակ:

25 յունիս 2024

Նախորդը

Յաւիտենութեան Քաղաքացին.   (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Վախճանման 25-րդ Տարելիցի Առիթով)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պրոննի Ճէյմս Միացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.