Գարուն է: Բնութիւնը հետզհետէ կը վերականգնի: Ծառերը ծաղկած են. ամէն մէկ ծառ կարծէք մէկ հարս ըլլար` ճերմակ հագած, կամ հարսնքոյր` վարդագոյն զգեստով: Դաշտի խոտերն ու մանր-մանր ծաղիկներուն ձողիկները կարծէք վիզեր ըլլային, ու անոնց վրայ մանր ծաղիկները` մէյ-մէկ վեր ցցուած գլուխներ, որոնք ամբողջ ձմեռը` ցուրտէն ու բուքէն պահուըտած գետնի տակ, գարնան առաջին արեւուն տաքուկ շողերուն հետ հողը ճեղքած` դուրս կ’ելլէին: Հապա՞ թռչուններու ճլվլոցը… երբեմն իւրաքանչիւր թռչուն ծառերու թարմ ճիւղերուն վրայ օրօրուելով` առանձին կը ճլվլայ, երբեմն մէկը միւսին ձայն կու տայ, պատասխանը ստանալով` կրկին ձայն կու տայ, ու այդպէս անոնց առաւօտեան երգը կը տարածուի թաղին մէջ:
Ես ալ կը խանդավառուիմ, բնութեան վերականգնումը զիս ալ կը վարակէ կարծէք: Կ’ուզեմ տունէն դուրս գալ: Ձմրան ծանր հագուստներս մէկ կողմ նետած, բանտի ճաղերէն դուրս փախչողի նման` ազատութիւն կը փնտռեմ բնութեան գրկին մէջ:
Հազիւ տունէն կ’ելլեմ, շուքս ինձմէ առաջ դուրս կու գայ: Նախ թաղին մէջ կ’ուզեմ քիչ մը ճեմել: Ներսիդիս փոքրիկը կ’արթննայ, կ’ուզեմ աջ-ձախ ցատկռտել, դէմքս դէպի կապոյտ երկինք կ’ուղղեմ, ու արեւուն տաքուկ շողերը երեսս կը շոյեն սիրաբար: Շուքս այս բոլորէն հիացած ու զմայլած, կամքէս եւ գիտակցութենէս անկախ` ձեռքերը ուղղահայեաց բացած, ոտքի մատներուն վրայ կը սկսի կլոր-կլոր դառնալ, անգամ մը եւս կը դառնայ, մէկ հատ ալ կը դառնայ:
– Ամօթ է, տեսնողները ի՞նչ պիտի ըսեն,- կը բարկանամ շուքիս: Ինքզինքս շտկռտելով կը շարունակեմ քալել:
Այս անգամ շուքս գոյնզգոյն թիթեռնիկ մը կը նկատէ, ոգեւորուած` կը սկսի անոր հետեւիլ ու կը փորձէ անոր հետ թռչիլ:
– Աս ի՞նչ խենթ ու խելար ձեւեր կ’ընես,- կը յանդիմանեմ զինք ու կրկին կը սաստեմ,- մարդիկ պիտի ըսեն, թէ տարիքէն ալ չ’ամչնար,- կրկին կը փորձեմ շուքս խելքի բերել եւ դէպի առաջ ճամբաս կը շարունակեմ:
Շուքս անհանգիստ վիճակի մէջ կը յայտնուի ու զզուած, ջղայնացած ձանձրացուցիչ քայլերէս` կ’ըսէ`
– Քիչ մը աւելի խանդավառ ու եռանդով չե՞նք կրնար քալել:
Հարցումը անպատասխան կը մնայ: Ո՞վ ըսաւ, որ ես գոհ եմ քալելու այս ընթացքէս, ես ալ կ’ուզեմ ցատկռտել, վազվզել ու իմ ուզած ձեւով առաջ երթալ: Ի՜նչ հոգ տարիքս: Ես ալ կ’ուզեմ շրջանակիս հաշուետու չըլլալ, բայց այդ շրջանակին մէջ ապրելու համար պէտք է անոր օրէնքներուն հետեւիմ: Իսկ եթէ շուքիս այս օրէնքներուն մասին խօսիմ, քմծիծաղով պիտի դառնայ ու ըսէ.
– Այդ օրէնքները ո՞վ դրաւ, ձգէ՛ այդ բոլորը ու եկո՛ւր ուրախ ապրինք միասին:
– ՉԷ՜, չէ՜, չեմ կրնար ազատ ապրիլ ու միայն կամքիս հետեւիլ,- կը պատասխանեմ:
– Ես ալ չեմ կրնար մտքի կալանքիդ համակերպիլ ու այդպէս ապրիլ,- կը պատասխանէ շուքս:
Մեր տան անկիւնադարձին յստակ երեւցող շուքս հետզհետէ կը սկսի անհետանալ, կարծէք կը նեղանայ ու աջ կողմս կ’երթայ: Քանի մը քայլ ետք, երբ կ’անցնիմ շէնքերու մօտէն, շուքս լրիւ կ’անհետանայ:
Աջ ու ձախ զինք կը փնտռեմ, արդեօք կորսնցուցի՞ զայն, արդեօք մտածելակերպէս խռոված` անցաւ, գնաց ու զիս մինա՞կ թողուց: Հէ՜յ վա՜խ… առանձնութեանս մէջ ի՜նչ լաւ ուղեկից էր, եթէ հիմա կրկին գտնեմ, բնաւ պիտի չնեղացնեմ զայն:
Շէնքերու աւարտին, ըհը՜, կրկին կը գտնեմ զայն, ուրախութեամբ կը բարեւեմ ու խօսք կու տամ չնեղացնել հաճելի ընկերակիցս:
– Խօսքիդ չեմ հաւատար,- կ’ըսէ ու գլուխը կախ, յուսահատ, ստիպուած կը հետեւի քայլերուս:



