Նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, հրաւէրով Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութեան փակման տօնախմբութեան եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնին:
Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին մատաղը օրհնուեցաւ ձեռամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Զմմառու միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչի տեղապահ Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի եւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի:
Հոգեւոր տէրը հայրապետական պատգամով յորդորեց ներկայ հաւատացեալները շարունակել Յիսուսի Ս. Սրտին` նուիրուած ջերմեռանդութիւնը մինչեւ յունիս ամսուան աւարտը, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ շեշտը դրաւ նմանելու Յիսուսին` ըսելով. «Այսօրուան մեր հաւաքն ու ջերմեռանդութեան կատարողութիւնը խոստում մըն է, որ նմանինք Յիսուսի Ս. Սրտին` ըլլալով իսկապէս հեզ, եղբայրասէր, բարի, գթած եւ խոնարհ: Նուիրենք մեր անձերը իրեն, ինչպէս Ինքը նուիրեց ինքզինքը մեզի բազմողորմութեամբ: Սիրենք մեր Տէրը, նաեւ սիրենք մէկս միւսը, ամբողջ էութեամբ»: Հայրապետը իր քարոզը շարունակեց` շեշտելով ս. հաղորդութեան կենսական ու հոգեւոր կարեւորութեան վրայ. «Ս. հաղորդութիւնը սոսկ հաց մը չէ, այլ իսկական մարմինն է մեր Աստուծոյն` Յիսուս Քրիստոսի, որ իսկական միս մըն է Իր մարմինէն: Երբ տարակուսեցան անոր սրբութեան եւ իսկական էութեան մասին, հետազօտարանի մէջ արդիւնքը ելաւ, որ ոչ թէ ցորենէ հաց է, այլ կենդանի բաբախուն սրտի երակի մկան է, հետեւաբար, սիրելինե՛ր, Յիսուս Իր Ս. Սիրտը տուաւ մեզի` իբրեւ հոգեւոր եւ մարմնաւոր կերակուր»: Քարոզը եզրափակեց` հրաւիրելով հաւատացեալները պահ մը լռութեան մէջ լսելու Աստուծոյ ձայնը` Յիսուսի Ս. Սրտին զարկերը:
Պատարագէն ետք սուրբ հաղորդութեան հանդիսաւոր թափօրը շրջեցաւ հայաբնակ Պուրճ Համուտի թաղերը օրհնելով անոր բնակիչները` «Ս. Մեսրոպ»-ի սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ» շեփորախումբի նուագներու առաջնորդութեամբ, Յիսուսի Ս. Սրտին կերպարը ներկայացնող արձանն ու խաչվառը ուսամբարձ շալկած էին «Բարեսիրական միութեան» ու «Բարեսէր տիկնանց միութեան» անդամները: Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Պօղոս Արիս պողոտայ հասնելէ ետք թափօրը թեքուեցաւ դէպի «Սարդարապատ» ակումբին թաղը եւ այնտեղէն ուղղուելով` անցաւ Նոր Մարաշէն դէպի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակը:
Մեսրոպեանի բակին մէջտեղ պատրաստուած ս. խորանի բազմոցին վրայ զետեղուեցաւ ս. հաղորդութիւնը եւ անոր դիմաց երկրպագութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի Ս. Մարմինին: Ապա հոգեւորական դասը, հոգեւոր տիրոջ գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, իսկ հաւատացեալները շարունակեցին աղօթքը, որմէ ետք երկինքը լուսաւորուեցաւ տօնական հրավառութեամբ, եւ մատաղ բաշխուեցաւ հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդին:


